Հայաստան Տակաւին Պատրաստ Չէ Մեծ Ներգաղթ Կազմակերպելու․ Սփիւռքի Նախարար


“Թերթ”,- Սփիւռքի նախարարութիւնը կը պատրաստուի առաջարկներ ներկայացնելու Արտաքին գործոց նախարարին եւ վարչապետին` մեծ համայնքներ ունեցող դիւանագիտական հաստատութիւններու մէջ ապահովելու Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, որոնք համայնքի հետ ամենժամեայ կապի մէջ ըլլան:

Այս մասին Օգոստոս 21ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան:

Ամփոփելով Կիպրոս եւ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցերը` նախարարը յայտնեց, որ բոլոր քաղաքական ուժերու, կազմակերպութիւններու, եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներու կողմէ կար դրական մօտեցում` կապուած հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն ՝ կաշառակերութեան դէմ պայքար, օրինականութեան հաստատում եւայլն:

«Շատ մեծ հեռանկար կայ մեծ թափով հայրենադարձութիւն ապահովելու, բայց Հայաստանը պատրաստ չէ մեծ ներգաղթի: Հիմնական երկու խնդիր կը հետաքրքրէ անոնց, որոնք կ՛ուզեն հայրենադարձուիլ` օրինականութեան ապահովումը երկիր մէջ եւ աշխատատեղերու հարցը: Ներդրումներու հետ կապուած հարցերը բազմաթիւ են ` արտօնեալներու հետ կապուած, իսկ հայրենադարձութեան մասով խնդիրներ կան, օրինակ` ֆիզիկական անձերու գոյքի մաքսազերծման, տեղափոխման վերաբերեալ», նշեց ան:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 17ին կայացած հանրահաւաքի ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ այս տարուան Մայիս 10էն Օգոստոս 14 ժամանակահատուածին Հայաստան ժամանած 29986 մարդով աւելի շատ է, քան մեկնածները:

Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին մեկնածներուն թիւը 6000ով աւելի էր եկածներէն: Փորձագէտներու կարծիքով` եթէ այս երեւոյթը շարունակական ըլլայ, ապա տարին հնարաւոր է ամփոփել ներգաղթով:

«Ի հարկէ, չենք կրնար պնդել, որ բոլոր 29 հազարը հայրենադարձներ են, բայց կրնամ ըսել, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան 100 ընտանիք ինծի ըսին, որ տուները վաճառքի դրած են: Մարդիկ մօտեցան եւ ըսին, որ պիտի գան Հայաստան: Այժմ տուեալներ չկան, բայց վերադառնալ ցանկացողները շատ են», ըսաւ նախարարը:

Անոր խօսքով` հայրենադարձութիւնը պետութեան քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է, բայց կարեւոր է նաեւ հայապահպանութեան հարցը:

«Միայն հայաստանակեդրոն մօտեցումը ընդունելի չէ մեզի համար: Հայաստանը պէտք է սկսի լուծել Սփիւռքի մէջ առկայ խնդիրները․ հայերու շահերը դուրսը ներկայացնելու գործին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւս պէտք է ունենայ իր ներգրաւուածութիւնը: Ի վերջոյ, ուժեղ Սփիւռքը պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացման, անվտանգութեան բարձրացման եւայլն», ըսաւ ան: