«Կրթական, Մշակութային Կեանքի Աշխուժութիւնը Յոյս Կը Ներշնչէ Սուրիոյ Հայ Գաղութին», «Թորոնթոհայ»ին Կ՛ըսէ «Գանձասար»ի Խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան


Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտութենէն պատկեր մը, ճեմարանի շրջափակէն ներս

Սուրիոյ Բոլոր Շրջաններուն Մէջ Վերաշխուժացած Թափով Կը Գործեն 28 Հայկական Վարժարաններ

Սուրիոյ պատերազմը շուտով կը թեւակոխէ իր իններոդ տարին: Թէեւ զինուորական գործողութիւնները եւ ընդդիմադիր ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ բախումները սահմանափակուած են Իտլիպի եւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ, սակայն ամբողջական խաղաղութեան եւ պատերազմի աւարտի նշոյլներ, դժբախտաբար, տակաւին չեն երեւիր հորիզոնին վրայ։ Երկրին մէջ յառաջացած եւ օրէ օր սատսկացող տնտեսական տագնապը, սուրիական լիրայի արժեզրկումը, սղաճը ալ աւելի կը դժուարացնեն բնակչութեան ապրուստը։

2020 տարուան սկիզբը, Սուրիոյ, մասնաւորապէս, հայ գաղութի իրավիճակին, ազգային, մշակութային, կրթական կեանքին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին ստոյգ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու ակնկալիքով` «Թորոնթոհայ»ի թղթակից Սալբի Սաղտըճեան համացանցով հարցազրոյց մը ունեցաւ «Գանձասար» թերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի հետ։   

 

Սալբի Սաղտըճեան,-  Ինչպէս գիտենք, քանի մը տարիէ ի վեր Հալէպի ապահովական վիճակը, համեմատաբար աւելի կայուն է, բայց վերջերս քաղաքի որոշ շրջաններ հրթիռակոծուեցան։ Ներկայիս ինչպիսի՞ն է քաղաքի ապահովական վիճակը եւ հայ գաղութի ազգային, կրթական, մշակութային կեանքը։

           «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ                          Պօղիկեան

Զարմինէ Պօղիկեան,- Հալէպի ապահովական վիճակը, համեմատած նախորդ տարիներուն, բնականաբար աւելի լաւ է, սակայն քաղաքի հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն հրթիռակոծել կարգ մը թաղամասեր։ Այդ թաղամասերը հայկական շրջաններէն հեռու են, սակայն օրական զոհեր եւ վիրաւորներ կ՛արձանագրուին։ Սուրիական բանակը արդէն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ անցած է այդ շրջաններու ազատագրման հանգրուանին։ Յուսանք, որ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին բանակը կը յաջողի ազատագրել այդ շրջանը եւ այսուհետ քաղաքին մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ չեն ըլլար։

Համայնքի ազգային, մշակութային, եկեղեցական, կրթական կեանքը աշխոյժ է։ Արդէն պատերազմի ողջ տարիներուն չէր դադրած։ Ներկայիս կը շարունակուի աւելի աշխոյժ թափով, որովհետեւ վերջին երկու տարիներուն Սուրիոյ հայ համայնքի շարք մը կառոյցներ՝ դպրոցներ, եկեղեցիներ, արդէն վերանորոգուեցան, վերաշինուեցան եւ գտան իրենց երբեմնի պայծառ դիմագիծը։ Կարելի է ըսել, որ ատիկա նպաստեց շատ աւելի մեծ թափով, նոր ոճով, նոր ծրագիրներով սկսան աշխատելու։ Պէտք է հաստատել, որ Սուիրոյ նախագահական պալատը նոյնպէս իր նիւթական ներդրումը բերաւ կարգ մը կառոյցներու վերաշինութեան, ինչպէս՝ Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ եւ կարգ մը բարեսիրական հաստատութիւններու վերակառուցման աշխատանքներուն։

 

Ս․Ս․, Դուք նշեցիք, որ գաղութի կեանքը աշխոյժ է։ Որոշ տեղեկութիւններ կու տա՞ք, յատկապէս կրթական եւ մշակութային կեանքէն։

Զ․Պ․,- Սուրիոյ մէջ, բնականաբար, տակաւին կը գործեն եւ արդէն վերաշխուժացած թափով կը գործեն հայկական վարժարանները, իսկ որոշ նահանգներու մէջ կարգ մը վարժարաններ միացած են։ Ներկայ տուեալներով Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ կը գործեն 28 հայկական վարժարաններ։ Կրնամ նշել առանձնաբար․ Հալէպի մէջ կը գործէ 14 հայկական վարժարան, Դամասկոսի մէջ 5, Լաթաքիոյ մէջ 1, Քեսապի մէջ 3, Հասիչէի մէջ 2, Գամիշլիի մէջ 2 եւ Տէրիքի մէջ 1 հայկական վարժարան։ Այս վարժարանները, բնականաբար, ունին իրենց տնտեսական դժուարութիւնները եւ այլ, բայց այս ամբողջ դժուարութիւնները կը hաղթահարէ սուրիահայ գաղութը։ Ազգային իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը այն է, որ ոչ մէկ հայ աշակերտ նիւթական-տնտեսական դժուարութեան պատճառով չզրկուի հայկական դպրոց յաճախելէն։ Հալէպի հայկական, ազգային վարժարանները ոչ մէկ ձեւով կրթաթոշակ գանձած են պատերազմի ամբողջ տարիներուն եւ այս տարի եւս։ Հիմնուելով «Դպրոց» հիմնադրամէն եկած եկամուտներուն վրայ, կը ծածկեն իրենց ծախսերը եւ մեր հայ աշակերտները առիթ կ՛ունենան անվճար հետեւելու իրենց ուսումնական կեանքին։

Մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններն ալ աշխոյժ թափով կը գործեն։ Հակառակ մարդուժի տագնապին, հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն, կարելի է ըսել, որ շաբաթական ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան Հալէպի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Քեսապի, Գամիշլիի, Տէրիքի եւ բոլոր շրջաններուն մէջ աշխուժութիւնը ակներեւ  է։ Հալէպի մէջ, առաւելաբար, ամէն շաբաթ ունինք մշակութային ձեռնարկներ, որոնց ներկայութիւնը դրական կ՛ըլլայ գաղութի զաւակներուն կողմէ։ Ատոր շնորհիւ գաղութի կեանքը կենսունակ կը մնայ։ Մշակութային եւ կրթական կեանքի աշխուժութիւնը, իրականութեան մէջ, գաղութի գոյութեան հիմնական երաշխիքն էր, որովհետեւ այդ աշխուժութիւնն էր, որ նոր թափ կու տար, յոյս կը ներշնչէր ժողովուրդին, եւ ատկէ մենք ուժ կ՛առնէինք՝ դիմանալու համար այս դժուար պայմաններուն։ Բարեսիրական միութիւններն ալ իրենց կարգին կը գործեն եւ վերջին տարիներուն իրենց աշխատանքը կեդրոնացուցած են ժողովուրդին նպաստ հայթայթելու, բժշկական, սննդակողովներու, վառելանիւթի յատկացումներով, հանդերձ տրամադրելով կարիքաւոր ընտանիքներուն։

 

Ս․Ս․,- Հիմնական ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ գաղութը։

Զ․Պ․,- Ներկայիս միութիւններու, կրթական, ուսումնական կառոյցներու դիմագրաւած դժուարութիւններէն հիմանականը մարդուժի տագնապն է։ Մենք գիտենք, որ պատերազմի տարիներուն մարդուժի հոսք տեղի ունեցաւ երկրէն դուրս՝ գաղթի պատճառով։ Այժմ այդ բացը կը փորձենք ամբողջացնել ներկայ ուժերը վերակազմակերպելով, մարդուժի պատրաստութեան աշխատանք տանելով եւ մեր կարելիութիւններով լրացնելով յառաջացած այդ բացը։

Հիմնական դժուարութիւնը կը շարունակէ մնալ տնտեսական տագնապը, որ շատ ծանր է, յատկապէս վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին։ Սակայն յոյս ունինք, որ երբ յառաջիկայ օրերուն երեւին տագնապի քաղաքական լուծման նշոյլները, զինուորական գործողութիւիւնները արդէն դադրին, տնտեսական այս տագնապն ալ աստիճանաբար կը գտնէ իր լուծումներու կարելի ելքը։

Ինչպէս գիտէք, Սուրիոյ ժողովուրդը արդէն ինը տարիէ ի վեր կ՛ապրի պատերազմական ծանր պայմաններու մէջ։ Այդ տարիներուն՝ պատերազմական պայմաններուն կու գար աւելնալու տնտեսական սուր տագնապը, որ հետեւանք է քանի մը հանգամանքներու։ Առաջինը տնտեսական պաշարումն է՝ պարտադրուած Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան կարգ մը երկիրներու կողմէ, որ իր բացասական ազդեցութիւնը ձգած է յատկապէս Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ, որքան ալ քաղաքական նշանակութիւն ունենայ, բայց գլխաւոր վնասուողը, տուժողը, բնականաբար, Սուրիոյ բնակչութիւնն է։ Երկրորդը սուրիական դրամանիշի անկումն է, անշուշտ երկրի անապահով կացութեան, ճամբաներու անբնականոն վիճակին, յատկապէս Լիբանանի վերջին ամիսներու այս տագնապն ալ իր դերը ունեցած է սուրիական լիրայի անկումին վրայ։ Այս բոլորը ստեղծած են սղաճ, անգործութիւն եւ տնտեսական դժուարութիւններ երկրի բնակչութեան համար։ ՏՆտեսական տագնապներէն մէկուն պատճառն ալ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններ ներխուժած օտար ուժերն են, որոնք իրենց վերահսկողութեան տակ առած են երկրի քարիւղի հանքերուն կարեւոր մէկ տոկոսը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ վառելանիւթի տագնապին, յատկապէս ձմրան այս ցուրտ օրերուն։

 

Ս․Ս․,- Վերջերս կը լսենք, որ կան Հալէպ վերադարձողներ, որպէսզի իրենց խանութն ու գործատեղին վերանորոգեն եւ սկսին աշխատելու։ Արդեօք կա՞յ այդպիսի շարժ գաղութէն ներս։

Զ․Պ․,- Նկատի ունենալով վերջին տարիներուն երկրին յատկապէս ապահովական պայմաններու բարելաւումը, ճիշդ է՝ կան Սուրիա վերադարձողներ, յատկապէս մերձակայ երկիրներէն, ինչպէս Լիբանանէն, բայց մեծ թիւերու մասին կարելի չէ խօսիլ։ Ես գիտեմ տասնեակ մը ընտանիքներ, որոնք վերադարձած են։ Ոմանք իրենց գործատեղիները վերականգնած, կ՛աշխատին եւ նոյնիսկ այս դժուար պայմաններուն մէջ կը յաջողին իրենց ընտանիքին ապրուստը ապահովել։

Յոյսով ենք, որ գաղութը այս դժուար պայմանները կը յաղթահարէ ու կը վերականգնի, կը գտնէ իր երբեմնի բարւօք օրերու վիճակը, որովհետեւ այս դժուարութիւնները գիտենք, որ ժամանակաւոր են, անցողիկ են եւ գաղութը տակաւին ունի վերականգունելու ներուժը զանազան մարզերու մէջ՝ իր կարողութիւնները վերակազմակերպելու եւ վերագտնելու իր երբեմնի բարւօք օրերը։