Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ Թորոնթոհայ Ներդրողներ (Բ.) Զրոյց՝ Գործարար Քրիստափոր Արթինի Հետ Հայաստանի Մէջ Ունեցած Իր Նախաձեռնութիւններուն Մասին


Գործարար Քրիստափոր Արթին իր կնոջ՝ Գայիանէ Շահվերտեանի եւ դստեր՝ Արազ Արթինի հետ:

Հայաստանի անկախացումէն ետք, հայրենիքը ծաղկեցնելու ու անոր դժուար օրերը ետին ձգելու միտումով, աշխարհասփիւռ հայ գործարարներ սկսան իրենց ձեռնարկութիւնները հաստատել Հայաստանի եւ նոյնիսկ՝ Արցախի մէջ։ Թորոնթոյէն եւս գործարարներ անմասն չմնացին այս գործընթացէն եւ Հայաստան ուղղուեցան՝ աշխատանքի վայրեր եւ առիթներ ստեղծելու հոն ապրող հայ մարդուն։ Այս էջով եւ իրերայաջորդ յօդուածներով կը ներկայացնենք հայրենիքի մէջ թորոնթոհայ գործատէրերու եւ անհատներու ներդրումները, աշխատանքը եւ յաջողութիւնները, այսպիսով՝ խրախուսելով այլոց, որոնք ներդրումներու մասին կը մտածեն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր երկրորդ ներդրողը՝ Քրիստափոր Արթինը, որ 9 տարի առաջ հաստատուած է Հայաստան։ Ան կը խօսի Հայաստանի մէջ իր ունեցած ներդրումին, հիմնած գործերուն եւ  յաջողութիւններուն մասին։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

-Հայաստանի մէջ ի՞նչ ներդրում ունիք։ Ե՞րբ հաստատած էք ձեր նախաձեռնութիւնը եւ ի՞նչպիսի քայլերով առաջ գացած էք։

 -2011 թուականին ընտանիքիս հետ տեղափոխուեցանք Հայաստանի Սիւնեաց Աշխարհի Կապան քաղաք։ Հինգ տարի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ աշխատելէ ետք ունեցանք մեր անձնական գործը։ Գործընկերներու հետ անասնաբուծութեան նոր ոլորտի մը հիմքը դրինք Հայաստանի մէջ` “Փափուկ” շինշիալաբուծութիւնը (շինշիլան փոքրիկ կենդանի մըն է, որուն միսը օգտակար է շաքարախտով տառապողներու համար, իսկ մուշտակը թանկարժէք է)։ Ներդրման այս ոլորտը աշխատանքի մեծ հնարաւորութիւն տուաւ Հայաստանի սահմանապահ գիւղերու բնակիչներուն եւ մարմնական թեթեւ հաշմանդամութիւն ունեցողներուն։

Երկրորդ աշխատավայր մըն ալ կնոջս հետ հիմնեցինք` «ArtIn Fashion» անունով։ «ArtIn Fashion»-ը կար ու ձեւի արտադրամաս մըն է, որ հիմնուած է կանանց աշխատանք ապահովելու նպատակով։

– Ե՞րբ եւ ի՞նչպէս որոշում առիք Հայաստան հաստատուելու մասին։ Որոշում առնելն ու հոն ապրիլը ի՞նչ նորութիւններ բերին ձեր աշխատանքային եւ ընտանեկան կեանքին մէջ։

-Հայաստան տեղափոխուիլն ու հոն ապրիլը կեանքի նպատակ էր ինծի համար։ Որոշումը արդէն պատանեկութենէս առած էի։ 1993-ին Հայրենիք տեղափոխուելու առաջին փորձս ըրի եւ Գանատայէն մեկնեցայ Հայաստան, սակայն չիրականացաւ նպատակս։ 2011-ին, ընտանիք կազմելէ ետք, անցեալի նպատակս իրականացաւ։ Հայաստան հաստատուելով մայր հողին ոյժը զգացի եւ որպէս ՀԱՅ ապրիլս ու շնչելս իմաստաւորուեցաւ։ Աղջկաս` Հայաստանի մէջ մեծնալը եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալը մեծ ուրախութիւն կը պարգեւէ մեզի։ Աշխատանքի առումով մեծ հնարաւորութիւններ եւ լայն հորիզոններ բացուեցան դէմս, եւ այժմ իրականացնելիք մեծ ծրագիրներ ունիմ։

-Որոշ դժուարութիւններ ունեցա՞ք, ի՞նչպէս յաղթահարեցիք այդ դժուարին պայմանները։

-Հիմնական դժուարութիւնը հարազտներէս հեռանալն էր։ Աղջիկս կը մեծնայ առանց մեր հարազատներուն ու բարեկամներուն։ Հայրենադարձներուն համար օտարութիւնը կը կրկնապատկուի։  Այլ դժուարութիւններէն մէկը մտածելակերպի եւ մօտեցումներու հսկայ տարբերութիւնն էր, սակայն որոշակի գործելաոճ մը ձեռք բերած եմ, Հայաստանի չափանիշերով, որ շատ անգամ օգնած է ինծի յաջողութեան հասնելու։

Ամէն երկիր ունի իր դժուարութիւնները, Հայաստանը անոնցմէ չ՛առանձնանար, սակայն պէտք է ամէն դժուարութիւն դիմագրաւես ժպիտով եւ լաւատեսութեամբ, որպէսզի նպատակներուդ հասնելու կարողութիւնը ունենաս, գործ մշակես ու զայն զարգացնես։

– Արդեօք կ’արտածէ՞ք ձեր ներդրումի արտադրութիւնները։ Դէպի ո՞ր երկիրներ կ’ուղարկէք ձեր արտադրութիւնները։

 -«Փափուկ» շինշիլաբուծութեան հիմնական նպատակը մշակուած եւ վերջնական արտադրանքը արտահանելն է։  Մեր շուկաներն են` Գանատա, Լեհաստան, Ռուսաստան եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներ։ «ArtIn Fashion» կար ու ձեւի արտադրութիւնը կարելի է արտահանել, մանաւանդ որ Հայաստանը Եւրասիական շուկայի անդամ է, հետեւաբար ներմուծող երկիրները հարկ չեն վճարեր։ Այս մէկը հնարաւորութիւն կու տայ մեզի մատչելի գիներով մրցակցելու այդ շուկային մէջ։

– Քանի՞ հոգիի համար աշխատատեղ ստեղծած էք։ Որո՞նք են ձեր նախաձեռնութեան մէջ պաշտօնավարողները։

«Փափուկ» շինշիլաբուծութիւնը հիմնադրած ենք 3 ընկերներով։ Շինշիլաբուծութեան աշխատավայրին (ֆերմային) մէջ ներկայիս 4 հոգի կ’աշխատին, որոնցմէ երկուքը կանայք են։ Մեր այս նախաձեռնութեան շնորհիւ աշխատանք ունեցող անձերու եւ գիւղացիներու թիւը կը հասնի 45-ի, առաւել 15-էն աւելի մարդիկ եւս ներգրաւուած են վանդակներ շինելու գործին մէջ։ Գիւղացին հեքթարներով հող կը մշակէ կենդանիներու կերի` հումքի համար։ Անասնաբոյժերը սկսան վերապատրաստուիլ եւ աշխատիլ…տակաւին շարքը շատ երկար է, որ շատ ուրախալի երեւոյթ է։

 «ArtIn fashion»-ի արտադրամասին մէջ 12 կիներ կ’աշխատին։ Մեր նպատակը մինչեւ 150 հոգինոց արտադրամաս ստեղծելն է։ Մենք կ’աշխատինք շահոյթ չհետապնդող հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու իրականանցմամբ` Կապանի Կանանց Ռեսուրս Կենդրոնի՝ WRCK NGO-ի հետ։ Մեր արտադրած ապրանքը ընդհանրապէս կանանց, երեխաներուն եւ բանուորական շուկային համար է, բայց ունինք հնարաւորութիւն այլ ոլորտներու պատուէրներ ալ կարելու։ Անցեալ տարի Կապանի մէջ նոր նախաձեռնութիւն մը սկսանք`թիւ մէկ դպրոցի աշակերտներուն համար համազգեստ կարեցինք։ Հայաստանի համար անծանօթ եւ ողջունելի էր այդ նորութիւնը։

– Ի՞նչ հեռանկարներ ունիք։ Ապագայի վերաբերեալ ի՞նչ ծրագիրներ իրագործել կը ծրագրէք։

 –Սփիւռքի ընկերներէս եւ բարեկամներէս շատեր ինծի կը դիմեն, որպէսզի իրենց հետաքրքրող գործի ոլորտին վերաբերեալ ծրագիր ներկայացնեմ։ Անոնցմէ ոմանք կ’ուզեն ներդրում ընել, ոմանք ալ իրենց ընկերութեան մէկ մասնաճիւղը բանալ կ’ուզեն Հայաստանի մէջ։ Ես մի քանի տարբեր ոլորտներ ուսումնասիրած եմ եւ տարբեր բնագաւառներու համար պատրաստ ծրագիրներ ունիմ սփիւռքի մեր հարենակիցներուն համար, օրինակ` գիւղտնտեսութեան (անասնապահութիւն եւ այգեգործութիւն), ծառայութեան (բեռնափոխադրում եւ մարդատար taxi), IT ծրագրաւորման գրասենեակ, մանկապատանեկան զարգացման կեդրոն, հանգստեան գօտի եւ համացանցային խանութ։ Այս ոլորտները արագ զարգացող եւ նուազ վնաս կրող ոլորտներ են։ Այս ծրագիրները մշակեր եմ յատկապէս անոնց համար, որոնք փոքր ներդրումէն` 10,000 $-էն մինչեւ 2,000,000 $ բարձր ներդրում կատարելով իրենց նպատակը իրականացնել կ’ուզեն Հայաստանի մէջ։

– Ի՞նչպիսի խորհուրդներ կու տաք այն հայերուն, որոնք կը փափաքին հայրենիքի մէջ ներդրում կատարել։

 -Բոլորս ալ մեր հայրենիքին զարգանալն ու յառաջդիմելը կ’ուզենք։ Հայաստանի մէջ հնարաւորութիւններ կան լաւ եկամուտ ունենալու, մանաւանդ երբ նոր միտքերով գործեր ձեռնարկենք։ Հայաստանը պէտք ունի մեր ներդրումներուն, ըլլան անոնք նիւթական, բարոյական կամ ֆիզիքական։ Ականջ տանք մեր ներքին ձայնին եւ միշտ պատրաստ ըլլանք, իսկ երբ որ յարմար պահը գայ մեր ներդրումը կատարենք մեր սիրելի հայրենիքին մէջ։

-Սփիւռքահայերուն եւ յատկապէս Գանատայի մէջ ապրող ձեր ազգակիցներուն փոխանցելիք ի՞նչ սրտի խօսք ունիք։ 

 Հայրենիքը հեռուէն պետք չէ սիրել, այլ Հայաստանի մէջ ապրելով պիտի զգանք հայրենիքին իմաստը։ Մեր նպատակը միայն` «Դէպի Հայրենիք» լոզունքը չէ, այլ անոր իրագործումը։ Գանատա ապրած շրջանիս շատ մը հարցերուն տարբեր դիտանկիւնէ կը նայէի եւ ըստ այնմ լուծումներ կու  տայի, իսկ հիմա`  Հայաստանի մէջ ապրելով, այլ մօտեցում ունիմ  ընդհանրապէս ամէն ինչի հանդէպ։

Հայաստանի մէջ կեանքը հանգիստ է, ե՛ւ կ’աշխատիս, ե՛ւ կը վայելես։  Հայրենիքը, իր բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, նոր հնարաւորութիւններ կ’ընծայէ բոլորիս՝ մեր երազը իրականութիւն դարձնելու առումով։ Հայաստան եկէ՛ք,  արարեցէք եւ շէնցուցէք հայրենիքը։ Աշխարհի մէջ ՀԱՅ մնալու միակ գրաւականը այս հողէն սնուիլն  է։

«Փափուկ» շինշիլաբուծութեան Ֆիրմային ներքնամասէն բաժին մը:

 

Գործարար Քրիստափոր Արթինի աղջիկը՝ Արազ Արթինը, կը կրէ «ArtIn Fashion»-ի գործուած կարի արտադրութիւններէն վերարկու, ծածկոց, գլխարկ, իսկ ձեռքին նոյն արտադրամասի փափուկ խաղալիքներէն մէկը: