Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեան Այցելեց Թորոնթօ


Լի­բա­նա­նի Զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար Ա­ւե­տիս Կի­տա­նեան Մարտ 4ին այ­ցե­լեց Թո­րոն­թօ եւ Մոնթ­րէալ` Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս:

Նոյն օ­րը ան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Թո­րոն­թո­յի հայ հա­մայն­քին հետ՝ զե­կու­ցե­լով Լի­բա­նա­նի գա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Նա­խա­րա­րը խօ­սե­ցաւ Լի­բա­նա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան վի­ճա­կին մա­սին ը­սե­լով, թէ վեր­ջին շրջա­նին Լի­բա­նան կ’ապ­րի հա­մե­մա­տա­բար խա­ղաղ շրջան մը՝ շնոր­հիւ երկ­րի նա­խա­գա­հին եւ վար­չա­պե­տին հա­մա­խո­հու­թեան: Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ որ­պէս Լի­բա­նա­նի հա­ւա­տա­րիմ քա­ղա­քա­ցի­ներ՝ վա­յե­լե­լով յար­գան­քը բո­լոր ու­ժե­րուն:

Կի­տա­նեան ա­սոր ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը նկա­տեց Լի­բա­նա­նի նա­խա­գահ Մի­շէլ Աու­նի վեր­ջերս Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը:

Նա­խա­րար Կի­տա­նեան յայտ­նեց, որ 2000 թո­ւա­կա­նէն ի վեր Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է եր­կու ե­րես­փո­խան­ներ Լի­բա­նա­նի Խորհր­դա­րա­նէն ներս: Այժմ սա­կայն, պայ­ման­նե­րը փո­խո­ւած են եւ ընտ­րու­թեանց օ­րէնք­նե­րը նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ կ’ըն­ձե­ռեն լի­բա­նան­հա­յու­թեան: Այս պատ­ճա­ռով պէտք է ա­մէն ճիգ ի գործ դնենք ե­րեք կամ չորս ե­րես­փո­խան­ներ խորհր­դա­րա­նին մէջ ու­նե­նա­լու հա­մար:

Ան քա­ջա­լե­րեց Գա­նա­տա ապ­րող լի­բա­նա­նա­հա­յե­րը կա­տա­րե­լու ի­րենց քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը՝ ը­սե­լով․ «Գրան­ցո­ւե­լու ճշդո­ւած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ան­բա­ւա­րար նկա­տե­լով՝ ներ­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն կար զայն եր­կա­րաձ­գե­լու, սա­կայն քա­ղա­քա­կան կարգ մը ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ պատ­ճառ դար­ձան եր­կա­րաձ­գու­մին խա­փան­ման: Հե­տե­ւա­բար, սպա­սո­ւած ար­դիւնք­նե­րուն չկրցանք հաս­նիլ: Կը մտա­ծո­ւին նոր մի­ջոց­նե­րու մա­սին՝ հա­մալ­րե­լու քո­ւէար­կող­նե­րու պա­հան­ջո­ւած թի­ւը»:

Ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ բո­լոր գրան­ցո­ւող­նե­րը Ապ­րիլ 29ին ուղ­ղո­ւին քո­ւէա­կեդ­րոն­ներ եւ ի­րենց քո­ւէն տան ուղ­ղա­կի Դաշ­նակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րուն:

Ան նաեւ ը­սաւ, որ ա­նոնց ո­րոնց լի­բա­նա­նեան փաս­տա­թուղ­թերն ու ան­ցա­գիր­նե­րը ի զօ­րու չեն այ­լեւս, դես­պա­նա­տու­նը դիւ­րու­թիւն­ներ կ’ըն­ծա­յէ նո­րո­գե­լու եւ նոր ան­ցա­գիր­ներ ա­պա­հո­վե­լու շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մը (մէկ շա­բաթ) մէջ եւ գրե­թէ անվ­ճար (1000 լ­.ո):

Ան յայտ­նեց, որ քո­ւէար­կե­լու հա­մար Օթ­թաո­ւա մեկ­նե­լու հար­ցը լու­ծո­ւած է. քո­ւէա­կեդ­րոն­ներ պի­տի նշա­նա­կո­ւին Մոնթ­րէա­լի եւ Թո­րոն­թո­յի մէջ:

Նշենք, թէ Դաշ­նակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րու ընտ­րա­տա­րածք­ներն են Պէյ­րութ մայ­րա­քա­ղա­քը, Մա­թը­նի շրջանն ու Այն­ճա­րը:

Ան կոչ ուղ­ղեց գա­նա­տա­ցի լի­բա­նա­նա­հա­յե­րուն վեր­ջին ճի­գը չխնա­յել՝ ի նպաստ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան եւ ազ­գա­յին շա­հե­րուն: