Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի եւ Շրջակայքի Վարչական Մարմինի Անդամ Դարձան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի Երկու Թեկնածուներ


“Գանձասար”,-  Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Դատական Բարձրագոյն Յանձնախումբի հաղորդագրութեան հիման վրայ, ճշդուեցան նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդները, ինչպէս նաեւ նահանգներու  վարչական միաւորներու կազմերը:

Արդարեւ, Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութեան արդիւնքով Հալէպի նահանգային Խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի թեկնածու Մարիա Գաբրիէլեան, իսկ Հալէպ նահանգի շրջակայքի վարչական միաւորին մաս կազմեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի թեկնածու Ներսէս Պարսումեան:

ՄԱՐԻԱ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

Ծնած է Հալէպ: Աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Իրաւաբանութեան ճիւղը, Դամասկոսի Պետական Համալսարանի Լրագրութեան ճիւղը, Համազգայինի Հայագիտական քառամեայ Հիմնարկը եւ Հալէպի Պետական Համալսարանի Բժշկական Ուսումնարանի Տարրալուծարանի ճիւղը:

Անդամ է Հալէպի Փաստաբանական պալատին:

Լրագրական եւ կրթական բնագաւառներէն ներս տարած է վաստակաշատ գործունէութիւն:

2012էն ի վեր Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինին բանբերն է:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Աւարտած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը:
-Կը պաշտօնավարէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, որպէս երկրորդական կարգերու դաստիարակ:
-Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջաւանարիտ Միութեան Վարչութեան ատենապետն է:
-Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ է:
-Ունեցած է միութենական բեղուն աշխատանք: