Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեան Պիտի Այցելէ Գանատա


Յառաջիկայ օրերուն Լիբանանի Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան իր առաջին այցելութիւնը պիտի կատարէ Գանատա։ Այցելութեան ընթացքին նախարար Կիտանեան գանատահայ գաղութին իրազեկ պիտի պահէ Լիբանանի մօտակայ ընտրութիւններուն՝ գանատաբնակ լիբանահայերու քուէարկութեան մասին:

Գանատահայ գաղութին հետ նախարարին իրազեկման հանդիպումները նախատեսուած են՝ Կիրակի Մարտ 4-ի յետմիջօրէի ժամը 2։00-ին՝ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ եւ նոյն օրուան երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ:

Նշենք, որ Յառաջիկայ Մայիսին, Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան 2018 թուականի երեսփոխանական ընտրութիւններ։ Վերոնշեալ ընտրութիւններուն, Լիբանանի խորհրդարանի որոշումով, առաջին անգամ ըլլալով արտասահման ապրող լիբանանցիները իրաւունք պիտի ունենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարել՝ քուէարկելով իրենց բնակած վայրերուն մէջ:

Լիբանանի հայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր՝ կարեւոր է լիբանանեան քաղաքացիութեան տէր բոլոր գանատահայերուն մասնակցութիւնը վերոնշեալ իրազեկման հանդիպումներուն։