Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն, Թէ՞ Այլ Բնագաւառի Երկիր


Յարութ Չէքիճեան

24 Օգոստոս 2017-ի ՀՀ կառավարութեան ժողովին ընթացքին վարչապետ Կարէն Կարապետեան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալը. «Համաձայն հողային հաշուեկշռի տուեալների, հանրապետութեան ոռոգելի հողատարածքները կազմում են շուրջ 208 հազար հեկտար, սակայն վերջին տարիներին փաստացի ոռոգուող հողատարածքները տատանւում են 90-130 հազար հեկտարի սահմաններում: Կատարուած վերլուծութիւններից հետեւում է, որ ոռոգուող եւ ոռոգելի հողատարածքների այդպիսի տարբերութիւնը յատկապէս պայմանաւորուած է հողային եւ ջրային ռեսուրսների (միջոցներու), ինչպէս նաեւ ոռոգման ենթակառուցուածքների հնարաւորութիւնների ոչ արդիւնաւէտ օգտագործմամբ, ինչն անթոյլատրելի է որդեգրուած գիւղացիական տնտեսութիւնների զարգացման ծրագրերի պայմաններում» (1), (1 հեկտար= 10 հազար քառ. մեթր):

Կ՛արժէ նշել սակայն, որ, ըստ ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, Հայաստանը ունի 2,1 միլիոն հեկտար երկրագործական հողատարածք` հանրապետութեան տարածքին 72 տոկոսը, որուն մեծամասնութիւնը, սակայն, լեռնային արօտավայրեր են: Կը զարմանամ, որ իրականութենէն անտեղեակ` կարգ մը բանաստեղծներ «քարքարուտ երկիր» կ՛որակեն Հայաստանը, յատկապէս` «Երազ իմ երկիր հայրենի» հանրայայտ երգին մէջ, եւ այս երգի բառերուն հեղինակը, երգողները եւ ծափահարողները բոլորը ակամայ կը մեղանչեն մեր դալար հայրենիքին հանդէպ` տեսնելով միա՛յն 28 տոկոս ոչ դալար տարածքները… Արդեօք աշխարհի երեսին քանի՞ լեռնային երկիր ունի 72 տոկոսէն աւելի երկրագործական հողատարածք:

Մշակելի հողերը կը կազմեն 480 հազար հեկտար` որուն 452 հազար 900 հեկտարը հերկելի հողեր (3): Այստեղ հակասութիւն կայ վարչապետին տուեալներուն մէջ, սակայն հաւանաբար «ոռոգելին» է այս մեծ տարբերութեան պատճառը: Միւս կողմէ` նաեւ հակասութիւն կը նկատուի վերոնշեալ, նոյնպէս ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պատրաստած տեղեկագիրին` «ՀՀ 2014-ի գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման հիմնական արդիւնքները»-ուն հետ, ուր գիւղատնտեսական հողերը 513 հազար հեկտար կը կազմեն: Ո՞րն է իրական պատկերը:

Երկիր մը, որուն 72 տոկոսը երկրագործական կարողականութիւն ունի, կը դասուի իբրեւ ԵՐԿՐԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐ: Պէտք է ընդունիլ եւ համոզուիլ, որ Հայաստանը, իր բոլոր շրջանները նկատի առած, հիմնականին մէջ, ընկերաբանական սահմանումով, «ագարակային ընկերութիւն» է (agrarian society) (4) եւ կը պահանջէ համապատասխան ուշադրութիւն եւ քաղաքականութիւն: Նաեւ` ջուրով հարուստ, ըստ ՖԱՕ-ի (Պարէնաւորման եւ երկրագործական միջազգային կազմակերպութիւն) Հայաստանը անձ գլուխ տարեկան ունի 2780 խորանարդ մեթր (2780 հազար լիթր) օգտագործելի ջուր (5):

Ամէն գնով, արդիական միջոցներով պէտք է պահպանել դարուս ամէնէն թանկագին նիւթերէն` մեր ջուրի պաշարը, յաւելեալ ջրամբարներ եւ ջրելեկտրակայաններ կառուցելով: Կաթիլային դրութեամբ ոռոգել արտերը` առաւելագոյնս օգտագործելով աւելի բարձր ջրամբարներէ մղուող բնական հոսքով ջուրը` նուազեցնելով ելեկտրականութեամբ կամ վառելանիւթով բանող ջրմուղ սարքերու գործածութիւնը: Այս ուղղութեամբ որոշ աշխատանքներ կը կատարուին արդէն, սակայն պէտք է առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ հասցնել այս բնագաւառը:

Հայկական բանակէն եւ ռազմական հզօրացման առաջադրանքէն ետք, երկրագործութիւնը, ներառեալ` անասնաբուծութիւնը եւ ջրային պաշարի լաւագոյնս կառավարումը, պէտք է դասուի, հանրապետութեան երկրորդ կարեւորագոյն բնագաւառը: Վերջին տարիներուն այս ուղղութեամբ գնահատելի աշխատանք կը կատարուի, փաստը` վարչապետին վերոնշեալ ելոյթը:

Սակայն նկատելի է, համաժողովրդային եւ պետական առումով, այս բնագաւառի մասնագիտութեան հանդէպ համապատասխան շեշտադրումի պակասը` բաղդատելով համակարգչային մարզին հետ: Երկրին նախագահը եւ վարչապետը քանիցս այցելեցին «Թումօ» կեդրոններ, որոնց մասնաճիւղերը օրէ օր կը տարածուին Հայաստանի եւ Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ: Նկատելի է բացառիկ` անբնական խանդավառութիւն, քաջալերանք եւ հիացում…

Եթէ մեր պատանիները եւ երիտասարդութիւնը ապագային գրասենեակներու մէջ համակարգիչին առջեւ նստած աշխատանք պիտի տանին, ո՞վ պիտի մշակէ հողերը, ո՞վ պիտի արածէ հօտերը եւ արջառը, ո՞վ պիտի զբաղի երկրագործութեամբ, ո՞վ պիտի ապահովէ երկրին անվտանգ պարէնաւորումը… Լիբանանի եւ Յորդանանի նման` արտերկրէն բանուորնե՞ր պիտի ներածենք: Արդեօք բոլորը պիտի կարենա՞ն աշխատանք գտնել Հայաստանի մէջ, թէ՞ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ճամբայ կը հարթենք դէպի արտասահման արտագաղթի, ուր համակարգչային մասնագէտներուն պահանջը մեծ է:

Վերոնշեալ տուեալները նկատի առնելով` իրողութիւնը եւ տրամաբանութիւնը կը պարտաւորեցնեն հիմնելու նաե՛ւ երկրագործական եւ ագարակային ծրագիրով «Թումօ»-ի նման կեդրոններ` Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին արդիական երկրագործական եւ ագարակային նախնական գիտելիքներ ջամբելու մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, զանոնք մղելով ա՛յս ասպարէզինպահելով զանոնք իրենց հողին վրայ: Արդի հողագործութեան մէջ նաեւ համակարգիչի օգտագործումը մեծ դերակատարութիւն ունի` օդերեւութաբանութիւն, հողի խոնաւութեան աստիճան, կաթիլային ոռոգումի եւ այլ աշխատանքներու ինքնաշխատ սարքերու կառավարում, եղանակային ծրագրաւորում, ջերմոցներու ինքնաշխատ կառավարում եւ այլն: Անհրաժեշտ է պահպանել եւ աւելցնել այժմու երկրագործութեամբ զբաղող ժողովուրդին թիւը` ապահովելով նաեւ ապագայի հողագործը եւ ագարակապանը:

Կրնամ սխալած ըլլալ, սակայն պետութեան կողմէ նոյն խանդավառութիւնը նկատելի չէ Հայաստանի Ազգային ագրարային համալսարանի երկրագործութեան մասնագիտութիւնը ընտրած ուսանողներուն հանդէպ: Համալսարանը ունի հինգ մասնաճիւղեր` Երեւանի, Վանաձորի, Սիսիանի, Շիրակի եւ Շուշիի (Արցախ) մէջ` եօթը բաժանմունքներով, իւրաքանչիւրը իր կարգին յատուկ մասնագիտութեան ենթաբաժանումներով` 1. Գիւղատնտեսութիւն, 2. Պարէնամթերքի ճարտարարուեստ, 3. Ջուրի բարելաւման, հողամշակման եւ կալուածաչափութեան, 4. Գիւղատնտեսութեան մեքենականացման եւ փոխադրութեան, 5. Անասնաբուժական բժշկագիտութիւն եւ անասնաբուծութիւն, 6. Գիւղատնտեսական առեւտուր եւ շուկայագիտութիւն եւ 7. Տնտեսագիտութիւն (6):

Փաստօրէն երկրագործական ուսանողներու վերի նկարը միա՛կ նկարն է, որ գտայ համացանցին վրայ, այդ ալ համալսարանի կայքէջէն: Թէպէտ կայքէջի նկարներու բաժինը հարուստ է իր 17 էջերով, իւրաքանչիւր էջ` շուրջ 100 լուսանկարներով, սակայն` տարօրինակ է 1700 նկարներուն մէջ միա՛յն մէկ նկարի գոյութիւնը` երիտասարդ համալսարանականներու հողի՛ն վրայ կատարած գործնական աշխատանքին… Կարելի չեղաւ ստուգել տարեկան այս մասնագիտութիւնները ընտրող ուսանողներուն թիւը, սակայն, ըստ երեւոյթին, բարեբախտաբար մեծ է անոնց թիւը:

Բոլոր տուեալները կ՛ապացուցեն, որ գիւղատնտեսութեան մարզը տակաւին իր կարողականութեան միայն շուրջ 30 տոկոսը կ՛օգտագործէ` հսկայական անսպառ ասպարէզ ընծայելով ներկայի եւ ապագայի սերունդներուն, յատկապէս` մայրաքաղաք Երեւանէն դուրս ապրող մեծամասնութեան համար: Պէտք է գրաւիչ դարձնել երկրագործական ասպարէզը իր զանազան ճիւղաւորումներով` երիտասարդ հայը հողին կապող եւ արտագաղթը, հայրենալքութիւնը կասեցնող, նաեւ հայրենադարձութիւն ապահովող այս բնագաւառը, ժողովուրդը ի՛ր բնակավայրին մէջ պահելու արմատացնելու` իբրեւ բնական ու պահանջուած ասպարէզ:

19-րդ դարու ճարտարարուեստական յեղափոխութեան պատճառով գիւղերէն մայրաքաղաք աշխատաւորներու հոսքը դասական վարակ մըն էր, որմէ կրցան ձերբազատիլ աշխարհի զարգացած երկիրները` շնորհիւ երկրի բոլոր շրջաններու զարգացման տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան: Երկրորդ եւ երրորդ կարգի դասուած երկիրները տակաւին կը տառապին դէպի գլխաւոր քաղաքներ ժողովուրդի հոսքէն եւ արտագաղթէն: Հայաստանը դժբախտաբար կը գտնուի երկրորդ դասակարգին մէջ, ոչ թէ` ճարտարարուեստի յեղափոխութեան պատճառով, այլ` վերանկախացումէն ետք փոքրաթիւ անհատներու կողմէ հայրենիքին հարստութիւնը, տնտեսական կարողականութիւնը վայրագ կերպով յափշտակելու մոլուցքին հետեւանքով եւ երկրի ընդհանուր բարգաւաճման, զարգացման եւ հայրենադարձութեան քաղաքականութեան բացակայութեան պատճառներով:

Գնահատելի է այս կառավարութեան կողմէ բոլոր մարզերը զարգացնելու շեշտուած քաղաքականութիւնը եւ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան ցարդ կատարած եւ կատարուող աշխատանքը: Գնահատելի է նաեւ կարգ մը հայաստանեան ձեռնարկութիւններու կողմէ երկրագործական ենթակառուցուածքներու տեղական արտադրութիւնը, ինչպիսիքն են` կաթիլային ոռոգումի խողովակներն ու սարքերը եւ երկրագործութեան յատուկ ջրաբաշխումի այլ պիտոյքները: Զուգահեռ կերպով պէտք է ստեղծուին երկրագործութեան եւ անասնաբուծութեան պահանջները մատակարարող գործարաններ եւ ծառայութիւններ`  առաւելագոյնս արտադրելու երկրագործական եւ ագարակային տնտեսութեան համար պիտանի լրացուցիչ բոլոր սարքերը, կազմածները, գործիքները եւ մեքենաները:

Այս ուղղութեամբ, հետաքրքրական է վերեւ երեւցող «երկրագործութիւն մէկ բեռնարկղէ» դրութիւնը` սկսած Ամերիկայի մէջ, որ 12 ամիս բանջարեղէն կ՛ապահովէ նոյնիսկ սառուցեալ Ալասքայի մէջ: Կ՛արժէ ագրարային համալսարանի ուսանողութեան եւ յատուկ ձեռնարկութիւններու կողմէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ ուսումնասիրել եւ պատրաստել` արտադրել հայաստանեան եւ արցախեան պայմաններուն յարմարող, համակարգիչով եւ բջիջային ծրագիրներով, գիտելիքներով, երկրագործական ցուցմունքներով եւ գործիքներով համալրուած բեռնարկղներ, կարելի դարձնելով նոյնիսկ գիւղատնտեսութենէ գաղափար չունեցող անհատներուն` դառնալու հողին կառչած մշակներ:

Անյապաղ պէտք է հիմնել երկրագործական եւ ագարակային` «Թումօ»-ի նման կեդրոններ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին, նաեւ` երկրագործութիւնը մտցնել կրթական ծրագիրին մէջ: