Հայաստանի եւ Արցախի Պետական Այրերը Յարգանքի Տուրք Մատուցանեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին


ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սարգսեան, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, կառավարութեան անդամներ, ԱԺ պատգամաւորներ, այլ պաշտօնեաներ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին յարգանքի տուրք մատուցանեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Անմար կրակի մօտ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգեւոր դասը, հաւաքուածները գլուխ խոնարհեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին սպաննուած 1,5 միլիոն հայերու յիշատակը:

Ապրիլ 24-ին դեռ գիշերուընէ եւ վաղ առաւօտէն մարդոց հոսքը յուշահամալիր չի դադրիր: Յիշատակի արարողութիւններ կը կատարուին Հայաստանի բոլոր շրջաններու, աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներու մէջ: Բողոքի կոչ կը բարձրացուի Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան դէմ եւ ուղերձ կը յղուի միջազգային հանրութեան` ճանչնալու 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճրագործութիւնը` թոյլ չտալով ցեղասպանութիւններու կրկնութիւն: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ կը մատուցուի հոգեհանգստեան պատարագ: