Կարօ Փայլանին Շնորհուեցաւ «Ազատութեան» Մրցանակ


Հոկտեմբեր 8ի երեկոյեան, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը, որուն ներկայ էր աւելի քան 1000 հոգի, ներառեալ` դաշնակցային, նահանգային ու տեղական պաշտօնատարներ, հայկական կազմակերպութեանց պատասխանատուներ ու ղեկավարներ, բարերարներ ու համակիրներ:

Ներկաները միասնաբար տօնեցին  Հայ դատի նախորդ տարուան իրագործումները եւ հետեւեցան շարք մը հետաքրքրական ելոյթներու ու ներկայացումներու, որոնք ուրուագծեցին Հայ դատի ապագայ գործունէութիւնը:

Այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին, ըստ նախորդ տարիներու սովորութեան, մեծարանքի արժանացան Հայ դատի ջատագովման աշխատանքին մէջ նկատառելի ներդրումներ ունեցած անձնաւորութիւններ:

Մեծարեալներն էին` քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաօ («Արդարութեան ջատագով»), Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ («Տարուան օրէնսդիր»), բեմադրիչ եւ արտադրող Թերի Ճորճ («Արուեստ եւ գրականութիւն»), Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի անդամ Կարօ Փայլան («Ազատութիւն» մրցանակ) եւ վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան («Արուեստ եւ գրականութիւն»):

Նաեւ, յարգանքի յատուկ տուրք մատուցուեցաւ հանգուցեալ երաժիշտ Քրիս Քորնըլին, որ հեղինակած ու կատարած էր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Տը Փրոմիս»ը ժապաւէնին գլխաւոր երգը: