Հայաստանի Խորհրդարանականներուն Այցը Միացեալ Նահանգներ «Պատմական» Որակուած է


“Ամերիկայի Ձայն”․- Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները հնարաւորութիւն ստացած են կերտելու երկկողմ յարաբերութիւններու նոր պատմութիւն, յայտարարած է Ուաշինկթընի մէջ գտնուող հայաստանցի խորհրդարանականներու պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան․ «Ձեզի հետ միասին մենք հնարաւորութիւն ստացած ենք կերտելու նոր պատմութիւն` մեր պատմական ժառանգութեան, մեր ոգիի հիման վրայ: Մենք ունինք շատ լաւ հիմք հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու նոր պատմութիւն կերտելու համար»:

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականները իրենց կողմէ հայկական կողմին կը հաւաստիացնեն, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին։

«Մենք կը ցանկանք օգնել Հայաստանին՝ 21րդ դարուն յաջողութեան հասնի», նշած է Քոնկրեսի մէջ հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի համանախագահ Ճեքի Սփիր:

Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու նման բարեկամներ պէտք է զարգացնեն յարաբերութիւնները, շարունակած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքի նախագիծի հեղինակ Տէյվիտ Թրոթ. «Անհրաժեշտ է, որպէսզի դուք իմանաք, որ մենք պատրաստ ենք աջակցելու ձեզի թէ՛ տնտեսական զարգացման եւ թէ՛ քաղաքական ոլորտի մէջ: Մենք պատրաստ ենք օգնել Հայաստանի քաղաքացիներուն հասնելու իրենց արժանի կեանքի մակարդակին»:

Միացեալ Նահանգներու մէջ կարեւոր կը համարեն եւ կը գնահատեն Հայաստանի դերը, նախապէս հայաստանցի գործընկերներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած էր Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար Էտ Ռոյս. «Կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանին բազմաթիւ քրիստոնեայ փախստականներուն, որոնք Իրաքէն, Սուրիայէն եւ Իրանէն ժամանած էին, օթեւան տալուն համար»:

Իր կողմէ Հայաստան ինքզինք կը դիտարկէ որպէս Հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու կանխատեսելի բարեկամ, նշած է «Ելք» դաշինքի ներկայացուցիչ պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեան: Ելոյթի ընթացքին ան նաեւ ներկայացուցած է նախագահ Թրամփի «Ամերիկան առաջին տեղը» կարգախօսի սեփական մեկնաբանութիւնը. «Հայաստանի մէջ մեզի անհրաժեշտ է, որ Ամերիկան առաջին տեղը ըլլայ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներդրումներու չափով, մեզի անհրաժեշտ է, որ Ամերիկան առաջին տեղը ըլլայ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խորացման գործին»:

ՀՅԴ անդամ Աղուան Վարդանեանի կարծիքով, այս այցով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ կը բացուի խորհրդարանական դիւանագիտութեան նոր փուլ.

«Հայաստան այսօր լուրջ բարեփոխումներու շեմին է եւ այդ բարեփոխումներու ընթացքին կարեւոր է, թէ որքանով մեր բարեկամ երկիրները մեր կողքին են»:

Ամփոփելով այցի առաջին երկու օրերը Արմէն Աշոտեան նշած է, որ թէեւ այսօր ամերիկացիներէն ոչ շատերը կրնան Հայաստանը գտնել քարտէսի վրայ, բայց եւ այնպէս, Հայաստանի մէջ լաւ կը գիտակցին Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դերի մասին։

«Կը խնդրեմ, նշէք Հայաստանը Ամերիկայի բարեկամներու քարտէսի վրայ, որովհետեւ մենք ունինք բազմաթիւ ընդհանրութիւններ. Ամերիկան առաջին հերթին հզօր է մարդոց ոգիով, Հայաստանը` նոյնպէս: Եւ երկրի կարեւորութիւնը կը չափուի ոչ թէ տարածքով կամ բնակչութեամբ այլ` մարդոց ոգիի հզօրութեամբ»: