“Կիլիկեան” Երգչախումբի Ելոյթները Քեսապի Մէջ


“Գանձասար”․- Քեսապի Համազգայինի «Հ.Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպութեամբ,  26 եւ  27 Օգոստոս 2017ի երեկոյեան, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Կիլիկեան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ուսանող, քեսապահայ Ռազմիկ Մելքոնեանի: Ելոյթը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով: Ելոյթին ներկայ էին հայ երեք համայնքներու ներկայացուցիչները, սուրիական եւ ռուսական բանակի բարձրաստիճան սպաներ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան եւ քեսապահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով Սօսի Կարճիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան երգչախումբին, յատկապէս խմբավարին եւ դաշնակահարին ու երգչախումբի 41 անդամներուն, որոնք հետեւողական աշխատանքով լրումին հասցուցին համերգի ծրագիրը՝ ընդամէնը քանի մը շաբթուան ընթացքին:

Համերգի առաջին բաժինը սկսաւ էտկար Յովհաննէսեանի «Հայաստան» երգով, ապա հնչեց անմահն Կոմիտասի երգերու շարքը, որուն յաջորդեցին «Քամանչա»,«Իմ Անոյշ Մայրիկ»,«Արի Եար Ջան», «Հա Կլոր Պար»,«Ղափամա» եւ վերջապէս արաբական երկու երգեր: Մեներգողներ  Մարիա  Լնդեան, Կարինէ Քորթմոսեան, Արմէն Դանիէլեան, Նարինէ Չուլճեան, Կարէն Սաղտճեան, Արեգ Ապտուեան, Անի Չելէպեան սրտառուչ կատարողութեամբ մերթ խանդավառեցին, մերթ յուզեցին ներկաները:

Համերգի երկրորդ բաժինը սկսաւ ռուսական երգերով, մենակատարութեամբ Նարեկ Քորթմոսեանի,  ապա հնչեցին «Եար Քո Բարակ Պոյին Մեռնեմ», «Եաման Եար», «Ճոճան», «Ալմաստը Շողում է», «Հոյ Նազանի», «Ազգ.Փառապանծ» երգերը: Մենակատար Արաքս Արամեան տպաւորիչ ձայնով առինքնեց ներկաները, ապա ներկաներուն հրամցուեցաւ «Արժանի» հայրենասիրական երգը, մենակատարութեամբ Յովիկ Դանիէլեանի: Քեսապահայ աշուղ ժիրայր Թրթռեանի «Կէրմէր Ֆստան» երգը հնչեց նոր խաղիկներով: Յատկանշական էր  «Քեսապ»ի նուիրուած երգը, որ կը հնչէր առաջին անգամ ըլլալով. խօսք՝ Սօսի Կարճիկեանի, երաժշտութիւն՝ Տիգրան Մուրատեանի, մշակում՝ Գայիանէ Սիմոնեանի:

Ելոյթի աւարտին,  Գայիանէ Սիմոնեան- Տէրեան գնահատեց դաշնակահարին բծախնդրութիւնն ու նուիրումը, ինչպէս նաեւ երգչախումբի արուեստասէր անդամները, որոնք 25 օրուան տքնաջան աշխատանքով երգչախմբային նման ծրագիր իւրացուցին:

Այնուհետեւ, Քեսապի հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեան շնորհաւորեց դաշնակահարին  առաջին ելոյթը, գնահատեց խմբավար  Գայիանէ Սիմոնեան –Տէրեանի նուիրեալ աշխատանքը, ոգեւորեց երգչախումբի անդամները եւ շնորհաւորեց Համազգայինի «Հ.Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը Քեսապի գողտրիկ աւանին մէջ մշակութային աշխուժութիւնը պահելու համար: