Կրոնիքան


Սիլվի Աբէլեան


– Վերոնիքա՞:

–  Ո՛չ, Կը-րո-նի-քա,-իր անունը վանկատեց պանդոկի սենեկակիցս, որ եկած էր Պուլկարիայէն Երեւան`մասնակցելու «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի հայ ազգագրական երգի ու պարի դասընթացքին: Կրոնիքան կտրտուած ու ծանր հայերէն կը խօսէր, բայց ուշագրաւ էր իր ճիգը, որ անպայման իր միտքը հայերէնով արտայայտէ, անկարելի ըլլալու պարագային  միայն կը դիմէր անգլերէնին:

Կրոնիքային առաջին այցելութիւնն էր Երեւան: Խտացուած դասընթացքի կողքին, ամէն օր բան մը կը բացայայտէր Երեւանէն ու գիշերը սենեակ կը մտնէր խանդավառ ու մանրամասն կը պատմէր այցելած թանգարանին, վանքին, եկեղեցիին մասին: Իրեն համար ամէն ինչ գեղեցիկ էր. հմայուած էր իր շուրջը տեսած ամէն բանով` ջուրով, քարով, հացով, պտուղով, ծիրանով… ամէն ինչի մէջ ո՛չ միայն կատարեալ հաճոյք ու գեղեցկութիւն կը տեսնէր, այլ նաեւ կը յանձնէր զանոնք շուրջիններու ուշադրութեան:

– Ես Գաւաֆեան եմ, շատ փնտռած եմ այլ Գաւաֆեաններ, բայց չեմ գտած,- օր մը տխուր յարեց Կրոնիքան:

– Բայց գիտե՞ս, աւելի լաւ սկսար խօսիլ հայերէն:

– Այո՛, կը զգամ,- գոհունակութեամբ մը փայլեցան աչքերը ընկերուհիիս եւ ուրախութենէն ծափելու սկսաւ:

Գիշեր մըն ալ ներս մտաւ աշխուժ ու ըսաւ.

– Տե՛ս` ինչ գնեցի,- երկարեց ձեռքը ու ափիս մէջ դրաւ տախտակէ տուփ մը:

Ի՜նչ տեսնեմ, Այբուբենը կազմելու ձեւաւորուած տախտակներ:

– Ասով այբուբենը պիտի սորվիմ,- ուրախութեամբ բացագանչեց:

Հանդարտ օր մը ալ մայրենի լեզուի կարեւորութեան մասին նիւթ սկսաւ դառնալ երկուքիս ու Յունաստանէն ժամանած մեզի տարեկից մասնակիցի մը միջեւ. վերջինս զուարթ ձայնով մը սկսաւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութեան տողերը արտասանել: Սովորականին պէս ցատկեց Կրոնիքան, թուղթ ու մատիտ բերաւ ու սկսաւ գրել: Մենք` երկուքով, արտասանեցինք կտորը, իսկ Կրոնիքան արտագրեց պուլկարերէն տառերով ու ապա բարձրաձայն սկսաւ կարդալ:

Փշաքաղուեցաւ մարմինս… չէի ապրած այսքան ազդու պահ, երբ մարդ օրէ օր կառչի իր լեզուին: Շատ լսած եմ` «վերադարձ արմատներուն», «ինքնութեան փնտռտուք» արտայայտութիւնները, բայց չէր պատահած, որ տեսնեմ աչքերովս եւ ուղղակի ապրիմ այդ վիճակը:

Դասընթացքը աւարտած էր,  եւ վկայագրերու բաշխման օրն էր: Կրոնիքիան բոլորին պէս հագած էր իր հետ բերած հայկական տարազը եւ հպարտ կանգնած էր շարքի` վկայագիրը ստանալու:

Յանկարծ անունը արտասանուեցաւ, որ առաջ անցնի, որովհետեւ իրեն անակնկալ մը կը սպասէր: Ի՜նչ զարմանք, յայտարարուեցաւ, որ բացայայտուած է Կրոնիքային ինքութիւնը: Յայտարարուեցաւ, որ ան կը պատկանի ֆետայի Քեռիի սերունդին: Յուզուեցաւ Կրոնիքան եւ յուզեց ողջ դահլիճը: Ուրախութեան արցունքները ծածկեցին դէմքը, վերջապէս գտած էր զինք անորոշ պահող հարցին պատասխանը:

Նման դէպքեր նորութիւն չեն մեր կեանքին մէջ. ամէն օր կը պատահին, բայց գէթ առիթ կու տան մտածելու, որ եթէ հայեր աշխարհի մէջ տեղ մը արցունքոտ աչքերով կը բացայայտեն իրենց ինքնութիւնը, լեզուն ամէն գնով սորվելու ճիգ կ՛ընեն, ուրիշ տեղ ալ հեռու կը վանեն մայրենի քաղցրիկ լեզուն իրենց զաւակներուն բերանէն`զլանալով հայ դպրոցի շունչն ու ոգին: