Լեւոն Մարտիրոսեան Նշանակուած է Գանատայի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան


ԵՐԵՒԱՆ- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 12ին ստորագրած է հրամանագիր Լեւոն Մարտիրոսեանը Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Օթթաուա) նշանակելու մասին:

Հայաստանի Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով Արմէն Եգանեան ազատուած է Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն:

***

Լեւոն Մարտիրոսեան ծնած է 1976ի Փետրուար 19ին, Երեւան:

1997-1999 թուականներուն ծառայած է Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ:

1997ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը: Իրաւագէտ: 2002-ին` Մեծ Բրիտանիոյ Էսեքսի համալսարանի իրաւաբանական բա-անմունքը: Միջազգային իրաւունքի մագիստրոս:

Մասնակցած է շարք մը ծրագիրներու եւ դասընթացքներու` Ճոն Սմիթի անուան կրթական ծրագիր երիտասարդ հասարակական-քաղաքական գործիչներու համար (2000, Մեծ Բրիտանիա), «21րդ դարու առաջնորդներ» բարձրագոյն գործադիր դասընթացք (2003, Հարուըրտի համալսարանի Ճոն Քէնետիի անուան կառավարման դպրոց, ԱՄՆ), Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան «Ապագայի անհատականութիւն» քաղաքական ծրագիր (2008, Ֆրանսա): 2008ին Միացեալ Նահագներու պետական բաժանմունքի հրաւէրով մասնակցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութիւններուն որպէս միջազգային դիտորդ:

Զբաղած է իրաւաբանական մասնաւոր գործունէութեամբ:

2007ի Յուլիսին նշանակուած է Հայաստանի վարչապետի օգնական: 2008-2012 թուականներուն եղած է Հայաստանի նախագահի օգնական:

2001ին  հիմնադրած է «Երիտասարդ Դեմոկրատներու Միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը, 2003ին` «Բրիտանական շրջանաւարտներու ընկերակցութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը:

2007ին Միացեալ Ազատական Ազգային կուսակցութեան (ՄԻԱԿ) համահիմնադիր է, ՄԻԱԿի գլխաւոր քարտուղար: Նոյն թուականի Դեկտեմբերին հրաժարականի դիմումին համաձայն ազատուած է գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն: 2007ին ՄԻԱԿ խորհուրդի եւ քարտուղարութեան անդամ է:

2012ի Մայիս 6-ին Հայաստանի Ազգայի ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է համամասնական ընտրակարգով Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն:

Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ: