Կապուտիկեանի Հետ Շփուող Իւրաքանչիւր Մարդու Համար Ան Կենդանի Օրինակ Էր. Այսօր Նոյն Զգացումը Կը Թեւածէ Բանաստեղծուհիին Տուն- Թանգարանին Մէջ


Սիլվա Կապուտիկեանի աշխատասենեակը։

Սալբի Սաղտըճեան


«Զուր  է անարդիւնք ամէն մի յոբելեան, անցեալ վաստակի ամէն մի արժեւորում, եթէ ան չի ծառայում ներկային, չի օգնում մեր ժողովուրդի հոգեւոր նորոգմանը»։
Սիլվա Կապուտիկեան

2019ին կը նշենք 20րդ դարու ամէնէն յայտնի հայ կիներէն մէկուն՝ բանաստեղծուհի, գրող, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ Սիլվա Կապուտիկեանի 100ամեակը։

Սիլվա Կապուտիկեան ծնած է 20 Յունուար 1919ին, Երեւանի մէջ, վանեցի գաղթական ընտանիքի յարկին տակ։ 14 տարեկանին գրած է իր առաջին բանաստեղծութիւնը։ Ունեցած է բեղուն ստեղծագործական կեանք՝ ձգելով գրական հսկայ ժառանգութիւն։

Վստահ, երբ Սիլվա Կապուտիկեանի անունը լսենք, առաջինը մեր մտքին կու գայ անոր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը։ 1943ին գրուած խօսքերը թէեւ ուղղուած էին իր որդիին՝ Արային, սակայն, ան Հայ լեզուն սիրելու, պահելու, փայփայելու եւ կենդանի պահելու լաւագոյն պատգամը տուաւ հայ սերունդներուն՝ յատկապէս սփիւռքի մէջ, ուր հայերէնը յարատեւ նահանջի մէջ է։

Թանգարանի նախասրահէն մաս մը, ուր ցուցադրուած յուշանուէրները Կապուտիկեան ստացած է սփիւռքի գաղութներ այցելութեան ժամանակ։

Այսօր անոր յիշատակը կենդանի պահող կեդրոններէն մին անոր տուն թանգարանն է, ուր ցուցադրուած իւրաքանչիւր իր ունի բանաստեղծուհիին հետ կապուած յուշ ու պատմութիւն։ Տուն -թանգարանը, որ կը գտնուի իր իսկ անունը կրող փողոցին մէջ, եղած է անոր բնակարանը, ուր ան ապրած է կեանքի վերջին 30 տարիները։ Թանգարանի վերածուած է 2009ին՝ իր կտակին համաձայն։ Նախամուտքի պատին կախուած է պէյրութահայ վարպետներու ձեռագործ այբուբէնը, որուն իւրաքանչիւր տառին մէջ փորագրուած է անոր յայտնի  բանաստեղծութեան բառերը․ «․․․Ու տես որդիս, ուր էլ լինես, այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս, թէ մօրդ անգամ մտքից  հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»։  Նոյն տողերով յուշանուէր մը ան ստածած է Երուսաղէմ այցելութեան ժամանակ։ 1962էն սկսեալ Կապուտիկեան Խորհրդային Հայաստանէն դուրս եկող առաջին ծիծեռնակն է, որ այցելեց Սփիւռքի գաղութներ՝  Միջին Արեւելք, Հիւսիսային եւ Հարաւային ամերիկաներ, Եւրոպա, նոյնիսկ հասաւ մինչեւ Եթովպիա։ Ան հոգեւոր սնունդ տուաւ սփիւռքի մէջ հայրենիքով ապրող հայութեան։  Այդ ուղեւորութենէն ծնունդ առին բազմաթիւ յուշագրական գործեր, որոնցմէ են՝ «Քարաւանները դեռ քայլում են», «Խճանկար հոգու եւ քարտէզի գոյներից», «Քարաւանները հեռանում են», «իմ կածանը աշխարհի ճանապարհներին»:

Թանգարանի յուշային հատուածները՝ ննջարան-աշխատասենեակը, հիւրասենեակը եւ շքամուտքը մնացած են այնպէս, ինչպէս բանաստեղծուհիին կենդանութեան օրօք։ Գրասեղանը, ուր ան ստեղծագործած է, հիւրասեղանը, ուր իրեն հիւր եղած են բազմաթիւ անուանի մտաւորականներ՝ Աւետիք Իսահակեան, Պարոյր Սեւակ, Վազգէն Ա․ Կաթողիկոս, Նայիրի Զարեան, Գուրգէն Մահարի եւ ուրիշներ։

Թանգարանի վարիչ Արմենուհի Տէմիրճեան, որ անձամբ ծանօթ եղած է բանաստեղծուհիին՝ մեծ սիրով եւ պատկառանքով կը խօսի անոր մասին։ Ան կը նշէ, որ Կապուտիկեան ոչ միայն մեծ բանաստեղծ ու գրող էր, այլ նաեւ՝ մեծ մարդ։ Անոր հետ շփուող իւրաքանչիւր մարդու համար ան կենդանի օրինակ էր՝ իր խաղաղութեամբ, միեւնոյն ժամանակ՝ իր խիզախութեամբ։

Թանգարանը  բանաստեղծուհիին ծննդեան օրը՝ Յունուար 20ին, անոր շիրիմին մօտ կազմակերպած է խնկարկում եւ ծաղիկներու զետեղում, որուն  ներկայ եղած է նաեւ պետական վերնախաւը։ Գրողներու Միութեան մէջ կազմակերպուած յեբելենական յուշ-երեկոյին թողարկուած է «Մեծանուն հայեր. Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100ամեակը» անունով դրոշմաթուղթը։ Թանգարանը, յոբելեանին առիթով, տպագրած է շատ խորհրդանշական գիրք մը, որ կը կոչուի «Մեղուները»։ Հրաւէր ուղարկած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի արուեստի դպրոցներուն, որպէսզի աշակերտները Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ ստեղծագործեն։ Հաւաքուած են հարիւրաւոր՝ մէկը միւսէն գեղեցիկ՝ նկարներ, որոնցմէ 150ը 100 բանաստեղծութիւններու հետ ամփոփուած է գիրքին մէջ։  «Մեղուիկներու ժրաջան աշխատանքի շնորհիւ սոյն ընտրանիի ստեղծման մասնակցած են համայն հայութեան երեխաները․․․։ Անոնցմէ ամէն մէկը իր հետ բերած է իր երազանքներու աշխարհը, իր եզերքի գոյները, այդ իսկ պատճառով մենք զայն անուանեցինք «Մեղուները», գրուած է գիրքին ծանօթագրութեան մէջ։

Բանաստեղծուհին իր 80ամեակի յեբելեանին այս հագուստով բեմ բարձրացած է։

Յոբելեանին առիթով՝ թանգարանին մէջ ցուցադրուած է բանաստեղծուհիին գեղեցիկ զգեստներէն մէկը, որ ան կրած է 80ամեակի յեբելենական հանդիսութեան ժամանակը։ Կապուտիկեան նաեւ ունեցած է գծելու մեծ շնորհք. շատ ատեն իր հագուստներուն էսքիզները ինք ըրած է։ Տիկ․ Արմենուհին կը նշէ, որ իրենք մեծ ցանկութիւն ունին շատ աւելին ցուցադրելու, որովհետեւ Կապուտիկեանի արխիւը շատ մեծ է, բայց տեղի անյարմարութեան եւ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով այժմ կրցած են ցուցադրել գոնէ մէկը։

Թանգարանը երեխաներու համար կը կազմակերպէ նաեւ տիկնիկագործութեան դասընթացքներ, որովհետեւ Կապուտիկեան յատուկ սէր ունեցած է տիկնիկներու նկատմամբ։ «Նոր շոր եմ կարել տիկնիկիս համար, օձիքը՝ կլոր, թեւերը՝ երկար։ Գրպանի համար նախշեր եմ արել, փէշի բերանն էլ շատ խորն եմ ծալել, որ երբ տիկնիկս բոյ քաշի էլի, ծալածը բացեմ, շորը երկարի», կը գրէ բանաստեղծուհին։ Գաղթական ընտանիքի զաւակը մանկութեան օրերուն մեծ ցանկութիւն ունեցած է տիկնիկ ունենալու, սակայն ատիկա իրականացուցած է միայն մեծ տարիքին։ Ճամբորդութիւններու ընթացքին ան միշտ գնած է տիկնիկներ, որոնք այսօր կը ցուցադրուին տան տարբեր անկիւններու մէջ։

Թանգարանի տնօրէնը կը պատմէ առատաձեռն ու օգնել կամեցող Կապուտիկեանի մասին։ Կապուտիկեան մինչեւ 80 տարեկանը յաճախ կը մեկնէր Արցախ, կ՛այցելէր առաջնագիծ, հիւնդանոցի մէջ պառկած վիրաւոր զինուորներուն։ Իր հետ կը տանէր յայտնիներ, երգիչ-երգչուհիներ, ինչպէս Ռուբէն Մաթեւոսեան, Օֆէլիա Համբարձումեան, Հրանդ Մաթեւոսեան եւ այլք։ Կը կազմակերպէր համերգներ, որպէսզի ոգեւորէ Հայրենիք պաշտպանող զինուորները։ Կապուտիկեանի արխիւին մէջ կան բանակին ուղղուած գումարներու բազմաթիւ ստացագիրներ, որոնց գումարը եթէ հաշուենք ահագին մեծ գումար կ՛ընէ, կ՛ըսէ տիկ․ Արմինէն։ Կապուտիկեան կ՛օգնէր նաեւ անհատ մարդոց։ Կը հոգար Գուրգէն Մահարիի հիւանդ կնոջը, որ կ՛ապրէր շատ խեղճ վիճակի մէջ։ Սրբիչով փաթթած տաք ճաշը, դեղորայքը առնել կու տար ու կ՛ուղարկէր անոր։ Նայիրի Զարեանի կնոջը՝ Անժելա Ստեփանեանին, նոյնպէս։ 1990ականներու մութ ու ցուրտ տարիներուն, երբ ելեկտրականութիւն չկար եւ դրան զանգը չէր աշխատեր, դրան վրայ դնել կու տայ յատուկ պտտող բանալի մը, որ իր աղմուկով զանգի դեր կը կատարէր, որպէսզի եթէ մէկը գար՝ օգնութիւն խնդրելու, անպատասխան չմնար։

Ինչ ունէի – մսխեցի
Քիչ էր, շատ էր՝ չգիտեմ։
Մեծ ձիրքերն են առաւել,
Թէ մեծ մարդը, չգիտեմ։

Շատ անգամներ, երգի տեղ
Ձեռք պարզեցի ես մարդուն
Կեանքս այսպէս ապրեցի,
Լաւ էր, վատ էր՝ չգիտեմ։

«Երբեք իր ստացած նուիրատւութիւնները չծախսեց որեւէ շքեղութեան կամ անձնական նպատակներու համար։ Անընդհատ բաշխեց։ Եւ մենք հիմա ամբողջ ազգով պարտական ենք անոր յիշատակը յաւուր պատշաճի տօնելու», կ՛ըսէ թանգարանի տնօրէնը։

Թանգարանի տնօրէնը համոզուած է, որ 100ամեակին նուիրուած «Մեղուները» գիրքին վաճառքէն գոյացած գումարով՝ կարելի է լուծել թանգարանի ջեռուցման հարցը, որովհետեւ առանց կայուն ջերմաստիճանի, ներկայացուած նիւթերը կը վնասուին ու կը փճանան։ “Բնակարանը պէտք լաւ տեսքի բերել ու արդիականացնել, համալրել ժամանակակից սարքերով: Օրինակ` թանգարանը չունի արտածիչ (projector), որմով կարելի է այցելուներուն ցուցադրել Կապուտիկեանի մասին պատմող բազմաթիւ տեսանիւթեր եւ ֆիլմեր։ Եւ եթէ ըլլան բարերարներ, որոնք օգնեն մեզի՝ այնքան ազգանուէր գործ ըրած կ՛ըլլան։ Եւ ես ձեւ կը գտնեմ բոլոր բարերաներու անունները հատ-հատ նշելու, որովհետեւ մենք կը լուծենք համազգային խնդիր», կը վստահեցնէ թանգարանի տնօրէնուհին։

Իւրաքանչիրս կրնանք մեր լուման ունենալ Կապուտիկեանի տուն-թանգարանի նորոգութեան եւ արդիականացման համար՝ գնելով «Մեղուները» գիրքը, կամ նուիրատուութիւն ընելով “Ս. Կապուտիկեան” գրական հիմնադրամին։

Երեւան, 12 Ապրիլ 2019

Յատուկ “Թորոնթոհայ”ի համար

Սիլվա Կապուտիկեանի 100ամեակին նուիրուած “Մեղուները” գիրքին կողքն ու նկարազարդուած առաջին էջը։