Հալէպցի Հայ Ուսուցիչը Ամէն Ամիս Իր Աշխատավարձէն Մաս Մը Կը Տրամադրէ Հայկական Բանակին


«Սիվիլնեթ»․- Մանուէլ Քէշիշեան


Ֆեյսբուքի էջերը ողողուեցան հայկական բանակի մէջ ծառայող հայ զինուորներու նկարներով, չէ՞ որ Հայոց բանակի կազմաւորման 25ամեակն է:

Բոլորս հպարտ ենք մեր բանակով, հպարտ ենք որ մեր բանակը ստեղծուեցաւ Ղարաբաղի ազատագրութեան ճանապարհի վրայ, երբ կամաւոր հայ այրեր ձգելով  ուսում, ձգելով ընտանիք, յաճախ ինքնաշէն զէնքեր շալկած գացին Ղարաբաղ, մարտնչեցան յանուն հայրենիքի, կռուեցան Ազրպէյճանի եւ Խորհրդաին բանակին դէմ ու յաղթեցին, հպարտ ենք որ այդ տղոց մէջ կային նաեւ սփիւքահայեր:

Հպարտ ենք որ այսօր ալ մեր բանակը կը պաշտպանէ մեր երկիրը, կը պաշտպանէ 18 տարեկան իր մատղաշ տղոցմ եւ ալեհեր մազեր ունեցող զինուորներու սուրբ արիւնով:

Ընկեր մը ունիմ՝ Հալէպի հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ ընկեր մը. այս ընկերս անցեալ Նոյեմբերէն սկսեալ ամէն ամիս իր աշխատավարձէն մաս մը Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին խողովակով կը տրամադրէ Հայկական բանակին:

-Աւելորդ դրա՞մ ունիս,- կը հարցնեմ:

-Հալէպի մէջ այս օրերուն աշխատավարձով անձ մը կրնա՞յ աւելորդ դրամ ունենալ,-կը պատասխանէ:

-Հայաստանցիները չեն տար, դուն իրնցմէ աւելի՞ հայ ես:

-Հայաստանցիները իրենց կեանքը կու տան, իրենց զաւակներու կեանքով կը նուաճեն հպարտանալուիրաւունքը:

Ընկերս շատ լաւ գիտէ, որ բազմաթիւ Հայաստանիներ հրաժարեցան ամսական հազար դրամ տալու առաջարկուած պարտաւորութենէն որովհետեւ չէին (չեն) հաւատար իրենց ղեկավարներուն, բայց ընկերոջս համար ատիկա իրենց գործն է,  Հայաստանցիներուն լուծելիք հարցը, մենք՝ սփիւռքահայերս պարտաւոր ենք օգնել ամենայն հայոց հայրենիքը պաշտպանող ամենայն հայոց բանակին. ոչ թէ անով հպարտանալու իրաւունք նուաճելու համար, այլ մասնակից դառնալու մեր հայրենիքի պաշտպանութեան:

Ընկերոջս կ’ըսեմ.- Քու տուած քանի մը լումադ ի՞նչ պիտի փոխէ, օգուտ մը տուած ըլլալու յաւակնութիւնը ի զուր մի՛ փայփայեր: Աւելի լաւ չէ՞ քեզի պահես դրամդ, ատով գոնէ ջուր կը գնես, փոխանակ հորերէն կրելու, կամ…

Ընկերս կ’ըդմիջէ.- Իմ տուած դրամս օգուտ մը չի տար, բայց չէ՞ որ կրնամ օրինակ դառնալ, եւ կը հաւատամ որ օրինակ պիտի դառնամ, կը տեսնե՛ս, շատեր պիտի արձագանգեն ինծի… նոյնիսկ եթէ չարձագանգեն, կը բաւէ որ սահմանի վրայ գտնուող հայ զինուորը գիտնայ, թէ ես ալ հեռաւոր Հալէպի մէջ իրմով պաշտպանուած կը զգամ:

Ընկերոջս իրաւունք կու տամ, իր ըրածը հպարտանալէ անդին կատարուած արարք մըն է:

Համաձայն չէ՞ք: