«Համահայկական Ուժերով Հայաստանը Կրնանք Դարձնել Մեր Երազանքներու Երկիրը». Հայկակ Արշամեան


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուող «Հեռախօսամարաթոն-2018»ը մեկնարկեց Ֆրանսայի մէջ. Անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 18ը:

 «Ֆոնեթոն-2018»ին մասնակցելու համար Ֆրանսա մեկնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: Հեռախօսամարաթօնի սկիզբը ազդարարելու համար Փարիզ կը գտնուի նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան։

«Համահայկական ուժերով Հայաստանը կրնանք դարձնել մեր երազանքներու երկիրը», յայտարարած է Արշամեան ֆրանսական AYP ռատիօկայանի «Հայաստանն այսօր» հաղորդաշարի եթերով:

Խօսելով է Համահայկական հիմնադրամի յետագայ ծրագիրերուն մասին` Արշամեան ըսած է, որ Հիմնադրամը պէտք չէ կեդրոնանայ միայն բուն շինարարութեան վրայ: «Ի հարկէ, շատ կարեւոր է ենթակառուցուածքներու զարգացումը: Սակայն, ես կը ցանկամ, որ Հիմնադրամը նաեւ բովանդակային ծրագիրներ իրականացնէ: Մենք պէտք է Հայաստանը դարձնենք միտք արտադրող երկիր: Պէտք է զարկ տանք Հիմնադրամի միջոցով նորարարութեան նոր բարձր արհեստագիտութիւններուն, մենք պէտք է զարկ տանք երկրի մշակոյթի ու արուեստներու զարգացման: Նաեւ մենք Հայաստանը Հիմնադրամի միջոցով պէտք է դարձնենք կանաչ ուժանիւթի երկիր», – նշած է ան:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յոյս յայտնած է, որ մօտ ապագային Հայաստանը աշխարհի մէջ կրնայ դառնալ իւրայատուկ ցանցապետութիւն: Ատոր համար կայ Սփիւռքը, անհրաժեշտ է միայն ամրացնել կապերը:

 Հիմնադրամի տնօրէնը ֆրանսահայ ունկնդիրներուն յայտնած է նաեւ, որ շուտով պիտի աւարտին Հիմնադրամին մէջ տեղի ունեցող ստուգումները: «Ըստ նախնական տուեալներու` Հիմնադրամի գումարներու կորուստ չէ եղած: Հիմնադրամը կը շարունակէ գործել թափանցիկ: Նուիրաբերուած իւրաքանչիւր սենթ պիտի ուղղուի իր նպատակին», ըսած է ան: