Կարսի Մէջ Քանդած են Եղիշէ Չարենցի Տունը


Արեւմտեան Հայաստան պտոյտներ կազմակերպող «Համշէն թուր» զբօսաշրջային ընկերութեան տարածած տեղեկութեան համաձայն` Կարս քաղաքին մէջ տակաւին անհասկանալի պայմաններու մէջ քանդուած է այն շինութիւնը, որ աւանդաբար համարուած է հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի տունը:

Ամէն տարի հազարաւոր հայ զբօսաշրջիկներ  կ՛այցելեն Կարսի բերդի ներքեւի հատուածին մէջ գտնուող այդ շինութիւնը` յարգանքի տուրք մատուցելու հանճարեղ բանաստեղծին յիշատակին:

Բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի իր «Տաղ անձնական» յայտնի բանաստեղծութեան մէջ այդ տան մասին կը գրէ.

«Թողած Կարսում, գետի ափին տունս շինուած անտաշ քարով,

Կարսը թողած, Կարսի այգին ու հայրենի երկինքը մով»:

Եղիշէ Չարենց ծնած է Կարս, 1897ին, բազմազաւակ ընտանիքի մէջ: 1908ին ընդունուած է Կարսի վարժարան:1914ին լոյս տեսած է գրողին «Չարենց» գրական կեղծանունով «Տխուր ու գունատ աղջկայ 3 երգերը…» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: Ազգային ազատագրական պայքարն ու Առաջին համաշխարհային պատերազմը Չարենցի մէջ կը սպաննեն պատանեկան երազները: Ան կամաւոր կը միանայ Արեւմտեան Հայաստանը զաւթիչներէն ազատել շտապող մարտիկներուն: Այդ տարիներուն ան կը ստեղծէ իր լաւագոյն գործերէն մէկը` «Դանթէական առասպելը», որ կը նկարագրէ 20րդ դարու Համաշխարհային Ա․ պատերազմի սարսափները:

1915ին Չարենցը կը մեկնի Մոսկուա` Շանեաւսկիի համալսարան՝ ուսումը շարունակելու: 1919ին կը վերադառնայ Երեւան եւ կը դասաւանդէ դպրոցի մէջ: Այդ տարի Թիֆլիսի մէջ լոյս կը տեսնէ «Ամբոխները խելագարուած» հանճարեղ պոէմը:

1921ին Եղիշէ Չարենց կ՛ամուսնանայ Արփենիկ Տէր Աստուածատրեանի հետ: Վերջինս ծանր յղիութեան հետեւանքով 1927ին կը մահանայ: Կնոջ յիշատակին Չարենցը բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ գրած է: 1931ին նորէն կ՛ամուսնանայ: Շատ չանցած կինը` Իզապելա Նեազովան, անոր կը պարգեւէ դուստր, որուն Արփենիկ կը կոչեն, իսկ 1935ին կը ծնի անոնց 2րդ դուստրը` Անահիտը:

1936ի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն կը սկսին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնները: Եղիշէ Չարենցին Սեպտեմբերին տնային կալանքի կ՛ենթարկեն` մեղադրելով ահաբեկչութեան եւ ազգայնականութեան մէջ: Բոլոր գրախանութներէն կը վերացնեն անոր գիրքերը, իսկ նորերու հրատարակումը` կը դադրեցուի: Կը սկսին ընտանիքի հանդէպ ճնշումները:

Որոշ ժամանակ անց բանաստեղծը կը ձերբակալեն եւ հակասովետական գործունէութիւն իրականացնելու շինծու մեղադրանք կը ներկայացնեն: Շատ չանցած` 1937ի Նոյեմբեր 27ին, Եղիշէ Չարենց իր մահկանացուն կը կնքէ երեւանեան բանտերէն մէկու հիւանդանոցին մէջ: Ըստ պաշտօնական վարկածի` դիահերձումը ցոյց տուած է, որ մահուան պատճառը չափազանց տկարացած առողջական վիճակը եղած է, որուն համար հիմք ծառայած են բազմաթիւ հիւանդութիւնները: Չարենցի վերջին հանգրուանը յայտնի չէ: