Հայաստանը Եւրոպական Ընտանիքին եւ Մշակոյթի Անբաժանելի Մասն է. Եւրոպական Միութեան Նախագահ


Տոնալտ Թուսք Սեւանավանքի մէջ

Սա այն տեղն է, ուր կը բաբախէ Եւրոպայի սիրտը: Սեւանավանք կատարած այցելութենէն ետք լրագրողներուն յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք:

«Թէեւ ես քաղաքական գործիչ եմ, սակայն մշակոյթը շատ աւելի կարեւոր է եւ  ամէնէն աւելի: Ես իսկապէս տպաւորուած եմ: Որպէս եւրոպացի` կը կարծեմ, որ սա միայն իմ տեսակէտը չէ` սա այն տեղն է, ուր Եւրոպայի սիրտը կը բաբախէ»,- ըսած Թուսք:

Ան Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը համարեց ամենատպաւորիչներէն մէկը` ոչ միայն այս տարածաշրջանին մէջ: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ երկրի ամենակարեւոր առաւելութիւնը համարեց Հայաստանի բնակիչները, շեշտեց` ատիկա ուղղակի հաճոյախօսութիւն չէ:

Թուսք նշեց, որ առաջին անգամ է, որ խաչքարեր կը տեսնէ եւ շատ տպաւորուած է:

Ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խուրհուրդի նախագահը ֆէյսպուքի մէջ գրած է իր տպաւորութիւններուն մասին՝ եւ փոխած իր էջի գլխաւոր նկարը` Նորատուսի խաչքարերու համալիրի լուսանկարով։ Տոնալտ Թուսք նշած է, որ Հայաստանը եւրոպական ընտանիքին եւ մշակոյթի անբաժանելի մասն է:

«Անկեղծ մարդոց վայր, ուր ազատութիւնը արժէք է: Սեւանավանքը յուշարձան է, որ կը փաստէ Հայաստանի հազարամեայ ազդեցութիւնը եւրոպական մշակոյթին վրայ»,- գրած է ան:

Ան նաեւ լուսանկարներ հրապարակած է Սեւանավանք եւ Նորատուս կատարած իր այցէն, ինչպէս նաեւ Երեւանի կեդրոնը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զբօսնելու ժամանակ:

Տոնալտ Թուսք Նորատուզի խաչքարերուն մօտ