Կիպրոսի Խորհրդարանը Միջազգային Հանրութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տեմեթրիս Սիլլուրիս նիստի աշխատանքներուն սկիզբէն առաջ դիմելով ներկաներուն նշած է, որ նոյնիսկ եթէ հարիւր տարի անցած է 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն, երբ թրքական պետութիւնը ցեղային մաքրագործում կատարեց հայերուն դէմ, Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել մէկուկէս միլիոն հայերու սպանդը:

Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ նշած, որ Կիպրոսի խորհրդարանը աշխարհի մէջ առաջիններէն էր, իսկ Եւրոպայի մէջ առաջինը, որ 1975ին ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը` պահանջելով վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնը:

Կիպրոսի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին առիթով արտասանած է խօսք մը: Ան յայտնած է, որ 20րդ դարու առաջին ու մեծագոյն ցեղասպանութեան յանցաւորները ցարդ կը մնան անպատիժ: «Իբրեւ հայեր, կը պահանջենք արդարութիւն, ո՛չ թէ վրէժ, ինչպէս նաեւ պատմական անտարակուսելի իրականութիւններու ճանաչումը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Մեր նախահայրերուն զոհողութեան արդարահատուցումը յաջորդող սերունդներուն համար պիտի ըլլայ յոյսի եւ լոյսի փարոս մը, որպէսզի զոհ չդառնան նաեւ այլ ժողովուրդներ` կրօնի կամ ազգութեան պատճառով»:

«Մինչեւ օրս, 28 երկիրներ, Միացեալ Նահանգներու 50 Նահանգներէն 45ը, ինչպէս նաեւ զանազան միջազգային կազմակերպութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւելի՛ն, անոր ժխտումը քրէականացուցած են հինգ երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Կիպրոսը: Կը պահանջենք գերպետութիւններէն, որ ի վերջոյ պարտադրեն Թուրքիոյ, որպէսզի ժամանակակից աշխարհին դիմաց ստանձնէ իր պարտաւորութիւնները եւ ընդունի իր գործած ոճիրները», եզրափակած է ան: