Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաշատ Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան


Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն կորուստը Աստուծոյ, հայ ազգին ու մշակոյթին ծառայ՝ հաւատաւոր քարոզիչ, բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի, որ ի տէր հանգեաւ Շաբաթ,  Նոյեմբեր 2-ին:

Ըստ հանգուցեալի բանաւոր կտակին, թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ միայն ընտանիքի անդամներուն մասնակցութեամբ:

«Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը վաստակաշատ բանաստեղծին իր վերջին յարգանքը մատուցելու առիթը պիտի ունենայ Երկուշաբթի,  Նոյեմբեր 11-ին, կէսօրէն ետք ժամը 4-7, Mountain View Mortuary Cemetery-ին մէջ, 2400 N. Fair Oaks Ave., Altadena։ Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն, հարազատներուն եւ իրեն հետ աստուածահաճոյ ու հայակերտումի ծառայական ճանապարհ կերտող բոլոր սգակիրներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի», նշուած է առաջնորդարանի հաղորդագրութեան մէջ։

Հայ մեծանուն բանաստեղծ Ժագ Ստեփան Յակոբեան ծնած է 1 Օգոստոս 1917-ին, Երուսաղէմի մէջ: Երկոււ տարեկանին ծնողքին հետ կը տեղափուխուի Գահիրէ, Եգիպտոս: Կրթութիւնը կը ստանայ Գահիրէի մէջ, իսկ համալսարանական ուսումը կը շարունակէ դեղագործութեան մասնագիտութեամբ, նախ՝ Պէյրութի, ապա  Գահիրէի պետական համալսարանին մէջ:

1947-ին կ’ամուսնանայ Ազատուհի Սեւյօնքեանին հետ, կ՛ունենան չորս զաւակներ։ Պէյրութ կը հաստատուի եւ այնտեղ ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ հայկական դպրոցներու մէջ՝ դասաւանդելով հայոց լեզուի, գրականութիւն եւ պատմութիւն:

1967-ին վերջնականապէս կը գաղթէ Ամերիկա, ուր բնակութիւն կը հաստատէ Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքին մէջ: Իր դեղագործական մասնագիտութեան կողքին հայկականկը դասաւանդէ հայերէն լեզու եւ գրականութեան։ Կը պաշտօնավարէ նաեւ որպէս ուսուցիչ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ։

Երկու տարբեր առիթներով, ան կը պարգեւատրուի Կաթողիկոսական շքանշաններով՝ ձեռամբ Գարեգին Բ.-ի եւ Արամ Ա.-ի: Ան արժանացած է նաեւ «Համազգային»ի մշակութային բարձրագոյն շքանշանին։

Ժագ Յակոբեան ունեցած է բեղուն գրական աշխատանք։ Բանաստեղծութիւններ գրած է կանուխ տարիքէն։ 1938-ին, «Գաղտնի ճամբան» անդրանիկ իր հատորով՝ գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեանի գրական «գիւտ»ը կը դառնայ: Հետեւող տասնամեակին, փոխնիփոխ անոր կը յաջորդեն երեք ուրիշ գործեր՝ քնարերգական և հայրենասիրական։ 1950-էն ետք հոգեկան վերիվայրումներու ենթակայ, կ’արտադրէ աւելի կրօնաշունչ գործեր, որոնց կողքին պարբերաբար՝ հայրենասիրական էջեր։

Հեղինակն է 50-է աւելի գիրքերու եւ գրքոյկներու, բանաստեղծութիւն եւ արձակ: Իր գործերէն ոմանք արժանացած են Առաջին Մրցանակի:

Գեղեցիկ հայերէնով մը արտայայտուած իր ազգայնաշունչ հոգին եւ վառ հաւատքը կը հիւսեն թէ՛ իր ներաշխարհը եւ թէ՛ իր գրաշխարհը: Իր գործածած գրական-գեղարուեստական լեզուն արեւմտահայերէնն է՝ շքեղ եւ ճոխ բառապաշարով:

Ժագ Յակոբեան հեղինակած է նաեւ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը, որ արժանացած է հարիւրէ աւելի ներկայացումներու Սփիւռքի զանազան քաղաքներու մէջ, նախաձեռնութեամբ առաւելաբար Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, առաջնորդութեամբ բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի:

Հայերէնի կողքին, ան ստեղծագործած է նաեւ ֆրանսերէնով քերթուածներ։

Ժագ Յակոբեան 2017-ի Օգոստոսին դարձաւ 100 տարեկան։ Այս առթիւ ան գրած է հետեւեալը․ «․․․ Աղօթքս է, որ Իր (Աստուծոյ)` ինծի պարգեւած այս հարիւր տարիները, Ի՛ր փառքին ծառայած ըլլան իմ սիրելի եւ փայլուն ազգիս կեանքին ու ծառայութեան մէջ»: