Հալէպի «Պարոն»Հիւրանոցը


ՃարտարագէտԿարպիս Մինասեան


Հայաստան իր աշխարհագրական դիրքով, արեւելքի եւ արեւմուտքի խաչմերուկին օտար այցելուներու հանգրուանը բոլոր ժամանակներուն: Երեւոյթ մը, որ պատմութեան ընացքին դրսեւորած է հայ ժողովուրդի հիւրընկալ նկարագիրը:

Այս իսկ պատճառով հայը հիւրանոցին եւ խոհանոցին յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է ու քայլ պահելով ժամանակին հետ, ունեցած է ժամանակակից ձեռնարկութիւններ, ինչպէս Սթանպուլի մէջ 19-րդ դարու Մկրտիչ Թոքաթլեանի եւ Յարութիւն Ջահապի հռչակաւոր հիւրանոցները եւ ճաշարանները:

Պատմութեան ընթացքին ուխտագնացութեան ճամբաներու վրայ գտնուող Հալէպի եւ Լաթաքիոյ քաղաքներուն մէջ անգամ հայերը կառուցած են ուխտաւորներու պատշաճ հիւրանոցներ, որոնք ծանօթ են Հոգետուն անունով: Ինչպէս օրինակ` Հալէպի Հոգետունը, որ հիմնուած է 1624-ին Հայ բարերար Խոճա Ղարիպեանի նուիրատուութեամբ եւ պատկանած է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան: Ան գտնուած է հայ եկեղեցւոյ մերձաւորութեան, ունեցած է ուխտաւորներու ծառայող 23 սենեակ, ջրհոր եւ երկու մեծ աւազան: Գետինը պատուած է ճերմակ սալիկներով: Ունեցած է հաստատուն դարպաս մը եւ դէպի եկեղեցի տանող երկրորդական փոքր դուռ մը: Ունեցած է 13 վիմագրութիւն, Նոր ջուղայի խոճաներու պատուէրներով փորագրուած, որոնք ծածկուած կամ յղկուած են:

Հոգետան քանդումը սկսած է երկրորդ աշխարհամարտէն ետք, ջրհորը փակուած է եւ շատ մը վիմագրութիւններ` անհետացած: 19-դարու ութսունական թուականներուն, Մազլումեաններուն մեծ հայրը` Գրիգոր, Խարբերդի եւ Արաբկիրի միջեւ Անջրդի գիւղէն

(Անաթոլիա), որ եղած է շրջահայեաց, աշխոյժ, ձեռներէց մարդ, իր ուխտագնացութեան ճանապարհին զգալով յարմար իջեւանի մը կարեւորութիւնը, ուսումնասիրած է Հալէպի շահեկան դիրքը, այնտեղ հաստատուած հիւպատոսութիւններն ու օտարներու հետաքրքրութիւնը Հալէպի հանդէպ: Այնուհետեւ 1882-ին ընտանեօք հոն հաստատուած է:

Բնակած է «Ալ Ճալլում ալ Սուղրա» շրջանը ու Մէճիտիէ ոստիկանատան մերձաւորութեան, Խան ալ Քասապիէի դիմաց կոկիկ շէնք մը վարձելով ձեռնարկած է «Արարատ» հիւրանոցի բացումին: Հիւրանոցը ունեցած է 12 սենեակ եւ օժտուած ժամանակակից տուեալներով: Ան

Շամի երկիրներու պատմութեան մէջ յիշատակուած առաջին պանդոկն է: 20 տարի ետք Գրիգորի զաւակները` Արմէն եւ Օննիկ Մազլումեաններ մոռնալով իրենց ժամագործութեան արհեստը, արդիական հիւրանոցի մը անհրաժեշտութիւնը զգալով կը հիմնեն 2 պանդոկ Ազիզիէի շրջանին մէջ, ոստիկանատան մօտ:

Արմէն կը հիմնէ «Հալէպ Բալաս Հօթէլ»ը, իսկ Օննիկ կը հիմնէ «Ազիզիէ Հօթէլ Բալաս»ը: Այս նորակառոյց հիւրանոցները շատ տարբեր էին նախորդ «Արարատ»էն: Իւրաքանչիւր հիւրանոց ունէր 12 սենեակ եւ ընդհանրական բաղնիքներ:

Նորակառոյց այս պանդոկներուն այցելուները ընդհանրապէս եւրոպացիներ էին, կային նաեւ հայ այցելուներ Այնթապէն, Մարաշէն, Սիսէն, Զէյթունէն: Իսկ սենեակին օրավարձքը մէկ հնչիւն նափոլիոն էր: Այս շրջանին` Մազլումեան եղբայրները միասնաբար կը բանեցնէին այլ պանդոկ մը եւս, որ կը կոչուէր «Փարք Հօթէլ»:

Հալէպ այցելուներուն աճող քանակը, քաղաքին վաճառականական եռուզեռը, արեւմուտք – արեւելք երկաթուղագիծի ծրագիրը ու Հալէպի արեւելեան շունչը կը մղեն Մազլումեան եղբայրները 1909-ին Պոսթան-Քլէպի ամայի պարտէզներէն հողաշերտ մը գնել` կառուցելու համար նոր ժամանակակից եւրոպական չափանիշերով հիւրանոց մը:

Շինութիւնը կը վստահուի ֆրանսահայ ճարտարապետ Գասպար Նաֆիլեանին, շինարար

վարպետները եւ շինանիւթը կը ներմուծուին Եգիպտոսէն, իսկ կահոյքը Եւրոպայի զանազան երկիրներէն: Երկյարկանի պանդոկը կ՛ունենայ 32 սենեակ` օժտուած պատշգամներով եւ 2 ընդհանուր բաղնիքով: Պանդոկը յատկանշական էր իր արեւել-

եան կամարներով, արեւելեան ու հայկական խառն նախշերով, իսկ մուտքի ճակտին կը կրէր «Հօթէլ Պարոն» անունը:

1911-ին հիւրանոցը պատրաստ էր: Բացումը կը կատարուէր մեծ ու ճոխ պարահանդէսով մը, որուն ներկայ էին քաղաքի բոլոր երեւելիները: Պարահանդէսը լուսաւորուած էր շքեղ լապտերներով, ինչ որ նորութիւն էր Հալէպի համար: 1916-ին հիւրանոցը կ՛օժտուի նաեւ տիզէլ շարժիչով մը, որ կ՛ապահովէր հիւրանոցի ելեկտրական ջերմուժն ու լուսաւորութիւնը:

Հոս հարկ է յիշել, որ հիւրանոցի «Պարոն» անունով մկրտումը, առաջարկուած էր տոքթ. Սամուէլ Շմաւոնեանի ու իր երեք ընկերներուն կողմէ, օտար յաճախորդներուն վրայ դրական տպաւորութիւն ձգելու համար: Այնուհետեւ Մազլումեանները պանդոկը անուանեցին «Հօթէլ Պարոն»:

Հիւրանոցի 30 տարուան յաջողութիւնը կը թելադրէ Մազլումեան երրորդ սերունդի ներկայացուցիչին` Գրիգորին աւելցնել 3-րդ յարկը, 1942-ին այնտեղ կը կառուցուին 17 առանձնասենեակներ եւ հիւրանոցի բոլոր սենեակները կ՛օժտուին սեփական բաղնիքով:

ժամանակի ընթացքին հիւրանոցին անունով` Պարոն պողոտայ կոչուեցաւ նաեւ անոր դիմաց երկարող ծառուղին, իր շուրջ համախմբելով օրուան բոլոր հանրածանօթ զբօսավայրերը, շարժանկարի սրահները, վաճառատուները, ճաշարանները, ակումբները եւ այլ ձեռնարկութիւններ, ինչպէս` Ռիքս , Ռիօ, Ռոքսի, Օփերա, Ամբեր, Գոզմոկրաֆ, Բալաս, Օրիանդ, շարժապատկերի սրահներ` Փարիզիանա, Ռիքսի, Գիթ-գաթ, զբօսավայրերը` Փալանճեան, Վէն Ռիս, Ճաշարանները` Պրազիլ, Ալ Տալլէ, Գազա Իթալիանա, Նաֆիթի, Երեւան, սրճարանները եւ վերջապէս Ա.ՊԷ.ՍԷ.(ԱՐՏՕ), Ուաթթար վաճառատուները, իսկ ակումբներէն յիշատակելի են` Հալէպ, Օրիէնթ, Հայկական Բարեգործական, Դաշնակիցներ եւ այլն:

Այսպէս «Պարոն» հիւրանոցը եղաւ միակը, որ 100 տարի շարունակ դիմաւորեց տարածաշրջանի, երկրի եւ քաղաքի ընտրեալ հիւրերը` տասնեակ կայսրեր, թագաւորներ, նախագահներ, զօրավարներ, գիտնականներ, միջազգային մշակոյթի արուեստի եւ գրականութեան գործիչներ հիւրընկալուեցան «Պարոն» հիւրանոցի շքեղ կամարներուն ներքեւ: Հիւրանոցի ոսկեմատեանի էջերուն վրայ բազմաթիւ են հռչակաւոր այցելուներու տպաւորութիւնները, որոնցմէ կը յիշենք`

Ֆէյսալ Թագաւոր… հիւրանոցի թիւ (215) սենեակը, որուն պատշգամէն թագաւորը արտասանեց Սուրիոյ Անկախութեան հռչակագիրը: Այս հիւրանոցին պատշգամէն նաեւ որ նախագահ Ճամալ Ապտ ալ Նասէր ճառեր կ՛արտասանէր: Նոյն պատշգամն էր նախագահ Հաֆէզ ալ Ասատի նախագահական արշաւին նուիրուած ճառերուն հարթակը:

Լօրանս ալ Արապ

Հիւրանոցի թիւ 202 սենեակին մէջ օրեր շարունակ կ`աշխատէր Լօրանս ալ Արապ հռչակաւոր անգլիացի սպան ու կը կազմէր իր նենգ ծրագիրները:

Ակատա Քրիստի

Հիւրանոցի թիւ 213 սենեակին մէջ ոստիկանական պատմուածքներու հանրածանօթ վարպետ Ակատա Քրիստի ներշնչուած  կը գրէր իր նշանաւոր պատմուածքը` «Ոճիր Մը Արեւելեան Ճէպընթացին Մէջ»:

Նոյն սենեակին մէջ Ակատային ամուսինը արեւելքի նուիրուած իր պատմութիւններու շարքով «Մեթր Մաքս Մալուին» կը բացայայտէր հիւսիսայհն Սուրիոյ պատմական անցեալը:

Հիւրանոցի սրահին մէջ երգերով հանդէս եկած են Ում Քալսում, Ապտ ալ Ուահապ, Ֆարիտ ալ Աթրաշ եւ ուրիշներ:

 

Բարսեղ Կանաչեան

Հիւրանոցի կամարներուն ներքեւ երգահան Բարսեղ Կանաչեան յօրինած է հայ մայրիկին նուիրուած հռչակաւոր «Օրօր»ը` զայն նուիրելով իր ժողովուրդին:

Հիւրանոցը ընդունած է նաեւ անջրպետագնացներ` Իւրի Կակարին եւ Վալանդինա Դիլոշքովան եւ այլք:

Հիւրանոց հանգրուանած է նաեւ Գրիգոր Զոհրապ, Ուիլիըմ Սարոյեան, Յովհաննէս Պատալեան ու շարք մը հայ արուեստագէտներ:

Հիւրանոցի այցելուներուն երկար ցանկը կը հաստատէ անոր կարեւորութիւնը: Ան լոկ կառոյց մը չէր, այլ պատմական վկայութիւնը տարածաշրջանի 100 տարուան պատմութեան:

Այսօր, երբ Մազլումեաններու չորրորդ սերունդը, յանձինս` Արմէն Մազլումեանի հեռացած է աշխարհէն եւ հիւրանոցը կը պատկանի Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան, իսկ պատերազմը իր հետքը թողած է անոր վրայ, հանրային պարտք մը կը համարենք արձանագրել տալ զայն ԻւՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ եւ նորոգելով վերաշխուժացնել կառոյցը, որպէս Ազգային Մշակոյթի Տուն, իր մէջ ամփոփելով մոմի թանգարան մը (wax museum), գրադարան մը, հանդիսութիւններու յատուկ սրահ մը, բացօթեայ տարածքներ, թանկագին իրերու եւ գոհարեղէններու ցուցակրպակներ, որպէս արդիւնաբեր ձեռնարկութիւն մը գալիք օրերուն համար:

 

Յօդուածի Աղբիւրներ.-

أرشيف مكتبة جمعية العاديات حلب

«Գեղարդ» տարեգրքաշար (Տօքթ. Ռոպէր Ճէպէճեան)

«Հալէպի Արձանագրութիւնները» (Ռաֆֆի Քորթոշեան)