Հայաստանի Առաջին Տիկինը Կ՛այցելէ ՀՕՄի «Սօսէ» Մանկապարտէզ


Հոկտեմբեր 15ին, Հայաստանի նախագահի տիկին՝ Նունէ Սարգսեան, Արցախի առաջին տիկին Անահիտ Սահակեան եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան այցելեցին ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզ, ուր աղ ու հացով ու ծաղկեփունջերով դիմաւորուեցան փոքրիկներու կողմէ:

ՀՕՄի Արցախի կառոյցի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեան եւ մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեան հիւրերուն ծանօթացուցին մանկապարտէզի շէնքին պայմանները եւ հնարաւորութիւնները: Առաջին տիկինները ներկայ գտնուեցան Նունէ Սարգսեանի Արցախի բարբառով թարգմանուած «Քաչալ Ոզնին» հեքիաթի բեմադրութեան, որ ուրախ տրամադրութիւն պարգեւեց փոքրիկներուն:

Նունէ Սարգսեան մանկապարտէզին նուիրեց իր հեղինակած հեքիաթներու գիրքերէն յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ իր ստեղծագործութիւնները կը նպաստեն երեխաներու համակողմանի զարգացման: