Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան Հոկտեմբեր 17ին հանդիպում ունեցած է Օթթաուայի քաղաքապետ Ճիմ Ուաթսընի հետ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Օթթաուայի քաղաքապետին Հայաստանի դեսպանութեան հետ ծաւալած սերտ համագործակցութեան համար` դեսպան Մարտիրոսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է յետագային եւս շարունակելու համատեղ աշխատանքները:
Ճիմ Ուաթսըն իր հերթին շնորհաւորած է Հայաստանի դեսպանը` պաշտօնի ստանձման առիթով, եւ յոյս յայտնած, որ անոր գործադրած ջանքերուն շնորհիւ հայ-գանատական երկկողմ յարաբերութիւնները աւելի կը զարգանան:
Զրուցակիցները անդրադարձած են երկկողմ յարաբերութիւններու տարբեր ոլորտներու` ընդգծելով ատոնց մէջ արձանագրուած ձեռքբերումերը: Քննարկուած է Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Գանատայի 150-ամեակի առթիւ Գանատայի եւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներու ընթացքը:
Անոնք կարեւոր համարած են տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ ծաւալած աշխոյժ համագործակցութիւնը:
Մտքեր փոխանակուած են ապակեդրոնացուած համագործակցութեան զարգացումը աւելի խթանելու վերաբերեալ: