Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Անդամ Կը Վերընտրուի


Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն քրտական «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութեան կողմէ Տիգրանակերտէն առաջադրուած Կարօ Փայլան արդիւնքեր ապահովելով վերադարձաւ խորհրդարան:

Տիգրանակերտի մէջ Կարօ Փայլանի կուսակցութիւնը ստացած քուէներու 65 տոկոսը, Էրտողանի գլխաւորած «Արդարութիւն եւ զարգացումը»՝ 21:

Նշենք, որ քրտական կուսակցութիւնը հատած է 10 տոկոս շեմը եւ խորհրդարան մտած է 66 պատգամաւորով։

Նշենք նաեւ, որ Թուրքիոյ նորընտիր խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուած է երկրորդ հայ մը՝ Մարգար Եսայեան, որ թեկնածու էր  իշխող «Արդարութիւն և զարգացում» կուսակցութենէն: