Ծառուկեան Պիտի Սատարէ Փաշինեանին. ՀՅԴն Հաւանաբար Պաշտպանէ Փաշինեանի Թեկնածութիւնը


Այսօր յայտնի դարձաւ, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան  ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրուի եւ պիտի սատարէ Նիկոլ Փաշինեանին` որպէս թեկնածու:

Ան հեռուստալրագրող  Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքի  յայտարարեց, որ իրենք միաձայն պիտի ընտրեն ժողովուրդի թեկնածուին․ «Սա ժողովուրդի յաղթանակն է, մենք մեր վրայ չենք վերցներ այդ յաղթանակը»:

Ենթադրելի է, որ , Հայ Յեղափոխական Դանշակցութիւնը նոյնպէս  պաշտպանէ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան յատնած է, որ  Հայաստանի Ազգային Ժողովին կողմէ վարչապետի թեկնածուի հարցի քննարկման ժամանակ, ՀՅԴն ենթադրելի է, որ պաշտպանէ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը՝ ՀՀ վարչապետի պաշտօնին համար։

Այս որոշումը կը բխի նախապէս տարածուած ՀՅԴ Գերագոյ Մարմինի յայտարարութեան տրամաբանութենէն, յայտնած է ան։