Համազգայինի Գանատայի շրջանի 39րդ Շրջանային ժողով


Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի շրջանի 39րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ Յուլիս 28ին, Քընկսթընի Delta Kingston Waterfront պանդոկի ժողովասրահէն ներս, մասնակցութեամբ Մոնթրէալի «Սանահին», Թորոնթոյի «Գլաձոր» եւ Գէյպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղերը ներկայացնող 26 պատգամաւորներու եւ վարչականներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի ԿեդրոնականՎարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժիրայր Զաքարեանի։ Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղը չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, սակայն ուղարկած էր իր տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրը, որը կարդացուեցաւ ժողովին։

Միօրեայ ժողովը քննարկեց Շրջանային վարչութեան անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ բանաձեւեց 2018-2019 տարեշրջանի ուղեգիծը։ ժողովի աւարտին, պատգամաւորները միաձայնութեամբ ընտրեցին Շրջանային վարչութեան յաջորդ տարեշրջանի կազմը, բաղկացած ընկերուհիներ Ծովիկ Գահվէճեանէ, Մեղեդի Էթիեմէզեանէ, Մարալ Հասրճեանէ, Սալբի Մարգարեանէ եւ Մարալ Պէրպէրեանէ։