«Խոստումը»՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ուսուցանելու Յանդուգն Միջոց


Կարին Սաղտըճեան


Վերջապէս հասաւ այն պահը, երբ հայկական կողմը յաղթահարեց տարիներէ ի վեր Ցեղասպանութիւնը գլխաւոր ֆիլմի մը նիւթը դարձնելու քաղաքական եւ ֆինանսաւորման բոլոր արգելքները:

Գտնուեցաւ այն օրինակելի հայը, յանձինն Քըրք Քրքորեանի, որ անկարելին դարձուց կարելի՝ իր նիւթական կարողութեամբ յաղթահարելով Հոլիուտի դժկամութիւնը: Եւ գտնուեցաւ այն յանդուգն բեմադրիչը՝ Թերի Ճորճ, բարդ թեմաներէ չխուսափողը, որ յանձն առաւ մարտահրաւէրը: Գտնուեցան նաեւ բարձրագոյն որակի դերասաններ, որոնք «այո» ըսին ցարդ խնդրայարոյց նկատուող դերերուն:

Եւ այսպիսով համախոհներու այս բանակը՝ զինուած նկարահանման եւ արտադրութեան լաւագոյն միջոցներով ճամբայ հանեց «Խոստումը» ֆիլմին ծրագիրը եւ զայն հասցուց Հիւսիսային Ամերիկայի ֆիլմի սրահները՝ առանց գլխաւոր արգելքի:

Ի՞նչ իրագործեց, կամ տակաւին կ՛իրագործէ «Խոստումը».

Նախ պէտք է ընդունիլ, որ Հոլիուտի ֆիլմի քննադատները մեծ ծափողջոյններով չընկալեցին ֆիլմը, անոր տալով միջակ բարենիշներ: Քննադատուեցաւ անոր պատմական ծաւալուն, բայց ոչ դիպուկ տրամա ըլլալը, հապճէպ կատարուած ըլլալը, իր ծաւալուն նիւթին բերումով հանրածանօթ դերասանները շուքի մէջ ձգելը եւ ընդհանրապէս տեւողութիւնը՝ 2 ժամ 12 վայրկեան:

Սակայն, անոր արտադրիչներուն իսկ վկայութեամբ՝ «Խոստումը» չի ձգտիր ապահովելու շահ կամ անպայման ֆիլմի քննադատներուն բարենիշները:

Ֆիլմը, որ տակաւին կը ցուցադրուի սինեմայի սրահներուն մէջ, կը թուի որ մեծ Box Office Hit պիտի չըլլայ, ոչ ալ մեծ գումարներ պիտի ապահովէ զայն արտադրողներուն: Իրականութեան մէջ բոլոր հաւաքուած գումաները պիտի երթան միջազգային մեծ բարեգործական ծրագիրներու եւ կազմակերպութիւններու: Այս քայլը եւս ծրագրուած է՝ առաւելագոյնն զօրակցութիւն ապահովելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին:

«Խոստումը» ֆիլմին գերագոյն նպատակը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին նպաստելն է. անոր արտադրիչները բազմիցս յայտնեցին, թէ անիկա մեծ ծրագիրի մը մէկ մասն է, որուն կ՛ընկերակցի վաւերագրականներ եւ որուն պիտի հետեւի նաեւ այլ արտադրութիւններ եւ կողմնակի ծրագիրներ:

Աննախընթաց է, այն տարողութիւնը եւ հասանելիութիւնը, զորս ունի «Խոստումը» այսօր: Տարիներ ազգովին աշխատեցանք Ցեղասպանութիւնը մութ անկիւնէ մը դուրս բերելու, լոյս սփռելու վրան, արծարծելու զայն համաշխարհային հանրութեան առջեւ, բայց բնաւ այսքան առատաձեռօրէն առիթը չտրուեցաւ հայկական կողմին որքան՝ հիմա, այս ֆիլմին միջոցով:

Ֆիլմը միջազգային լրատուական միջոցներու աննախընթաց ուշադրութեան առարկան դարձաւ նաեւ իր հանդէպ ծաւալած համացանցային թրքական արշաւին պատճառով, ինչ ոչ ծառայեց անոր յաւելեալ ծանուցումին:

Կարելի է ըսել, թէ «Խոստումը» անկիւնադարձ մըն է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին մէջ: Անիկա գլեց անցաւ ցարդ տարուած յաղթանակները (որոնք ինքնին գնահատելի են) եւ թեման դուրս բերաւ լուսանցքայնութենէ եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան առջեւ զայն ամրագրեց իբրեւ՝ 20րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութիւնը: