Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս


Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 11ին եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» ներքնասրահին մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի: Ներկայ էին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, վարժարանիս նախկին տնօրէնուհի Տիկ. Սեդա Գանտահարեան, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ. Արփի Փանոսեան-Մըթարթ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան ատենապետ տիար Գէորգ Թիւթիւնճեան, պատուական հիւրեր, բարերարներ եւ ծնողք:

Հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտներուն մուտքով: Այս տարուան հանդէսին նիւթն էր Մեր Տիրոջ անուան փառաւորութիւնը եւ գոհաբանութիւնը: Աշակերտները ներկայացրեցին Աստուածաշունչէն քաղուած աղօթքներ, սաղմոսներ ու երաժշտական կատարումներ: Ապա ձեռամբ Տէհօր եւ վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկ. Սօսի Պարունեանի վկայականներ ստացան շրջանաւարտներ Էլիզապէթ Գանտահարեան եւ Անի Քերամէթլեան: Շնորհիւ մեր նուիրատուներուն, մրցանակներ բաշխուեցան լաւագոյն եւ տիպար աշակերտներուն, «Ճաշու Գիրք» կարդացողներուն, օգնականներուն ինչպէս նաեւ մեր նուիրեալ ուսուցչուհիներուն:

Նշելով Կիրակնօրեայ վարժարանի կարեւորութիւնը՝ Տէր Հայրը իր գնահատանքի խօսքը փոխանցեց ծնողքին, աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որ կը նպաստեն Կիրակնօրեայ վարժարանի բագավաճումին:

Տէր Զարեհ Աւագ Քահանային աղօթքով աւարտուեց հանդիսութիւնը: Ծնողքն ու աշակերտները հրաժեշտ տուին ուսուցիչներուն՝ վերամուտին տեսնուելու ակնկալիքով: