Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Պէտք է Տանին Կառավարման Դրութեան Փոփոխութենէն Անդին


Ս. Մահսէրէճեան


Հայաստանի մէջ ընտրապայքարը թեւակոխած է վերջին փուլը եւ իր վրայ կեդրոնացուցած է հաւասարապէս հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ուշադրութիւնը։

Աւելորդ է կրկնել, թէ Ապրիլ 2, 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւնները կը խոստանան կարեւոր շրջադարձ մը բերել երկրի կառավարման դրութեան մէջ եւ սկզբունքով՝ պատմական նշանակութիւն պիտի ունենան աւելի քան 26 տարի առաջ իր անկախութիւնը վերահաստատած մեր հայրենիքի քաղաքական կեանքին մէջ, որովհետեւ ժողովրդավարութեան կիրարկման մէջ նոր դրութիւն մը պիտի որդեգրուի՝ երկիրը նախագահական դրութենէ պիտի անցնի խորհրդարանական դրութիւն, այսինքն՝ գործադիր իշխանութեան պետին՝ հանրապետութեան նախագահին ու անոր անմիջական ոլորտին հեղինակութիւնը՝ որոշումներ կայացնողի գերակշիռ ազդեցութիւնը պիտի սահմանափակուի ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան, անոր փոխարէն, խորհրդարանը պիտի ըլլայ այժմէն աւելի հեղինակաւոր կազմ։ Այլ խօսքով, գործադիր իշխանութիւնը աւելի ենթակայ պիտի ըլլայ ժողովուրդը ներկայացնող օրէնսդիրին, քան ինչ որ է կացութիւնը անկախութեան վերածնունդէն ի վեր։ Այս բոլորը՝ սկզբունքով։

Անհրաժեշտ չենք նկատեր նաեւ երկար կանգ առնել այս եղելոյթին իրականցման մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դերին ու գործին առջեւ, այլ կը բաւականանք նշելով, որ նոր դրութեան հաստատումը բնականաբար կարեւոր յաղթանակ մը կը նշանակէ Դաշնակցութեան ծրագիրներուն իրականացման դիտանկիւնէն, յաղթանակ՝ որուն ուղղակի եւ անուղղակի բաժնեկից պիտի ըլլան մեր մայր հայրենիքի խորհրդարանին մասնակից քաղաքական բոլոր ուժերը (ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ խորհրդարան չմտնողները), անկախ ընտրութեանց արդիւնքէն՝ խորհրդարանական աթոռներուն բաշխումի պատկերէն։

Ընտրապայքարի այս վերջին՝ տաք փուլին հետեւողին ուշադրութենէն պիտի չվրիպի քանի մը երեւոյթ. օրինակի համար, ընտրապայքարը կը տարուի ըստ բաւականին քաղաքավար ոճով. ծանր վարկաբեկումներ չեն ըլլար, փողոցային լուտանք ու ցեխարձակում չեն փոխանակուիր մրցակցողներուն միջեւ, իւրաքանչիւր դաշինք, խմբակցութիւն եւ կուսակցութիւն ոգի ի բռին կ’աշխատի շահիլ ժողովուրդին համակրանքը, հետեւաբար նաեւ առաւելագոյն թիւով քուէ ապահովել, հրապարակ նետելով իր ծրագիրները։ Պատկերասփիւռէն ու լրատու այլ աղբիւրներէ հասնող լուրերու տարափին դիմաց կարելի է հետեւցնել, որ առերեւոյթ, բոլորն ալ բարիք կը խոստանան ժողովուրդին, երկրին, ու մանաւանդ երաշխաւորել ապահովութիւնը, կայունութիւնը, օրէնքն ու ընկերային արդարութիւնը եւ ապագան։ Նկատուող տարօրինակութիւնները մեծ շուք չեն ձգեր հրապարակին վրայ. օրինակ, կարգ մը կուսակցութեանց կամ խմբակցութեանց ներկայացուցիչները, բարձրախօսներ ի ձեռին, լրատու ոսպնեակիներուն դիմաց՝ ճամբաներու վրայ բարձրագոչ կը գովերգեն իրենց ծրագիրները, «Էստի համեցէք»ը յիշեցնող ոճով մը թռուցիկներ կը բաշխեն լայն ժպիտներով ու ողոքիչ արտայայտութիւններով, հաւաստելով, որ իրենց տրուելիք առատ քուէները կարեւոր ներդրում պիտի ըլլան աւելի բարենպաստ ապագայի մը հեռանկարով։ Զուգահեռաբար, հաւաստիք կը տրուի, որ ընտրութիւնները պիտի ըլլան ազատ, ժողովրդավարական, արդի պետութեան մը վայել մթնոլորտի մէջ։ Հայ թէ օտար դիտորդներ այժմէն իսկ որոշ նախատեսութիւններ կը կատարեն օրինաւոր ընտրութիւններու մասին…

Տակաւին, ներքին ճակատներու վրայ՝ Երեւանէն մինչեւ մօտակայ ու հեռաւոր աւաններ, դէպի սահմանային գիւղեր տարածուող ընտրապայքարը կը տարուի արտաքին գետնի վրայ տեղի ունեցող դիւանագիտական յառաջընթացներէն անկախաբար։ Պէտք չէ անտեսել, որ վերջին ամիսներուն, Հայաստան կարեւոր քայլեր առաւ միջազգային յարաբերութիւններու գիծերու վրայ. անմիջական դրացիներուն՝ Իրանի եւ Վրաստանի հետ գործակցական ճամբուն ուշագրաւ քայլեր իրականացան, զուգահեռաբար նկատառելի քայլեր արձանագրուեցան դէպի հիւսիս՝ Ռուսիա, եւ Եւրոպա՝ Ֆրանսա ու այլուր։ Այս բոլորը կ’արժէ արձանգրել դրական զարգացումներու սիւնակին տակ, պայմանաւ, որ այս ոլորտին մէջ արձանագրուող իրագործումներէն երկրին ու ժողովուրդին համար բարիքներ ծնին, վառելանիւթի գիներու նուազումը չդիտուի ընտրական ոսպնեակով, այլ դառնան մշտական, եւ ոչ թէ նպաստեն մասնակի շահեր հետապնդող փոքրամասնութեան…։

***

Վարագոյրին յառաջամասին տեղի ունեցող այս զարգացումներէն քիչ անդին, ամէն բան վարդագոյն չէ։ Ընտրապայքար մղողներ իրենց յայտարարութեանց մէջ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով արձագանգ կ’ըլլան այն տագնապներուն ու ցաւերուն, որոնք ժողովուրդի զանգուածներուն բաժինն են վերանկախացումէն ի վեր։ Իրենց ծրագիրներու ջատագովման ընդմէջէն, անփոյթ թողուած ահագին աղտոտ լաթ կը փռուի ընտրողներուն դիմաց, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով բեմ կը բերուին գայթակղութիւններ։ Ի տես քուէ ապահովելու համար մօտ ու հեռու շրջագայութեան ելած ու խոստումներ շռայլող թեկնածուներուն, ոմանք կէս-կատակ, կէս-լուրջ կ’ըսեն, որ թեկնածուները այսքան առատութեամբ շրջաններուն մէջ չեն երեւցած… նախորդ ընտրութիւններէն ի վեր։ Մարդիկ որոշ թերահաւատութեամբ կը դիմաւորեն զանոնք, հարց տալով, որ ի՞նչ երաշխիք կայ, թէ այսօր շռայլուող խոստումները պիտի գործադրուին, երբ նախորդ ընտրութիւններու նախօրեակին տրուածները մեծ մասամբ մնացած են դարակներու մէջ։

Մարդիկ նաեւ իրաւամբ հարց կու տան, թէ նախագահական դրութենէ խորհրդարանական դրութիւն անցումը կրնա՞յ ի՛սկապէս սկիզբը ըլլալ ակնկալութեանց բաւարարումին, տրուած ըլլալով, որ տիրապետող թեկնածուները մեծ մասամաբ… նոյն դէմքերն են, հոգ չէ թէ շատեր հրապարակ եկած են նոր ընկերակցութիւններու ճամբով։ Երէկի գործակից-դաշնակիցներ դարձած են սուր մրցակիցներ, իշխանաւորներու օղակէն վերջին ամիսներուն կամ աւելի կանուխ դուրս եկողներ սուր կերպով կը քննադատեն իշխանութեան թերացումներն ու անուղղայ գործերը, առանց անդրադառնալու, որ իրենք մասնակից էին այդ գործընթացին հունաւորման ու զարգացման, եւ օր մըն ալ, չես գիտեր թէ շահերու ինչպիսի՛ անհարթութեան պատճառով, մէկ օրէն միւսը դուրս եկան իշխանութենէն, դարձան ընդդիմադիր եւ ահա, նորակազմ դաշիքներով ու գործակցական այլ կապերով կը յաւակնին բարիքի դրօշակիրներ ըլլալ։ Եթէ երէկ ծուռ գանակ էին, իշխանութենէն դուրս գալը կը շտկէ՞ ծռութիւնը…

Կը հետեւի այլ կարեւոր հարցում մը, որ կը հնչէ շատոնց. ինչո՞ւ հաւատալ, որ երկիրը զանազան դժուարութիւններու մատնող գործիչներ ատակ են հոգեփոխութիւն ապրելու, հրաժարելու գրպանի հաշիւներէն եւ երկիրը տանելու տագնապներու լուծման ճամբուն։ Չէ՞ որ դաշինքներ ու ընկերակցութիւններ առաւելաբար հիմնուած են անձերու վրայ. եթէ չըլլան այդ անձերը, տուեալ խմբակցութիւնը կը դադրի գոյութենէ, չքացնելով նաեւ խոստումներ…։ Անձի մը այս խքբակէն ուրիշ խմբակ ոստոստումը (ընդհանրացած վիճակ Հայաստանի քաղաքական կեանքիէն մէջ) երաշխի՞ք է բարեփոխութեան։ Անցեալ տասնամեակներուն, ականատես եղանք իխանաւոր կւոսակցութեանց անւոանափոխութեան, սակայն մարդիկը մեծ մասամբ մնացին նոյնը…։

Հանրապետականները՝ այժմու իշխանաւորները վերջին ամիսներուն «անդամարշաւներ»կազմակերպեցին, հրապարակի վրայ երեւցող ծանօթ դէմքեր ներգրաւեցին իրենց շարքերուն մէջ, վարչապետ ու նախարարներ դարձան կուսակցութեան անդամ, ոմանք յառաջատար դիրքեր ունին ընտրական ցանկերու վրայ, մինչդեռ ուրիշ առաջատարներ հեռացան սրտնեղած, այն հին(ցող) դէմքերով կազմեցին նոր խմբակցութիւններ, բացայայտ դարձնելով, որ քիչ մը ամէն տեղ անհատական նախասիրութիւններն ու մասնակի հաշիւները որքա՛ն տիրապետող են իշխանութիւն խաղացողներու մակարդակին վրայ։

***

Իսկական բարեշրջում, շրջադարձութիւն ունենալու համար, վարչական դրութեան փոփոխութեա՛ն չափ էական բարեշրջում պէտք է տեղի ունենայ գործող մարդոց տրամաբանութեա՛ն եւ հոգիի՛ն մէջ (այս արտայայտութիւնը չենք արձանագրեր լոկ զգացական մօտեցումով)։

Հայրենիքը ողջ հայութեան աչքի լոյսն է, յոյսերուն խարիսխը, մասնաւորաբար երիտասարդութեան ապագային յենարանը։ Իսկական բարեշրջումի համար, կենսական է, որ իշխանաւոր ու ընդդիմադիր, աչքերը սեւեռեն ընտարպայքարէն՝ աթոռներու հաշիւէն անդին (պէ՞տք է հաւատք ընծայել այն շշուկներուն, որ աթոռներու բաշխումը ընդհանուր գիծերու մէջ կանխորոշուած է արդէն), տեսնեն այն ճգնաժամը, որուն մէջ է բոլորիս Հայաստանը, առաւել կամ նուազ տարողութեամբ, նայած՝ թէ կացութիւնը կը դիտենք ռազմակա՞ն, ապահովութեա՞ն, տնտեսական ու ընկերայի՞ն, թէ՞ առօրեայ այլ հարցերու դիտանկիւններէն։

Հայաստանը բոլորիս աչքին լոյսն է, անոր շուրջ մրցակցութիւնը պէտք է անցնի գրպանի ու մասնակի շահերու հետապնդման մակարդակէն անդին, հասնի ընկերային արդարութեան հաստատման։ Հակադրութիւններ ու տարակարծութիւններ անխուսափելի են որեւէ առողջ դրութեան մէջ, կենսական է, սակայն, որ անոնք նոր խորհրդարանին մէջ տարուին այնպիսի տրամաբանութեամբ եւ ոճով, որ վերածուին դրական, բարեփոխող գործօնի, եւ ոչ թէ զիրար չէզոքացնող, մէկզմէկ ջլատող ազդակներու (հոս ալ սոսկական զգացականութիւն եւ իրականութիւններէ կտրուած իտէալապաշտութիւն պէտք չէ տեսնել)։

Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, երկիրը պէտք է մուտք գործէ ֆիզիքական ու հոգեկան, ներառեալ՝ լայն իմաստով մշակութային բարեփոխութեան փուլէն ներս։ Իսկ մշակոյթ հասկացութիւնը լայնածիր է, ունի իր քաղաքական, ընկերային, տնտեսական երեսները, որոնք զուգահեռ են աւանդական մշակոյթ հասկացութեան, այսինքն գիր-գրականութեան, երաժշտութեան, նկարչութեան ու կերպարուեստին, պատկերասփիւռին ու հաղորդակցութեան այլ միջոցներուն։

Նոր խորհրդարանը պէտք է դրական պատասխաններ գտնէ եւ անկաշկանդ կիրարկէ շարք մը ցաւցնող հարցումներու, որոնցմէ արձանագրենք հետեւեալները.
Կաշառակերտութիւնը վերջ պիտի գտնէ՞։ Մասնակի շահերու հետապնդումը, ստուերային տնտեսութիւնը նահանջ պիտի արձանագէ՞, անցելով վերջին ամիսներուն իրագործուած շարք մը թեթեւ հպումներէն անդին։

Ընտրութեանց օրը, գումարներով քուէ ապահովելու դրութիւնը պիտի զսպուի՞, որպէսզի դարմանուի «մարդիկ ընտրութիւնները շահու առիթ կը նկատեն» ախտը։ Կարելի պիտի ըլլա՞յ քուէարկութիւնը զերծ պահել «դրամով վստահուած մարդոց» հակակշիռէն, որ այլապէս բեմին վրայ է օրինական որոշ պատմուճանով…

Ընկերային աւելի արդար վիճակ պիտի ստեղծուի՞, որպէսզի կարենանք ըսել, որ օլիկարգներու իրողական տիրապետութենէն կþանցնինք ընկերային աւելի արդար վիճակի։

Գիւղերու պարպումին եւ գիւղական տնտեսութեան փոշիացման վերջ պիտի տրուի՞, որպէսզի գիւղը վերագտնէ երկրի զարգացման մէջ իր արդար տեղը, ստանայ արդար բաժին, այնպէս՝ ինչպէս որ է պարագան, առաւել կամ նուազ չափով, զարգացում ապրող երկիրներու մէջ։ Հայաստանի շուկաները պիտի ձերբազատի՞ն թրքական «աժան ապրանքներ»ով ողողուելու կացութենէն։

Կարելի պիտի ըլլա՞յ ժողովուրդին արտահոսքը զսպել եւ «արի տուն»ը կիրարկելի դարձնել նա՛եւ Հայաստանի բնիկ ժողովուրդին, որ յամառօրէն կը նախընտրէ օրապահիկ հետապնդելու համար հեռանալ երկրէն, բռնել Ռուսիոյ, նախկին խորհրդային երկիրներու, կամ աւելի անդին՝ Ամերիկայի, Եւրոպայի ու Աւստրալիոյ ճամբաները (մէկը հաշուա՞ծ է անվերադարձ մեկնողներուն թիւը…)։

Արցախի ապահովութիւնը պիտի դադրի՞ կողմնակի հաշիւներու մէջ չարաշահուլէ․․․։
Ազգային քաղաքականութեան մէջ խիզախ ծրագիրներ եւ յանդուգն ուղիներ պիտի ընդարձակուի՞ն, ետ կանգնելով արտաքին որոշ ուժերու կամայականութեանց ենթակայութենէ, այլեւ մշակելով դրապաշտ «յարձակողական»ներ, ի խնդիր մեր արդար իրաւունքներուն իրականացման։

Վերջապէս, խորհրդարանական նոր դրութիւնը պիտի յաջողի՞ պետական մեքենաները դուրս բերել այն ստուերային ազդեցութիւններէն, որոնք կը բանեցուին վարագոյրին ետեւէն եւ իսկական արգելակներն են բարեփոխութեան։

***

…Ունիմ բարեկամ մը, որուն հետ շատ բաներու մէջ համակարծիք ու վշտակից եմ, սակայն ունինք նաեւ տարակարծութեան կէտ մը. երբ տեղ մը տեսնէ Հայաստանի իշխանութեան ուղղուած քննադատութիւն, կը սրդողի, որովհետեւ ունի այն մտածելակերպը, որ Հայաստանը պէտք չէ քննադատել, կը յիշեցնէ մեր մեծ կաթողիկոսներէն մէկուն խօսքը, թէ «մեր հիւանդ ոչխարը օտարին առողջ գայլէն նախընտրելի է»։ Դժուար է իրեն հասկցնել, որ իշխանաւորներ՝ սխալ գործ ընողներ քննադատելը գէշ բան չէ, այլ իսկական հայրենասիրութիւնը հոն է, պայմանաւ, որ քննադատութիւնը ջուր չխմէ այլ մասնակի հաշիւներէ։ Իբրեւ օրինակ կու տամ Պրազիլիոյ, Հարաւային Քորէայի եւ այլ երկիրներու նախագահներուն ու այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հրաժարեցումներն ու դատի կանչուիլները, տակաւին՝ Ֆրանսայի ու այլ երկիրներու մէջ չարաշահութիւն ըրած թեկնածուներուն դիմազերծումները (թէեւ միշտ ալ քաղաքական հաշիւներ կարելի է տեսնել հոս-հոն)։ Հայրենիքն ու իշխող խմբակը հաւասար տեսնելն է, որ կը դժուարացնէ զինք համոզելը։ Իբրեւ նախընթաց օրինակ՝ կը յիշեցնեմ, որ խորհրդային տարիներուն, երբ Դաշնակցութիւնը քննադատողի կեցուածք ունէր Հայաստանի համայնավար իշխանութիւններուն ու անոնց նեցուկ կանգնող Կարմիր Կայսրութեան դէմ, շատեր այդ դիրքորոշումը կ’որակէին ոչ-հայրենասիրական, մինչդեռ այսօր, երբ կարմիր վարագոյրը արդէն գոյութիւն չունի, մշուշը բոլորովին փարատած է ու Դաշնակցութեան երէկի կեցուածքը որդեգրուած է գրեթէ բոլոր հոսանքներուն կողմէ։

Աւելի պարզ ըսենք. եթէ Հայաստանի մէջ այսօրուան աղաղակող թերութիւնները քննադատողը նոյն տրամաբանութեամբ պիտի շարունակենք որակել ոչ-հայրենասէր՝ պիտի նշանակէ, որ համայնավարներու օրով հայութեան «ներշնչուած» մտածելակերպը չենք կրցած թօթափել բոլորովին։ Պայման է, սակայն, որ ոեւէ իսկական հայրենասէր իր սլաքները կը գործածէ, պէ՛տք է գործածէ ի խնդիր հայրենիքի բարելաւման, ընկերային արդար վիճակի ձեւաւորման։

Եթէ առողջ քննադատութիւնը մնայ խուլ ականջներու եւ յղփացած աչքերու դիմաց, կրնանք մտաբերել արաբական աշխարհի (եւ ոչ միայն Սուրիոյ) նշանաւոր կատակերգակներէն՝ Տուրէտ Լահհամի եւ Նուհատ Գալհիի մէկ անմահ գործը, որ ունի աւելի քան 40 տարուան պատմութիւն. «Հոկտեմբերեան Գիւղը» խորագրեալ թատերակը բեմ կը հանէ պատմութիւնը երեւակայական գիւղի մը, ուր տեղի կ՛ունենան կատակերգական դէպքեր, կը շօշափուին ընկերային ու քաղաքական բազմերես հարցեր. գիւղացիք դժգոհ են գիւղապետէն, որ չի բաւարարեր իրենց ակնկալութիւնները. ըմբոստութիւն կը բարձրացնեն, ցոյց կ՛ընեն գիւղապետին տան առջեւի հրապատակին վրայ եւ կը պահանջն, որ գիւղապետը փոխուի. գիւղապետը տուն կը մտնէ եւ դուրս կու գայ… նոր զգեստով, նոր ճառերով ու նոր խոստումներով, որոնք խանդավառութեամբ կ’ընդունուին գիւղացիներուն կողմէ։ Յուսախաբութիւնը չ’ուշանար, դարձեալ ըմբոստութիւն, դարձեալ հրաժարելու պարտադրանք, եւ դարձեալ զգեստի փոփոխութեամբ՝ նոյն գիւղապետը…։ Եւ այսպէս՝ շարունակաբար (փակագիծի մէջ ըսենք, որ արաբական եւ այլ երկիրներու կացութիւնը մինչեւ այսօր ալ արտացոլացումն է նման երեւութական փոփոխութիւններու, որոնք շատ յաճախ, եւ դժբախտաբար, կը կառավարուին արտաքին ձեռքերու կողմէ. «Արաբական Գարուն»ին օրինակը երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր…)։

Հայաստանին պէտք է խնայել նման վիճակներու արտացոլացում, որովհետեւ մենք հայրենիք պահելու, ժողովուրդ պահելու եւ բազմացնելու, սահմաններ ընդարձակելու եւ արդի պետութիւն կերտելու լուրջ մարտահրաւէրներ ունինք մեր առջեւ։ Ասոնք մեզմէ կը պահանջեն մեր հայեացքը երկարել նախագահական դրութիւն փոխելու առաջադրանքէն շա՛տ անդին. դաշնակցականավայել գործ կը պահանջեն բոլորէս։