Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ Յիշատակուեցաւ Սպիտակի Երկրաշարժի 30ամեակը


Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 1988ի երկրաշարժի 30րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս այսօր Գիւմրիի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

Փաշինեան ժամը 11:41ին ծաղկեպսակ դրաւ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղադրուած յուշակոթողին, ներկայ գտնուեցաւ զոհերու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան:

Վարչապետի պաշտօնակատարը հանդէս եկաւ ելոյթով, ուր նշեց, «Երկրաշարժէն 30 տարի անց աղէտի գօտի հասկացութիւնը վերացուած չէ: Երբ կ՛ըսենք աղէտի գօտի, առաջին հերթին պէտք է նկատի ունենանք, թէ որքանով վերականգնուած է մարդոց վստահութիւնը սեփական ուժերու նկատմամբ, որքանով  վերականգնուած է լաւատեսութիւնը վաղուան օրուան նկատմամբ, որքանով վերականգնուած է յոյսը, որ զոհերու կիսատ մնացած գործերը եւ երազանքները պիտի դառնան իրականութիւն: Աղէտի գօտիի վերականգնման այսպիսի հայեցակարգը աւելի կարեւոր է եւ անհրաժեշտը»։

Ան յոյս յայտնեց, որ մարդոց վստահութիւնն ու լաւատեսութիւնը պիտի վերականգնուի: «Ձեր ցաւերը իմ սրտի, ձեր կարիքները իմ մտքին, ձեր երազանքները իմ հոգիին մէջ են եւ վստահութիւն կը ներշնչեն ըսելու, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, ամէն ինչ իսկապէս շատ լաւ պիտի ըլլայ», ըսաւ Փաշինեան:

Արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը, ՀՀ կառավարութեան անդամները, Երեւանի քաղաքապետը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալ Նիքոլայ Գրեչուշկին, ԱՄՆ Քանզասի նահանգապետ Ճեֆ Քոլյըր:

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան` տիկնոջ Նունէ Սարգսեանի հետ այսօր այցելած է մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ իր իսկ բարերարութեամբ կառուցուած սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ ներկայ գտնուած է 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար արարողութեան:

Հոգեհանգստը կատարուած է Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ:

1988 թուականի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 30րդ տարելիցի առիթով այսօր Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր այցելած են բազմաթիւ քաղաքացիներ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:

Յուշահամալիր այցելած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական  նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձիք, տարբեր գերատեսչութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու անդամներ, որոնք ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ խոնարհած են երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող  յուշակոթողին:

Աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ  տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Արք․ Մարտիրոսեան  իր   խօսքին մէջ ըսած է, որ ուղիղ 30 տարի առաջ տեղի  ունեցածը մեծ ողբերգութիւն էր հայ  ժողովուրդին համար:

«Այսօր  մեր  յարգանքի  տուրքը կը մատուցենք անոնց յիշատակին: Մենք Արցախէն  հոգիով կը միանանք այդ աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներու մերձաւորներուն՝ սփոփելով  անոնց  ծանր վիշտերը», մասնաւորապէս ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդը:

Նշենց, որ ի յիշատակ Սպիտակի երկրաշարժին, Հայաստանի կառավարութեան նիտը տեղի ունեցաւ Գիւմրիի մէջ: