«Կրթութիւն Բոլորի Համար» Միջազգային Ցանցի Համաժողովը՝ Երեւանի Մէջ


Teach For All համաժողովի բացման արարողութենէն պատկեր մը

“ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ”,- Հոկտեմբեր 21-ին Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ «Կրթութիւն Բոլորի Համար» (Teach For All) միջազգային ցանցի ամենամեայ համաժողովը: Այս տարուան համաժողովի կազմակերպողներն են «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» (Teach For Armenia) կրթական հիմնադրամը եւ «Կրթութիւն Բոլորի Համար» միջազգային ցանցը։ Համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի 75 երկրէ եկած մօտ 450 ներկայացուցիչ:

Երեւանեան եռօրեայ համաժողովի մասնակիցները պիտի քննարկեն՝  ինչպէ՞ս նախապատրաստել երեխաները` մարտահրաւէր նետելու առկայ իրավիճակին եւ վերաձեւաւորելու մեր յարափոփոխ աշխարհը` գիտելիքի եւ փորձի շնորհիւ:

Համաժողովի բացման խօսքին մէջ «Կրթութիւն Բոլորի Համար» միջազգային ցանցի գործադիր տնօրէն եւ համահիմնադիր Ուենտի Քոփ (Wendy Kopp), ողջունելով ներկաները, նշեց, որ ներկայ կեանքին մէջ առկայ են ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական բազմաթիւ խրթին մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն համաշխարհային հաւաքական լուծումներ:

«Մենք այդ ամէնէն եզրակացուցինք, որ այսօրուան աշակերտները պէտք է մեծնան որպէս առաջնորդ եւ ունենան որոշակի մտածելակերպ ու հմտութիւններ: Փոփոխուող տնտեսութեան մէջ անոնք պէտք է կարենան լուծել խնդիրները, որոնք օրէ օր աւելի կը բարդանան եւ կերտեն աւելի պայծառ ապագայ», նշեց Քոփ:

«Շատ երկիրներ այսօր ճգնաժամի մէջ են, որովհետեւ մենք չենք չգիտեր` ինչպիսին պէտք է ըլլայ կրթութիւնը, որ երեխային տայ այն, ինչ անոր անհրաժեշտ է, որ կարեւոր է աւելի հասուն տարիքին ազատ, անկախ ըլլալու, ներուժը ամբողջութեամբ բացայայտելու համար: Չեմ կրնար ըսել, որ այստեղ ներկայ գտնուողներէն ոեւէ մէկը գիտէ այդ հարցումին յստակ պատասխանը, բայց մենք ունինք Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետաքրքրական փորձը, պատմութիւնները, ծրագիրները: Այս հարցերը պէտք չէ քննարկուին միայն նախարարութիւններու ու գրասենեակներու մէջ, այլեւ մեր համայնքներուն մէջ: Սովորաբար կը մտածենք, որ մենք պէտք է համայնքներուն սորվեցնենք, մինչդեռ շատ կարեւոր է սորվիլ համայնքներէն», «Մետիամաքս»ի հարցումին պատասխանելով ըսաւ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»ի հիմնադիր եւ ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեան:

Բացման արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ գործնական հարցազրոյց մը տուաւ Լոռի մարզի Ստեփանաւան քաղաքէն համաժողովի մասնակից 11-րդ դասարանի աշակերտ Էդիկ Նազարեանին: Հարցուպատասխանի ընթացքին վարչապետը խօսեցաւ իր ծննդավայրին` Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքին մասին, անդրադարձաւ իր ստացած կրթութեան եւ ընդգծեց կրթութեան կարեւորութիւնը, որպէս շարունակական գործընթաց:

«Ինծի համար կրթութիւնը շարունակական գործընթաց է, եւ այդ է պատճառը, որ հիմա մենք կը քննարկենք մեր երկրի ռազմավարական տեսլականը: Այնտեղ կէտ մը ունինք եւ յոյս ունինք ատիկա մեր երկրի համար իրականութիւն դարձնել։ Ատիկա կը ձեւակերպենք հետեւեալ ձեւով` կրթութիւնը դարձնել ազգային ապրելակերպ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Մարդու կրթութիւնը պէտք է շարունակուի ողջ կեանքի ընթացքին: Ես նաեւ այսպիսի կարգախօս առաջարկած եմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին կրթական, զարգացման մակարդակը ամէն յաջորդ օր թէկուզ քիչ մը աւելի բարձր պէտք է ըլլայ, քան նախորդ օրը», նշեց վարչապետը:

Համաժողովին կը մասնակցի նաեւ «Լաւագոյն Ուսուցիչ» մրցանակաբաշխութեան այս տարուան դափնեկիր Փիթըր Թապիչին (Peter Tabichi)` իր աշակերտուհիին հետ: Քէնիայի Նաքուրու քաղաքի դպրոցներէն մէկուն մէջ գիտութիւն դասաւանդող Թապիչին ըսաւ, որ ուսուցիչին համար ամենակարեւորը աշակերտին կարողութիւններուն հաւատալն է ու անոր հետ սերտօրէն համագործակցիլը:

Նշենք, որ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագիրը, որ «Կրթութիւն Բոլորի Համար» ցանցի 50 անդամներէն մէկն է, աշխատանք կը տանի Հայաստանի 7 մարզերու եւ Արցախի մէջ։ Ան  գործունէութեան 5 տարիներու ընթացքին իր ուսուցիչ-առաջնորդներու օգնութեամբ կը փորձէ կրթական հաւասար հնարաւորութիւններ ապահովել Հայաստանի հեռաւոր համայնքներու երեխաներուն համար: Համաժողովի մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ Հայաստանի 30 գիւղեր։

Լուսանկարները՝ ՀՀ Վարչապետի պաշտօնական կայքէն

«Կրթութիւն Բոլորի Համար» միջազգային ցանցի գործադիր տնօրէն եւ համահիմնադիր Ուենտի Քոփ ելոյթի ընթացքին

«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»ի հիմնադիր եւ ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեան ելոյթի ընթացքին

Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց կու տայ համաժողովին մասնակցող 11-րդ դասարանի աշակերտ Էդիկ Նազարեանին