Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի «Անուրջներ» Համերգը


«Գուսան» երգչախումբը ղեկավարութեամբ` Հռիփսիմէ Թովմասեանի

Ար­շօ Զա­քա­րեան

«Ա­նուրջ­ներ» ձեռ­նար­կը նո­ւի­րո­ւած է Հա­մազ­գա­յի­նի «Գլա­ձոր» մաս­նա­ճիւ­ղի յիս­նա­մեա­կին»։ Ար­դա­րեւ, «Գու­սան» երգ­չա­խում­բի եր­գա­ցան­կով՝ մենք մեր մտքով եւ զգա­ցում­նե­րով կը սա­ւառ­նինք ե­րազ­նե­րու եւ յի­շա­տակ­նե­րու աշ­խար­հին մէջ։ Հան­դի­սա­վա­րը, ժա­մա­նա­կի սլա­քով, մեզի կը տա­նի դէ­պի ա­ռա­ջին ձեռ­նարկը՝ Կո­մի­տա­սի ծննդեան 100-ա­մեակին նուիրուած (1969 թո­ւա­կան), ա­պա դէ­պի 1981 թո­ւա­կան` Պա­րոն Է­տիկ Յով­սէ­փեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ երգ­չա­խում­բի մեծ ե­լոյ­թի հան­դի­սու­թիւնը։

Յայ­տա­գի­րը սկսաւ Կո­մի­տա­սի «Անձ­րեւն Ե­կաւ» եր­գով։ Մեծ վար­պե­տին ծննդեան 150-ա­մեակն է այս տա­րի, եւ մենք որ­քա՜ն ­պար­տա­կան ենք Կո­մի­տա­սին, որ ար­ձա­գան­գեց եւ ար­ձա­նագ­րեց հայ գիւ­ղա­ցիին, պան­դուխ­տին եւ բնու­թեան սրտա­բուխ եր­գե­րը։ Շա­պին Գա­րա­հի­սար ծնած հե­րոս Անդ­րա­նի­կին նո­ւի­րո­ւած«Գա­րա­հի­սար» եր­գին յա­ջոր­դեց «Այ Եայ­լի» ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։ Նո­ւէր Ղա­զա­րեան մե­ներ­գեց «Մշոյ Գո­րա­նի»ն, սրին­գով ա­նոր ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ իր որ­դին, ու ա­նոնք սի­րա­շա­հե­ցան ներ­կա­նե­րուն հա­ւա­նու­թիւ­նը։ Ան­կա­րե­լի էր մտքով չեր­թալ Քե­սապ եւ Մու­սա Լեռ, երբ Բար­սեղ Կա­նա­չեա­նի մշա­կած «Հէ­լէ Հէ­լէ»ն­ եր­գո­ւե­ցաւ, այդ իսկ շրջա­նի բար­բա­ռով։ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի եւ Հ․ Գրի­գո­րեա­նի «Լուռ Գի­շե­րին» եր­գով անկրկ­նե­լի պա­հեր վա­յե­լե­ցինք։ Յա­ջորդ եր­գը Կա­նա­չեա­նի շքեղ «Շու­շօ»ն­ էր։

Լե­ւոն Գա­րա­կիւ­լէեան, իր մշա­կո­ւած ձայ­նով եւ ապ­րու­մով, մե­ներ­գեց եր­կու երգ․ ա­ռա­ջի­նը՝ Ա․ Ծա­տու­րեա­նի խօս­քով, Ա․ Սպեն­դիա­րեա­նի «Այ Վարդ» եր­գը, իսկ երկ­րոր­դը՝ «Ե­րե­կոն Նա­ւա­հանգս­տում» եր­գը։ «Ես Աղ­ջիկ եմ» ժո­ղովր­դա­կան եր­գը միւս ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րուն նման շատ հա­ճե­լի հնչեց։ Սե­ւակ Յա­րու­թիւ­նեան, ինչ­պէս միշտ, սի­րա­շա­հե­ցաւ հան­դի­սա­տե­սին սիր­տը, երբ մե­ներ­գեց «Ես Ա­ռանց Քեզ» եր­գը։ Յա­ջորդ եր­գը, մե­նա­կա­տար­ներ Սե­ւակ Յա­րու­թիւ­նեանի եւ Ա­րա Տէր Յա­րու­թիւ­նեա­նի հո­յա­կապ ձայ­նով եր­գո­ւած, Ի­սա­հա­կեա­նի խօս­քե­րով եւ Գրի­գո­րեա­նի ե­րաժշ­տու­թեամբ «Ախ Աղ­ջիկ» երգն էր։

Ձեռ­նար­կի հան­դի­սա­վար Ար­շօ Զա­քա­րեան ներ­կա­յա­ցուց յա­ջորդ մե­նա­կա­տարը՝ Րաֆ­ֆի Տէր Պօ­ղո­սեա­նը, որ «Գու­սան» երգ­չա­խում­բի ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն մաս­նակ­ցած էր ե­լոյթ­նե­րուն՝ իր հօր ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Րաֆ­ֆին ընտ­րած էր Թա­փա­ռա­կա­նի խօս­քով եւ Գրի­գո­րեա­նի մշա­կու­մով՝ «Թոյլ Տո­ւէք Դառ­նամ» երգը, որ յու­զեց ներ­կա­նե­րը։ Հա­մազ­գա­յի­նը պար­գե­ւատ­րեց Րաֆ­ֆին ու բարձր գնա­հա­տեց հայ եր­գին հան­դէպ իր տա­ծած եր­կա­րա­մեայ ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մը։

Յայ­տագ­րին ա­ռա­ջին մա­սը հա­սաւ իր ա­ւար­տին «Տուն Իմ Հայ­րե­նի» եր­գով։ Այս եր­գին մե­նա­կա­տա­րը, իր ա­նոյշ ձայ­նով, Մի­նէ Ծա­տու­րեանն էր, որ փոքր հա­սա­կէն ման­կա­պա­տա­նե­կան «Հայ Աստ­ղեր» երգ­չա­խում­բէն եր­գել սկսած է եւ այժմ «Գու­սան» երգ­չա­խում­բին ան­դամ­նե­րէն է։

Յայ­տագ­րին երկ­րորդ մա­սի եր­գա­ցան­կին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ եր­գա­հան Խա­չա­տուր Ա­ւե­տի­սեա­նի կնի­քը կը կրէր։ Խա­չա­տուր Ա­ւե­տի­սեան ծնած է Գիւմ­րի, 1926-ին եւ մա­հա­ցած է Ե­րե­ւան, 1996-ին։ Բազ­մա­տա­ղանդ ա­րո­ւես­տա­գէ­տը ար­դէն 26 տա­րե­կա­նին ոս­կէ մե­տալ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած է Պեր­լի­նի եւ Մոս­կո­ւա­յի հա­մաշ­խար­հա­յին մրցում­նե­րուն։ 28 տա­րե­կա­նին ար­դէն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նը ստանձ­նած է Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան Պա­լէ խում­բին, իսկ յե­տա­գա­յին՝ Թա­թուլ Ալ­թու­նեան ա­նո­ւան եր­գի և պա­րի ան­սամպ­լին։

Ի՜նչ­ ու­րա­խա­լի էր, երբ ա­ռա­ջին եր­կու եր­գե­րը հնչե­ցին ման­կա­պա­տա­նե­կան Բ­ եւ Գ ­խում­բե­րու կա­տա­րո­ղու­թեամբ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Գ․ Բան­դու­րեա­նի «Մեր Աշ­խարհ»ը, իսկ երկ­րոր­դը Լ․ Դու­րեա­նի «Ե­րե­ւա­նի Ջուր» երգն էր։ Ա­նոնց յա­ջոր­դող բո­լոր եր­գե­րուն խօս­քե­րը նաեւ կը պատ­կա­նէին Լ․ Դու­րեա­նի։

«Իմ Ե­ղէգ» եր­գին, ի­րենց գե­ղե­ցիկ պա­րով, միա­ցան «Է­րե­բու­նի» պա­րա­խում­բի աղ­ջիկ­նե­րէն՝ Վա­նի Եա­գու­պեա­նը, Մա­րիա Մա­նո­ւեա­նը, Ծի­լա Գու­ճա­քեա­նը եւ Լա­նա Տէր Պետ­րո­սեա­նը։ Դիւ­թիչ էին թէ՛ պա­րը եւ թէ՛ եր­գը։ Ա­նոր յա­ջոր­դեց «Ե­րե­ւան» եր­գը, ա­պա՝ Մի­նէ Ծա­տու­րեա­նի մե­նա­կա­տա­րու­թեամբ հնչած «Ծաղ­կած Բա­լե­նի» եր­գին եւ «Է­րե­բու­նի» պա­րա­խում­բէն պա­րող Մա­րիա Մա­նու­կեա­նի եւ Լա­նա Տէր Պետ­րո­սեա­նի պա­րին շնոր­հիւ իյն­կանք հա­ճե­լի ա­նուրջ­նե­րու գիր­կը։ Նո­ւէր Ղա­զա­րեա­նի կա­տա­րո­ղու­թեամբ հնչած «Հո­վի­ւի երգ»ով զգա­ցա­կան պա­հեր ապ­րե­ցանք։ Մի­նէ Ծա­տու­րեա­նի եւ Սե­ւակ Յա­րու­թիւ­նեա­նի՝ «Որ­տեղ Գտնեմ Քեզ» զու­գեր­գը ուղ­ղա­կի հրճո­ւանք էր։

«Կռունկ­ներ» եր­գին հետ երգ­չա­խում­բին մաս­նակ­ցե­ցան «Ար­ցախ» պա­րա­րո­ւես­տի ու­սում­նա­կա­նէն 9 պար­մա­նու­հի­ներ ու այդ տե­սա­րա­նը դար­ձաւ ե­րե­կո­յին ա­մենէն տպա­ւո­րիչ պատ­կե­րը։ 23րդ­ եւ վեր­ջին երգն էր «Ա­ռա­ւօ­տեան Ե­րե­ւան»ը, ո­րուն ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ծա­փա­հա­րե­ցին։

Իս­կա­պէս նոր մա­կար­դա­կով եւ զգա­լի յա­ռաջ­դի­մու­թեամբ էր, որ «Գու­սան» երգ­չա­խում­բը, «Է­րե­բու­նի» պա­րա­խում­բը եւ «Ար­ցախ» պա­րա­րո­ւես­տի ու­սում­նա­րա­նը թո­րոն­թո­հա­յու­թեան հրամ­ցու­ցին ա­նուր­ջա­յին վա­յելք մը։ Այդ ե­րե­կո­յի նո­ւա­ճու­մին յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը վե­րագ­րո­ւի երգ­չա­խում­բի մաս­նա­գէտ ղե­կա­վար Հռիփ­սի­մէ Թով­մա­սեա­նին, որ միշտ կը ձգտի լա­ւա­գոյ­նին, ու իր կո­չու­մին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով՝ հայ եր­գը եւ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը փո­խան­ցէ մե­զի։ Դաշ­նա­կի վրայ եր­գե­րուն կ’ըն­կե­րակ­ցէր ե­րա­ժիշտ Վա­նիկ Յով­հան­նի­սեա­նը, որ գի­տա­կից եւ նո­ւի­րեալ ե­րա­ժիշտ է։ «Է­րե­բու­նի» պա­րա­խում­բի եւ «Ար­ցախ» պա­րա­րո­ւես­տի ու­սում­նա­րա­նի ղե­կա­վարն է Նել­լի Կա­րա­պե­տեան, ո­րուն կար­գա­խօ­սը բծախնդ­րու­թիւն եւ նո­ւի­րում է։

Րաֆֆի Տէր Պօղոսեան կը պարգեւատրուի հայ երգին հանդէպ իր տածած երկարամեայ ու անսակարկ նուիրուին համար

 

Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբի անդամներու ներկայացումը երգչախումբի ելոյթի ընթացքին

Սեւակ Յարութիւնեան եւ Մինէ Ծատուրեան զուգերգի պահուն