Հայաստանի եւ Արցախի Պաշտօնատար Անձիք Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Սումկայիթի Ոճրագործութեան Անմեղ Զոհերու Յիշատակին


ՀՀ պաշտօնատար անձիք Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին յարգանքի տուրք կը մատուցեն Սումկայիթի զոհերու յիշատակին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․,  փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեան, Տիգրան Աւինեան, , անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին յարգանքի տուրք մատուցեցին 1988-ի Փետրուար 27-29 Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Գարեգին կաթողիկոսի առաջնոևդութեամբ՝ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ զոհուածներու հոգիներու հանգստութեան համար։ 

Նոյն օրը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արցախի առաջնորդ Պարգեւ Արք․ Մարտիրոսեան՝ ուղեկցութեամբ պետական պաշտօնեաներու Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ ծաղիկներ խոնարհեցին անմեղ զոհերու յիշատակը ամնահացնող յուշակոթողին։ 

Փետրուար 28-ին կը լրանայ Խորհրդային Ազրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուած դաժան սպանդի ու տեղահանութեան 32-րդ տարելիցը:

1988-ի Փետրուար 27-29-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ ազրպէյճանական իշխանութիւնները պետական մակարդակով կազմակերպեցին քաղաքի հայ բնակչութեան ջարդերն ու զանգուածային տեղահանութիւնը: Փետրուարի 29-ին Խորհրդային զօրքերը մտան Սումկայիթ, սակայն այդ օրը եւս շարունակուեցան սպանութիւնները: Բանակը միայն երեկոյեան դիմեց վճռական գործողութիւններու եւ կանխեց յետագայ ջարդերը:

Թէեւ միջազգային հանրութիւնը տակաւին չէ ճանչցած Սումգայիթի ոճրագործութիւնը որպէս ցեղասպանութիւն, բայց զայն դատապարտած են Եւրոխորհրդարանը (1988 թ.), Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը (1989 թ.) եւ Արժանթինի Խորհրդարանը:

  

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ ծաղիկներ կը խոնարհեն Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն յիշատակին նուիրուած խաչքարին

 

Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ Արցախի պաշտօնական այրեր յարգանքի տուրք կը մատուցեն Սումկայիթի զոհերու յիշատակին