Հազարաւոր Գանատահայեր Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ Տարելիցը Օթթաուայի Մէջ


Ապրիլ 24ին, կազմակերպութեամբ Գանտայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ Թորոնթոյէն, Քէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Աթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին աւելի քան 2000 հայորդիներ եւ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ  տարելիցը։ Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ ասորական, ռուանտական պատուիրակութիւններու անդամներ։

Պաշտօնական հանդիսութեան Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Նորա Արուշեան՝ դատապարտելով Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը։ Ան յատկապէս շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զուգահեռ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ գործադրուած ասորիներու եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութիւնները նոյնպէս կանխամտածուած էին։

Խօսք առաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եգանեան, որ բուռն կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ նման ուրացումներ կրնան առաջնորդել այլ ցեղասպանութիւններու գործադրման ու անպատժելիութեան:

Իշխող Ազատական կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Անտրու Լեսլի, որ ընթերեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակի առիթով հրապարակած ուղերձը։

Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անունով խօսք առաւ խորհրդարանի անդամ Կարնէթ Ճէնիս, որ ներկաներուն յայտնեց, թէ իր մեծ մայրը Հրէական Ողջակիզումի վերապրողներէն եղած է եւ իրեն փոխանցած է հրեայ ժողովուրդի կրած արհաւիրքի պատմութիւնը։ Ան յայտնեց, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք Գերմանիան հատուցում կատարեց հրեաներուն, շեշտելով, որ ողջամիտ արարք պիտի ըլլար Թուրքիոյ` հետեւելու Գերմանիոյ օրինակին եւ արդար հատուցում կատարելու հայ ժողովուրդին։

Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ հայ ժողովուրդին զօրակցութեան խօսք արտասանեց խորհրդարանի անդամ Ալեքսանտր Պուլրիս, որ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Ապրիլ 24ը ճշմարտութեան յաղթանակակի օրը պէտք է դառնայ։

Ելոյթ ունեցան նաեւ Իսրայէլի եւ Հրէական Հարցերու Կեդրոնի տնօրէն Ռիշար Մարսօ, Հելլէնական-գանատական Քոնկրեսի նախագահ Թէոտոր Հալատծիս, Ռուանտացիներու HUMURA կազմակերպութեան փոխ նախագահ Ժան լոտ Նկապոնզիզա եւ Գանատայի Ասորի Երիտասարդութեան կողմէ Ռոզմարի Եաչուհ, որոնք հաստատեցին յոյն, հրեայ, ռուանտացի եւ ասորի ժողովուրդներու զօրակցութիւնը հայութեան դատին, շեշտելով, որ անցեալի ցեղասպանութեանց ուրացումները կ’առաջնորդեն նոր ցեղասպանութիւններու:

Խորհրդարանի դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք աւելի քան 2000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 150-200 թուրք ցուցարարները, հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններու ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը: Սիրուած երգիչ Էլի Պէրպէրեան խանդավառեց հայ ցուցարարները։