Կեանքէն Հեռացած է Գանատահայ Յայտնի Քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեան


«Երկիր Մեդիա»- Գանատահայ անուանի քանդակագործ, Գանատայի գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ, Քեպէգի համալսարանի փրոֆէսոր Արտօ Չաքմաքչեան կեանքէ հեռացաւ: Ան 86 տարեկան էր:

Չաքմաքչեան ծնած է Գահիրէ, 15 տարեկանին ընտանիքին հետ ներգաղթած Խորհրդային Հայաստան: Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ: Արդէն ճանչցուած քանդակագործ էր, երբ ստիպուած հեռացած է Հայաստանէն. անոր ստեղծագործելու ոճը օտար էր Խորհրդային Միութեան սկզբունքներուն։ Բայց 1964-ին Մոսկուայի Խաղաղութեան Կոմիտէի մրցանակաբաշխութեան ժամանակ արժանացած է առաջին մրցանակի` «Հիրոշիմա» քանդակին համար,  երբ նոյն ժամանակ Երեւանի մէջ տեղադրուած անոր «Կոմիտաս» քանդակը ջարդած են: 1975-ին մեծ քանդակագործը բնակութիւն հաստատեց Գանատայի Մոնրէալ քաղաքին մէջ:

Յետագային իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ան ըսած է․ «Ես գացի Հայաստանէն, որ շարունակեմ սիրել Հայաստանը: Ես չէի կրնար ապրիլ տարածքի մը մէջ, ուր արուեստի հետ այդպէս կը վարուին` կը ջարդեն գործը»:

Գանատայի կառավարութիւնը բազմիցս առաջարկած է քանդակագործին` անոր երեք յարկանի տունը գնել եւ դարձնել թանգարան, սակայն քանդակագործը մերժած է` ըսելով, որ այնտեղ պահուող իր բոլոր գործերը Հայաստանի համար են:

1962-ին արժանացած է Պրահայի Ժամանակակից խեցեգործութեան միջազգային ցուցադրութեան առաջին մրցանակին «Պառկած կերպար» ստեղծագործութեան համար: Արուեստագէտին մրցանակի արժանացած «Հիրոշիմա” ստեղծագործութիւնը Խորհրդային Միութեան կողմէ նուիրուած է Հիրոշիմա քաղաքին:

1969-ին ան նաեւ ստացած է Հայաստանի երիտասարդական միութեան ոսկէ մետալը «Մայր» եւ «Առնօ Բաբաջանեան» աշխատանքներուն համար: 1984-ին շահած է առաջին մրցանակը Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցած Wilfrid Pelletierի մրցոյթին` ներկայացնելով վերջինիս կիսանդրին: Անոր աշխատանքները ցուցադրուած են աշխարհի յայտնի թանգարաններու, մասնաւորապէս Լուվրի մէջ։ Անոր ստեղծագործութիւնները տեղադրուած են աշխարհի շարք մը քաղաքներու հրապարակներու վրայ, կարգ մը գործերը կը պահուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ, նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ: Վերջին կարեւոր ցուցադրութիւնը ունեցած է 2010-ին Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ:

Չաքմաքչեան առաջիններէն էր, որ դիմած է քանդակաձեւերու արդիականացման եւ արտայայտական կերպաւորման:

Կ՛արժէ նշել, որ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին շրջափակին մէջ գտնուող Ապրիլեան Նահատակաց յուշարձանը գործն է Չաքմաքչեանի:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղադրուած Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը։

 

Կոմիտասի յուշարձանը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Պրոնզէ արձանը Տիթրոյիթի մէջ տեղադրուած է 1980-ին։