Համազգայինի «Հայ Աստղեր» Մանկապատանեկան Երգչախումբի Ոգեւորիչ Ելոյթը


Թամար Տօնապետեան Գուզուեան

Մասնայատուկ խինդ կը պատճառեն նոր սերունդին կողմէ ներկայացուող ելոյթները. ըլլան անոնք երգ, պար, արտասանութիւնթէն նկարչութիւն՝ մեզ նոր յոյսերով ու իղձերով կը պարուրեն մեր փոքրերուն կատարումները. ի վերջոյ, իրենց մէջ է որ կ՚ապրին այսօրուան յոյսն ու վաղուան լոյսը։

Հայ երգը հայ պահելու յանդուգն ու ազգօգուտ քայլ էր Համազգայինի Հայ Աստղեր մանկապատանեկան երգչախումբին յառաջացումը, եօթը տարիներ առաջ. այսօր, յիսունէ աւելի իր անդամներուն՝ չորս տարեկան մանուկէն մինչ երիտասարդութեան դռները հասած պատանիին կողմէ մեղեդիի պէս հնչող բիւրեղ հայ երգը օտարամոլութեան դէմ ծառացող մեծագոյն ազդակներէն է։

Յունիս 7 . Թորոնթոյի «Համազգային» թատերասրահը լեցուն է ծնողներով ու հարազատներով, հայ երգը քաջալերող ազգայիններով։ Համազգայինի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբի տարեկան համերգն է։ Յայտագիրին մէջ ընդգրկուած մօտ քսան երգերուն այլազանութիւնը ապացոյց է խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի բծախնդիր ու արհեստավարժ մօտեցումին, խումբը դէպի նոր վերելքներ առաջնորդելու որոշիչ քայլելուն։ «Հայ Աստղեր»ու երկարամեայ անդամ ու մեներգող Մինէ Ծատուրեան բացումը կը կատարէ համերգին, իր գնահատանքի խօսքը ուղղելով Համազգայինին, խմբավարին ու դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանի։ Ու ահա, իրարու ետեւէ կարգապահութեամբ ու մերթ ընդ մերթ աչքի տակէ ակնարկ մը նետելով դէպի հանդիսատեսը՝ բեմահարթակին վրայ կ՚երեւին Ա խումբի փոքրիկները։ Կը յաջորդեն խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանն ու դաշնակահար՝ Վանիկ Յովհաննիսեանը ու ծայր կ՚առնէ համերգը «Գառնուկ» երգով. ապա՝ «կարծում էք թէ կատակ է», «թզուկների երգը», «տո րէ մի» «Պապիկս ու մամիկս» եւ «Երեւան» երգերը եռանդով, անգիր, անվարան ու միաբերան կ՚երգեն բոլորը անխտիր, հետեւելով խմբավարի ուշադիր ցուցմունքներուն։

Կ՚անցնինք Բ խումբին ու իրենց հետ նաեւ մենք կարծես կը թեւակոխենք բարութեան ծառերով ողողուն՝ երազներու ու ուրախ կարուսելներու աշխարհը. «Կառուցման երգ», «Երազանք», «Ուրախ կարուսել» ու «Բարութեան ծառ» ը ինքնավստահ ու խանդավառ կը ներկայացնեն մեր աստղերը. զգալի է երգերուն որակը, իրարու ամբողջացնող ձայներուն ներդաշնակութիւնը որ արդիւնքն է ուշադիր հետեւողականութեան եւ բծախնդրութեան։

Կը հասնինք Հայաստան, մեր անուշ հայրենիքը ուր մեր սարի սիրուն եարը կը սպասէ. Գ. խումբին կողմէ կը լսենք «Հայաստան», «Մեր անուշ հայրենիք» եւ «Սարի սիրուն եար» քնարական երգերը. լաւ ներածական մը՝ յաջորդող աշխոյժ երգերուն, որոնք հեքիաթային ճանապարհով մեզ պիտի փոխադրեն Արցախ ու

արեւմտեան Հայաստան։ Բ եւ Գ. Խումբերու միասնութեամբ, այնքան հաճելի է լսել «Մեր աշխարհ», «Ղարաբաղ իմ», «Երեւան», «Մութն ընկել է», «Զէյթունցոց քայլերգ» եւ «Հեքիաթային ճանապարհ» երգերը…։ Ակնյայտ է տարուած աշխատանքը. տեղ-տեղ մեներգները՝ Մինէ Ծատուրեանի գեղեցիկ ձայնը, Անէթ Տէր Մինասեանի նուրբ մեկնաբանութիւնը, խումբին բարձրորակ երգեցողութիւնը յիշատակելի հանդէսի մը վերածած են երեկոն։ Մանկականէն ժողովրդային, քնարական ու ազգային՝ իւրաքանչիւրը իւրայատուկ երանգով օժտուած՝ վերջապէս կը հասնինք «Հայ ենք մենք»ին։ Բոլորը բեմի վրայ են. տրամադրութիւնները բարձր են, ծափերը՝ երկար։

Երգչախումբի յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Լորիկ Գաթրճեան, փակման խօսքին մէջ վեր կ՚առնէ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանի արժանիքները, բարձր կը գնահատէ իրենց ներդրումը ու միշտ դէպի լաւագոյնը ձգտելու վճռակամութիւնը։ խմբավարը իր կարգին յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ վաստակաւոր դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանին, իր երաժշտական տաղանդին եւ համեստ ու համբերատար կերպարին համար։

Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանի սրտի խօսքով ու պահպանիչով վերջ կը գտնէ երեկոն. Համազգայնավայել ձեռնարկ մը եւս իր լրումին կը հասնի ու էջը կը դարձնենք դէպի նորանոր հորիզոններ։