Համազգայինի «Արցախ» Պարարուեստի Ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» Պարախումբի Բարձրորակ Տարեկան Ելոյթը


«Կռունկներ». Արցախ Պարարուեստի Ուսումնարանի Մեծեր 

Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան

Վերջերս, Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի թիւերէն մէկուն մէջ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի հետեւեալ խօսքին հանդիպեցայ․ «Իրական արուեստի գործ մը պէտք է ցնցէ դիտողը մէկ տասներորդ երկվայրկեանի մը մէջ իսկ»։  Յունիս 22-23-ի շաբաթավերջին, Համազգայինի «Արցախ» Պարարուեստի Ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» Պարախումբի տարեկան ելոյթը՝ պարերու հոյակապ բեմադրութեամբ, համաչափ ու իրարու ամբողջացնող շարժումներով, տարազներու հարստութեամբ, երաժշտութեան, լուսաւորումի եւ բեմայարդարումի համադրումով, առաջին իսկ երկվայրկեանէն թռիչք տուաւ հանդիսատեսի մտքին ու հոգւոյն, քաշեց տարաւ զինք դէպի գեղեցիկն ու նրբակերտը։

Կարմիր, թաւշեայ վարագոյրը մեզ կը բաժնէ յաջորդող պահէն։ Լոյսերը կը մարին, կողմնակի խօսակցութիւնը կը դադրի ու, յանկարծ, ծնծղաներու ղօղանջին հետ բարձր կը հնչէ աշխարհով մէկ բեմեր թնդացնող «Երեւան-Էրեբունի»ն, ջերմ ալիք մը սահեցնելով իրանէս վար։ Մինչ երաժշտութիւնը կը շարունակուի, գլուխները մէկ առ մէկ դէպի ետեւ կը դառնան. «Համազգային» թատերասրահի զոյգ դռներէն մուտք գործած պարմանուհիներ, նռան գոյնով պատուած, իւրաքանչիւրը զոյգ ձեռքով մոմակալ մը բռնած, համրաքայլ դէպի բեմ կ՚ուղղուին։  Բեմի վարագոյրը հանդարտ կը բացուի, հանդիսատեսին առջեւ պարզելով «Էրեբունի» պարախումբի տարբերանշանը, շրջապատուած քարակերտ քանդակներու մեծկակ տպագրութեամբ։ Բեմահարթակին վրայ սահող լուսաճաճանչ քայլերու շորորը կ՚առաջնորդէ մեզ դէպի լոյսի հայրենիք։ 

Ու կը հնչէ զուռնան. Արա Գէորգեանի «Արտաշատ»ն է, պարի հրաւիրելով «Էրեբունի»ն, որ խանդավառ ու ինքնավստահ շարժումներով հանդէս կու գայ՝ հաւաստիացնելով անգամ մը եւս, որ «չի յաղթի ոչինչ այն հին ժողովրդին, որ այս ջանքով ու այս կամքով պարել գիտի։»

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչական ներկայացուցիչ Մարիա Գարակէօզեանի բացման խօսքին կը յաջորդէ «Արցախ» Ուսումնարանի փոքրերու Ա. Խումբը. «Ճուտիկներ»ը իրենց քունէն կ՚արթննան ու դեղին ծաւալուն փէշերով, համաժամանակ ու մանրիկ քայլերով, մատիկներու շարժումներով ու ժպտուն աչուկներով կը խլեն մեր հոգիները։ Կ՚անցնինք դէպի «Արցախ»ի մեծերը. «Կռունկներ»ը իրենց մայր կռունկին առաջնորդութեամբ ձեռքի այնքան նուրբ շարժումներով ու սահուն քայլերով կը գրաւեն բեմը. միտքս դարձեալ Էմինն է՝ «…աչքդ ուր թեքուէր դուր էր գալիս…»։

Կը յաջորդէ Արցախի փոքրերու Գ. Խումբը. «Կինտոներ»ը․ համարձակ են զարդարուն անձրեւանոցներու ներքեւ, խանդավառ են քայլերը, խօսուն են դէմքերը ։ «Կինտոներ»էն ետք մեզ կը դիմաւորեն «Սեւ աչեր»ը՝ ջութակահար Յովհաննէս Մուպայէտի կատարողութեամբ. ու կը քակուի յուշերու կծիկը, կը թեւածենք դէպի «Յուշեր»ու երազային աշխարհ «Էրեբունի»ի եւ «Արցախ»ի (մեծերու) աղջիկներու հոյակապ կատարումով։ Յուշերէն կը սթափինք, «Էրեբունի»էն Դաւիթ Մանուկեանի ու Հրակ Գարամարտեանի «Զուռնի տրնգի» կտրուկ շարժումներէ բաղկացած առոյգ պարով։ Պահ մը կ՚անջատուինք հայկականէն. «Էրեբունի»ի երկարամեայ անդամներէն Լանա Տէր Պետրոսեանն է բեմահարթակին վրայ. Լանայի սպանական պարի կենսալից կատարումը կը տպաւորէ հանդիսատեսը։

Վրայ կը հասնին լուսաշող դէմքերով Փոքրեր Բ. խումբի բողբոջները, ծաղկաւէտ «Գարուն»ը աւետելով. իսկ գարնան արեւով ջերմացած ի՞նչ կայ աւելի հարազատ քան մեր «Քոչարի»ն։ «Էրեբունի»ն է դարձեալ բեմահարթակի վրայ. առնական շարժումներով աղջիկ ու տղայ կը թնդացնեն սրահը՝ ծափեր պոկելով աւարտին։ Գարնան բոյրը կը շարունակուի «Բալենի»ի նուրբ ներկայացումով. հերթը Պատանիներու Բ. խումբինն է, կարմիր, ծաղիկներով զարդարուն տարազներով պարարտ բալենին կը գրաւէ հանդիսատեսը, իսկ Մեծերու խումբի «Տօնական պար»ը տօնախմբութեան մը ցնծութեամբ կը պատէ զայն։ Այնքան չքնաղ են հոգեհարազատ «Տաւիղ»ի մենակատարները՝ Վանի Եագուպեան, Մարիա Մանուկեան, Լանա Տէր Պետրոսեան. այնքան նրբաճաշակ է բեմադրութիւնը՝ հիացած ենք։

Պատանիներու Ա. խումբի «Կատակ պար»ով յառաջացած խանդը կը շարունակուի «Սուրերու պար»ով՝ ջութակահար Յովհաննէս Մուպայէտի կատարողութեամբ։ Քիչ անց, Մոկաց աշխարհ ենք.  եկա՜ն, եկա՜ն «Մոկաց հարսներ»ը։ Վեհ ու ծանրակշիռ կեցուածքով, հպարտ նայուածքով ու հրաշագեղ տարազներով կը յայտնուին բեմահարթակի վրայ «Էրեբունի»ի  եւ «Արցախ»ի մեծ խումբի աղջիկները՝ մենակատարութեամբ Ռուբինա Սարգիսեանի։ Երաժշտութիւնը յաւելեալ թափ կ՚առնէ բոլորին սիրելի «Շալախօ»ով, մենակատարն է Մեղեդի Կոստանեան՝ որդան կարմիրով պարուրուած։ «Ախալցխա»ի մէջ եւս կը տեսնենք հպարտ ու հաստատակամ հայուհին, թաւշեայ տարազի մէջ զուսպ շարժումներով, մենակատարութեամբ՝ Մարիա Մանուկեանի (Շաբաթ) Լանա Տէր Պետրոսեանի (Կիրակի)։ Ջաւախքի հայրենի հողերէն կը սաւառնինք դէպի հերոսական «Ղարաբաղ», ուր «Էրեբունի»ի տղաքն ու թաւշեայ, ոսկեզօծ տարազը հագին՝ մենակատար Ծիլա Գուրճաքեանը Արցախի ոգին կը փոխանցեն հանդիսատեսին։

Մերթ ընդ մերթ Մարիա Գարակէօզեանի բեմական խօսքերով՝ օրուան յայտագիրը կը հասնի իր աւարտին։ Փակումն է. 130 հաշուող պարողները խումբ առ խումբ կը յառաջանան դէպի բեմ, ջերմ ծափեր խլելով բոլորէն. յատուկ գնահատանքի կ՚արժանանան Էրեբունիի անդամները։ Հանդիսատեսը ոտքի է։

Ի հարկէ, որեւէ յաջող նախաձեռնութեան ետին կան ժրաջան ձեռքեր. այս պարագային՝ վարչական ներկայացուցիչը, պարարուեստի յանձնախումբը, խումբերու հսկիչները ու բեմի ետին գործող օժանդակ անդամները, բեմայարդարումի հեղինակ՝ արուեստագէտ Արա Տէր Յարութիւնեանը. բոլորին կ՚ըսենք՝ ձեր վարձքը կատար։

Հաւանաբար շատ բան կարելի է գրել տաղանդաւոր, վաստակաշատ պարուսոյց, գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ՝ Նելլի Կարապետեանի մասին, որուն կը պարտինք այս բարձրորակ ելոյթին յաջողութիւնը. որակի հանդէպ իր անխախտ ու անսակարկ համոզումը ակնյայտ է։ Հմուտ պարուսոյցի մը արժանիքներէն մէկը նաեւ իր ունեցած ատաղձէն լաւագոյնը քաղելու յաջողութեան մէջ է։ Բոլոր շնորհաւորանքներուն դիմաց, համեստաբար «ես բան չեմ արել» կը լսենք. այսինքն՝ սա տակաւին առաջին քայլն է. իսկ մենք, ըմբոշխնելէ ետք քանի մը ամսուան հունձքը` անհամբեր կը սպասենք գալիքին։

«Ճուտիկներ», “Արցախ” Ուսումնարանի Փոքրերու Ա. խումբ

 

«Ծաղկած բալենի», “Արցախ” Պարարուեստի Ուսումնարանի Պատանիներու Բ խումբ

 

«Գարուն», “Արցախ” Ուսումնարանի Փոքրերու Բ․ խումբ

 

«Կինտոներ», “Արցախ” Ուսումնարանի Փոքրերու Գ. խումբ

 

“Մոկաց հարսներ”, “Էրեբունի” պարախումբ. մենակատար Ռուպինա Սարգիսեան

 

“Շալախօ”, մենակատար Մեղեդի Կոստանեան

 

“Յուշեր”, “Էրեբունի” պարախումբ

 

“Արտաշատ”, “Էրեբունի” պարախումբ