ՀամաՀՄԸՄական Խաղերը Կրկին Հայրենիք Բերած են Մարզիկները


ԵՐԵՒԱՆ․ ՀամաՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերը հայրենիք բերած են մօտ 1250 մասնակիցներ, իսկ խաղերը նուիրուած են ՀՄԸՄի 100ամեակին:

«Խաղերը, Յուլիս 21ի առաւօտէն մեկնարկած են: Սա երրորդ անգամն է, որ ՀՄԸՄի խաղերը տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ, սակայն այս տարին յոբելեանական է, քանի որ ՀՄԸՄի 10րդ մարզախաղերն են: Այս խաղերը նուիրուած են ՀՄԸՄի 100ամեակին», ըսած է ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեան:

Կազմակերպող կոմիտէի անդամ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանի խօսքով` խաղերը Հայաստանի մէջ կազմակերպելը մեծ խորհուրդ ունի: «Անկախութենէն ետք բոլոր համահայկական կառոյցները իրենց միջոցառումները կը փորձեն իրականացնել հայրենիքի մէջ», շեշտած է Յակոբեան:

ՀՄԸՄ 10րդ մարզախաղերուն կը մասնակցին մարզիկներ 19 երկրի 21 մասնաճիւղերէ: Ամենամեծ մասնակցութիւնը ունի ԱՄՆ Արեւմտեան թեւը: Մասնակիցներուն տարիքը 14-35 է:

Մարզիկները պիտի մրցին 9 մարզաձեւու մէջ` ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլէյպոլ, ֆուտզալ, թենիս, մարզախաղ, սեղանի թենիս, լող, ճատրակ:

ՀՄԸՄ  խաղերու մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ Ծիծեռնակաբերդ:

Մարզախաղերը պաշտօնապէս  պիտի մեկնարկեն Յուլիս 22ին եւ պիտի աւարտին Յուլիս 29ին: