Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի Մեկենասութեամբ Հրատարակուեցաւ Երուանդ Օտեանի «Թաղականին Կնիկը»


«Ասպարէզ»․- Մեծանուն երգիծաբան Երուանդ Օտեանի «Թաղականին Կնիկը» վէպը կը ներկայացնէ 20րդ դարու պոլսահայ կեանքի կենցաղը, ուր հեղինակը նկարագրած է իշխող եւ մեծահարուստ խաւի կիներու քմահաճոյքները, մարդկային այլատեսակ նկարագիրները, ընտանեկան եւ բարոյական հարցերն ու սովորութիւնները:

Տուեալ ստեղծագործութիւնը, հակառակ անոր որ գրուած է 1915ին, երկու հանգրուաններով, սակայն իր նիւթով եւ մատնանշումներով շատ մը կէտերու մէջ կը պատշաճի նաեւ մերօրեայ ընկերութեան ապրելակերպին:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը անցնող օրերուն վերահրատարակեց Օտեանի վերոնշեալ երկը: Նոր հրատարակութեան մեկենասն է Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղը: