Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ամէնամեայ «Ծաղկահաւաք»ը


ԵՐԵՒԱՆ․ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ, Ապրիլ 26ին, տեղի ունեցաւ «Ծաղկահաւաք»ը, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի։ Միջոցառման մասնակիցները անմար կրակին մօտ բերուած ծաղիկները կը հաւաքեն, ցօղունը կ՛անջատեն ծաղկաթերթերներէն: Ցօղունէն պարարտանիւթ կը պատրաստուի, իսկ ծաղկաթերթերը կը օգտագործուին վերամշակուած թուղթ պատրաստելու համար: Յատուկ արհեստագիտութեամբ պատրաստուած ձեռակերտ թուղթը կը նուիրաբերուի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

«Ծաղկահաւաք»ին կը  մասնակցէին հասարակական, միջազգային, մասնաւոր ու պետական ոլորտներու ներկայացուցիչներ, աշակերտներ, ուսանողներ եւ կամաւորներ։