Համազգայինի Առցանց Բեմի Մեկնարկ․ www.h-pem.com


Համազգայինի www.h-pem.com կայքի առաջին էջը։

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 13 Մայիս 2019-ին գործարկած է արդիական շունչով առցանց բեմ մը՝ www.h-pem.com-ը, որուն միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ հասնիլ սփիւռքահայ համայնքներուն, կապ ստեղծել հայերէնէն, հայկականէն եւ հայութենէն հեռացող բազմութիւններուն հետ, մասնաւորաբար՝ նոր սերունդներուն, զանոնք հայ մշակոյթին եւ հայութեան մօտեցնելու նպատակով։

Առցանց բեմը կը միտի զարգացնել եւ ամրացնել սփիւռքահայ երիտասարդութիւն-հայրենիք կապը, ինչպէս նաեւ հայկական օճախներու եւ հայրենիքի երիտասարդութեան ընձեռել կապի եւ հաղորդակցութեան միջոցներ:

Կայքի հաղորդակցութեան լեզուն անգլերէնն է, որովհետեւ այսօր յատկապէս երիտասարդութեան հասկնալի լեզուն է։ Բեմին առաքելութիւններէն մէկը կը մնայ հայերէնը տարածել իբրեւ հաճելի եւ բոլորին կողմէ գործածելի լեզու։

H-Pem-ը կը ձգտի՝ ծանօթացնել հայ մշակոյթը մշակութային արժէքներ, գործեր եւ նախաձեռնութիւններ, տրամադրել հանդիպման, վիճարկումի եւ սեփական գործեր ներկայացնելու վայր, իրականացնել մշակութային գործակցութիւններ եւ կենդանի սփռումներ:

Համազգայինը նախաձեռնած է այս դժուար բայց կենսական գործին՝ այն համոզումով, թէ գոյութիւն ունի ձուլումի ենթակայ սերունդներուն եւ հայկական արմատներու գիտակցութեամբ գոյատեւող սերունդներուն միջեւ սփիւռքահայերու խաւ մը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ աստիճանաբար հասնիլ հայութենէ հեռացող զանգուածներուն։

Բոլորը հրաւիրուած են անդամակցելու h-pem-ին եւ զայն տարածելու ընտանեկան, բարեկամական եւ միութենական շրջանակներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ընկերային ցանցերու վրայ, օգտագործելով հետեւեալ հասցէները։ Website։ www.h-pem.com Instagram: @hpemonline Facebook: H-Pem կամ facebook.com/hpemonline Twitter: @hpemonline