«Խոստումը» Ֆիլմի Ցուցադրութիւն Հալէպի Մէջ


ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հայ Դատի Սուրիոյ յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ՝ Մայիս 4ին, Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ «Խոստումը» ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը, «Զահրաա» պատկերասրահին մէջ, ներկայութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու, Հալէպի պետական համալսարանի պատասխանատուներու, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, արաբ հասարակական գործիչներու, քրիստոնեայ համայնքապետներու, հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու:

Արաբերէն բացման խօսքով Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ֆուատ Իզմիրլի յայտնեց, որ շարժապատկերները միջոցներ են ժողովուրդներու դատը ներկայացնելու եւ պատմութենէն դասեր քաղելու համար: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին մէկէ աւելի ֆիլմեր պատրաստուած են, վերջինը «Խոստումը» ժապաւէնն է, որ պատրաստուած է Սպանիա, խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ՝ զերծ մնալու համար նման ծրագիրներու ուղղուած թրքական ճնշումներէն:

Ապա Իզմիրլի ներկայացուց «Խոստումը» շարժապատկերը, դիտել տալով որ անիկա կը միտի Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան ներկայացնել: Աւարտին ան ըսաւ. «Եկէ՛ք միասնաբար դիտենք եւ պահենք մեր խոստումը: Խոստում, որ նահատակներու արիւնը ի զուր պիտի չանցնի, խոստում՝ դատապարտելու ոճրագործները, մինչեւ որ դադրեցնեն իրենց ցեղասպանական արարքները եւ մանաւանդ արդար հատուցում կատարեն: Մենք, մեր խոստումով, թոյլ պիտի չտանք որ աշխարհը լուռ մնայ որեւէ ցեղասպանական արարքի դիմաց, յատկապէս որ 102 տարի ետք ականատեսը դարձանք անոր կրկնութեան, այս անգամ Սուրիոյ մէջ»:

«Խոստումը» Հալէպի մէջ պիտի շարունակուի ցուցադրուիլ 15 յաջորդական օրերու ընթացքին։