Համահայկական 7րդ Խաղերուն Բացումը Կատարուեցաւ Ստեփանակերտի Մէջ


Ստեփանակերտի` Ստեփան Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ, Օգոստոս 6ին հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ Համահայկական ամառնային եօթներորդ խաղերու բացումը:

Արարողութեան ժամանակ թատերական ձեւով ներկայացուեցաւ հայոց պատմութեան վառ էջերը` հեթանոսութենէն քրիստոնէութիւն, Հայկ նահապետէն Տիգրան Մեծ, Արցախեան ազատամարտէն մեր օրեր:

Այնուհետեւ պատուոյ շքախումբի ուղեկցութեամբ մարզադաշտ  բերուեցան Արցախի եւ Հայաստանի պետական դրօշները, որմէ ետք սկսաւ պատուիրակութիւններու շքերթը, որուն կը մասնակցէին տարբեր քաղաքներու հարիւրաւոր մարզիկներ:

Համահայկական 7րդ խաղերուն մէջ ամենամեծ պատուիրակութիւնը  ունի Երեւանը` 373 մարզիկով, իսկ Տուպայի եւ Պաղտատի խումբերը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին այս խաղերուն:

Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ երկու հանրապետութիւններու պետակական բարձրաստիճան այրեր։ 

Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց Համահայկական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան, որ շեշտեց, թէ խաղերը հիմք կը ծառայեն համահայկական մտածողութեան:

Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր խօսքը ներկաներուն ուղղելով ըսաւ. «Այստեղ բոլորդ ձեր տան մէջ էք, ձեր պապենական օճախին մէջ: Համահայկական խաղերուն այս օրերը անմոռանալի հետք պիտի ձգեն, մեզ մօտ: Այս խաղերուն պիտի յաղթէ մեր ժողովուրդը»:

Իսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Համահայկական խաղերուն մասնակցողներուն մաղթեց արդար մրցակցութիւն` շեշտելով, որ մենք կը դառնանք անպարտելի, երբ միասնական կ՛ըլլանք: Ապա ան բացուած յայտարարեց խաղերը:

Համահայկական ամառնային եօթերորդ խաղերը տեղի կ՛ունենան Օգոստոս 5-17` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ մրցումային 3 օրերը պիտի ըլլա Ստեփանակերտի, իսկ մրցումային յաջորդ օրերը` Օգոստոս 9-17, Երեւանի մէջ:

Խաղերուն կը մասնակցին պատուիրակութիւններ 35 երկիրներէ եւ 161 քաղաքէ: Ընդհանուր առմամբ` մարզական պատուիրակներու թիւը կը հասնի մօտ 5 300ի: Համահայկական ամառնային 7րդ խաղերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 17ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ: