Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց Անկախութեան 27րդ Ամեակի Տօնակատարութիւն


Յա­րութ Տո­նո­յեան


27 տա­րի ա­ռաջ նոր էջ մը բա­ցո­ւե­ցաւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան հո­լո­վոյ­թի պատ­մու­թեան մէջ. Հա­յաս­տա­նի Եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը դար­ձաւ փաստ եւ ի­րա­կա­նու­թիւն: 1991ի ժո­ղովր­դա­յին հան­րա­քո­ւէն ե­կաւ ձայ­նե­րու բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ՙա­յո՚ ը­սե­լու ան­կա­խու­թեան ընտ­րան­քին:

Մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին սրըն­թաց վե­րի­վայ­րում­նե­րը, ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան կտրուկ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը եւ ար­ցա­խեան թէժ մար­տե­րը պար­տադ­րե­ցին այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ, որ Հա­յաս­տան պի­տի ընտ­րէր իր ինք­նու­րոյն ու­ղին, պի­տի ըն­թա­նար այն ճա­նա­պար­հով« որ տար­րա­կան ի­րա­ւունքն է իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուր­դի: Ան­կախ էր Հա­յաս­տա­նը եւ պատ­րաստ` միա­նա­լու մի­ջազ­գա­յին մեծ ըն­տա­նի­քին:

21 Սեպ­տեմ­բեր 2018 թո­ւաա­կա­նին թո­րոն­թո­հա­յու­թիւ­նը բա­ցա­ռիկ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ վա­յե­լե­լու Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեանց ան­կա­խու­թեան 27րդ­ ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 27ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան Թո­րոն­թո­յի միա­ցեալ մարմ­նի:

Սոյն տօ­նա­կա­տա­րու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Գա­նա­տա­յի« Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու քայ­լերգ­նե­րով, ա­պա բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նեց օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար Յա­րութ Տո­նո­յեա­նը` ընդգ­ծե­լով, որ հա­յու­թեան հա­մար ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մը երկ­նա­տուր պար­գեւ մը չէ, պա­տա­հա­կան ի­րա­դար­ձու­թեանց հե­տե­ւան­քը չէ, այ­լոց կամ­քին եւ քմայ­քին ար­գա­սի­քը չէ, այլ` դա­րե­րու խոր­քէն ե­կած պատ­մու­թեան ար­ձա­գան­քը, հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րու գո­յա­պայ­քա­րի մը ար­դիւն­քը, հե­րո­սա­կան սխրանք­նե­րու բնա­կան եւ ար­դար վաս­տա­կը: Այ­նու­հե­տեւ հնչեց Գա­նա­տա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Լե­ւոն Մար­տի­րո­սեա­նի ող­ջոյ­նի ու­ղեր­ձը:

Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեանց ան­կա­խու­թեան 27րդ­ ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը յատ­կան­շա­կան էր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր բազ­մա­զա­նու­թեամբ: Հա­մազ­գա­յի­նի ՙԳու­սան՚ երգ­չա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու փունջ մը` Հռիփ­սի­մէ Տէ­միր­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ: Երգ­չա­խում­բին յա­ջոր­դեց Յով­հան­նէս Շի­րա­զի ՙՈր­դիս քեզ ի՛նչ կ­տա­կեմ՚ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը Վա­նա Գա­զան­ճեա­նի կա­տա­րո­ղու­թեամբ:

Օ­րո­ւայ բա­նա­խօսն էր ՀՕ­Մի ա­մէ­նօ­րիայ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Րաֆ­ֆի Սար­գի­սեան, որ ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցուց Ոս­կեայ տա­ռե­րով գրո­ւած Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քը` կա­րե­ւոր անդ­րա­դարձ ու­նե­նա­լով Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման, որ գրա­ւա­կա­նը դար­ձաւ Եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման ու կա­յաց­ման: Սար­գի­սեան նաեւ ընդգ­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի դի­մաց յա­ռա­ջա­ցած ժա­մա­նա­կա­կից մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման ճա­նա­պար­հին միաս­նա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ­պէս ե­րաշ­խիք եւ գրա­ւա­կանª կա­յուն եւ զար­գա­ցած Հա­յաս­տա­նի յա­րա­տե­ւու­թեան:

Բա­նա­խօ­սին յա­ջոր­դեց Դա­լար Սի­մո­նեա­նի կա­տա­րո­ղու­թեամբ ՙԵ­րե­ւանս՚ եւ ՙՄար­տի­կի երգ՚ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը` դաշ­նա­կա­հար Վրէժ Ղա­զա­րեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Գէ­ւորգ է­մի­նի ՙՍա­սուն­ցի­նե­րի պա­րը՚ բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Մատ­լէն Սա­հա­կեան` ո­գեշն­չե­լով ներ­կա­նե­րուն ազ­գա­յին կամքն ու յաղ­թա­կան ո­գին:

Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեանց ան­կա­խու­թեան 27րդ­ ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մասն ամ­փո­փեց Հա­մազ­գա­յի­նի ՙԷ­րե­բու­նի՚ պա­րա­խում­բը Քո­չա­րի եւ ազ­գագ­րա­կան այլ պա­րե­րու շար­քով:

21 Սեպ­տեմ­բեր 1991 թո­ւա­կա­նի բա­ցա­ռիկ յաղ­թա­նա­կի առ­թիւ ներ­կա­նե­րուն իր հայ­րա­պե­տա­կան խօս­քը փո­խան­ցեց Գե­ղարդ ծայր․ վարդ․ Քիւս­պէ­քեա­նը:

Յատ­կան­շա­կան է ար­ձա­նագ­րել այն փաս­տը« որ հա­յը դա­րեր շա­րու­նակ ե­ղած է պայ­քա­րող եւ յաղ­թող ժո­ղո­վուրդ: Մեր պատ­մու­թիւ­նը նաեւ հարս­տա­ցած է սրըն­թաց վե­րի­վայ­րում­նե­րով, սա­կայն հա­յը յաղ­թա­հա­րած է Հայ­րե­նի­քի դի­մաց ծա­ռա­ցած բո­լոր տե­սա­կի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:

Այ­սօր ալ մենք կը գտնո­ւինք մեր Հայ­րե­նիք՝ Հա­յաս­տա­նը ա­ռա­ւել զար­գա­ցած, ա­ռա­ւել մրցու­նակ, աշ­խար­հի զար­գա­ցած ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն­նե­րու, կա­յա­ցած տնտե­սու­թիւն­նե­րու հետ ոտք մեկ­նող եր­կիր դարձ­նե­լու կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւա­նին մէջ:

Միայն միաս­նա­բար, հա­յու­թեան լա­ւա­գոյն նե­րու­ժը հա­մախմ­բե­լով կրնանք հաս­նիլ այդ բաղ­ձա­լի նպա­տա­կին: Հզօր, զար­գա­ցած, բա­րե­կե­ցիկ Հա­յաս­տա­նի ե­րա­զը ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու ժա­մա­նակն է ար­դէն: