Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150ամեակները Ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕի Յոբելենական Իրադարձութիւններու Օրացոյցին Մէջ


Կոմիտասի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150ամեակները ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕի յոբելենական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ, յայտնած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազելի Ղարիբեան:

Հայաստանի Մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ազգային յանձնաժողովի քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան իր հերթին նշած է, որ ամէն տարի երկիրները իրաւունք ունին երկուքական յայտ ներկայացնելու օրացուցային օրերու համար, եւ ընտրութիւնը միշտ խնդիր եղած է։ Այս անգամ, սակայն, ընտրութեան հարցով տարակարծութիւններ չեն եղած: Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150ամեակները ԵՈՒՆԵՍՔՕի օրացոյցին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ յանձնաժողովին կարծիքը եղած է հաստատ:

Կոմիտասի 150ամեակը սկիզբը չէ ներառուած օրացոյցին մէջ, պատճառաբանուելով  որ Կոմիտաս ծնած է Թուրքիոյ տարածքին մէջ եւ այս պարագային պէտք է նաեւ թրքական կողմի դիրքորոշումը: Սակայն, ի վերջոյ Հայկական կողմը կրցած է հաստատել եւ հիմնաւորել իր յայտը: