Կոչ Լիբանանի Քաղաքացիութիւն Ունեցող Գանատահայ Հայրենակիցներուն


Սիրելի հայրենակիցներ,

Յառաջիկայ Մայիսին, Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան 2018 թուականի երեսփոխանական ընտրութիւններ, որուն ընթացքին իր թեկնածուները պիտի առաջադրէ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը։ Վերոնշեալ ընտրութիւններուն, Լիբանանի խորհրդարանի որոշումով, առաջին անգամ ըլլալով արտասահման ապրող լիբանանցիները իրաւունք պիտի ունենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարել՝ քուէարկելով իրենց բնակած վայրերուն մէջ:

Լիբանանի Արտաքին գործոց եւ Արտասահմանի լիբանանցիներու նախարարութեան որոշումով՝ մինչեւ 20 Նոյեմբեր պիտի կատարուի արտերկրի լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային արձանագրութիւն եւ այդ ճամբով ապահովուի անոնց քուէարկելու իրաւունքը։ Արձանագրուելու համար պէտք է այցելել Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան կայքէջ https://diasporavote.mfa.gov.lb/

Սիրելի հայրենակիցներ,

Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Լիբանանը գրկաբաց ընդունեց Եղեռնէն փրկուած հայութեան զանգուածները եւ իբրեւ այդ սերունդի անմիջական շառաւիղներ, այսօր մեր պարտաւորութիւնն է մասնակցիլ մեր երկրորդ հայրենիքի՝ Լիբանանի պատմական այս կարեւոր իրադարձութեան։

Լիբանանի մէջ հայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր կարեւոր է լիբանանեան քաղաքացիութեան տէր բոլոր գանատահայերուն մասնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն։

Զօրակցի՛նք Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի ամրագրուին Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Հայ Դատի մեր կռուանները։

Միասնաբար մասնակի՛ց դառնանք այս զօրակոչին եւ յարգելով ժամկէտը՝ մինչեւ Նոյեմբեր 20 արձանագրենք մեր անունը Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ:

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ