Լէոնարտօ Տի Քափրիօ Անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին` «Խոստումը» Ֆիլմին


Օսքարակիր դերասան Լէոնարտօ տի Քափրիօ իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` «Խոստումը» ֆիլմին:

Դերասանը իր ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին մէջ գրած է.

«Օսքար Այզեքը, Քրիսթիան Պէյլը եւ Շարլոտ լէ Պոնը` Թերի Ճորճի ղեկավարութեամբ, արտակարգ խաղ ցուցադրած են՝ թողարկուելիք «Խոստումը» ֆիլմին մէջ: Կ՛ողջունեմ ամբողջ կազմը` առասպելական արտադրող Մայք Մետովոյի գլխաւորութեամբ, որուն տաղանդն ու նուիրուածութիւնը կեանքի կոչեցին այս կարեւոր նախագիծը»:

Յիշեցնենք, որ նախապէս ֆիլմին իր աջակցութիւնը յայտնած էր երաժիշտ էլթըն Ճոնը, ինչպէս նաեւ` դերասան Սիլվեսթըր Սթալոնէն.

Բեմադրիչ Թերի Ճորճի Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմը արդէն քանի մը ամիսէ ոչ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային կինոսէրներու ուշադրութեան կենտրոնին է: Ֆիլմին մէջ նկարահանուած են Հոլիվուտեան աստղեր Օսքար Այզեք, Քրիսթիան Պէյլ, Շարլոտ լէ Պոն, ինչպէս նաեւ Հոլիվուտի մէջ յայտնի հայուհի Անժելա Սարաֆեան: