Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Լիպիական «Այն» կայքը կը տեղեկացնէ` Լիպիոյ արեւելեան շրջանի ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը որդեգրած է միջազգային յարաբերութիւններու եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտուլ Հատի Հուէյճի առաջարկը` ընդունիլ 1915ին՝ Օսմանէան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:

Կառավարութիւնը մամուլի հաղորդագրութեամբ կը յայտնէ, որ ներկայիս Լիպիոյ նախարարներու խորհուրդի օրէնսդրական տնօրէնութիւնը աշխատանք կը տանի բանաձեւելու որոշումը,  որուն համաձայն, Լիպիոյ մէջ այսուհետեւ ամէն տարի Ապրիլ 24ին պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: