Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Թորոնթոյի Մէջ


Յունիս 26ին, Թորոնթոյի հայ համայնքը հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը եւ իրեն ընկերակցող պետական պատուիրակութիւնը։ Փոխվարչապետին այցելութիւնը կը նպատակադրէր ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ վստահութիւնը, շահաբեր ներդրումներու հնարաւորութիւններու առիթը ստեղծել սփիւռքի գործատէրերուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին փոխադրութեան, կապի և տեղեկատուական գիտարուեստի փոխնախարար Յակոբ Արշակեան, Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան, ՀՀ փոխվարչապետի գրասենեակի ղեկավար Սերժ Վարագ Սիսեռեան, փոխվարչապետի օգնական Վիքթորիա Այտինեան, Տնտեսական զարգացման և ներդրումներու փոխնախարար Մանէ Ադամեան, Bussiness Armeniaի ներկայացուցիչներ՝ Ալինա Եղիազարեան և Նարեկ Ալեքսանեան:

Փոխվարչապետն ու պատուիրակութեան անդամները զանազան հանդիպումներ ունեցան Թորոնթոյի մէջ։ Գանատահայ Գործարարներու խորհուրդի (Canadian Armenian Business Council – CABC), Համահայկական առեւտրային ցանցի (ATN Global Armenian Chamber of Commerce) եւ Bussiness Armeniaի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Lara’s ճաշարանէն ներս, ուր գանատահայ գործարարներուն ներկայացուեցաւ նոր իշխանութեանց քաղաքական ծրագիրն ու գործընթացը, Սփիւռքի հետ համագործակցութեան հնարաւոր ձևաչափերը եւ Հայաստանի մէջ շահաբեր ներդրումներու առիթները:

Երերկոյեան, Թորինթոյի Հայ կեդրոնին մէջ կայացաւ ժողովրդային հաւաք, որու ընթացքին նախ թորոնահայութեան եւ Bussiness Armeniaի անունով խօսք սռաւ Յակոբ Ճանպազեան, որ շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը տակաւին հսկայական ճանապարհ ունի կտրելիք եւ թէ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ պետականութեանց հզօրացումը կը մնայ ազգային գերխնդիր։ Ապա բեմ հրաւիրուեցան փոխվարչապետն ու Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան: Աւինեան լայնօրէն անդրադարձաւ նոր կառավարութեան գործընթացին եւ աշխատելաոճին մասին, շեշտելով իրաւունքի գերակայութեան եւ օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութեան վրայ հիմնուած ազգային միասնութեան եւ քաղաքացիական համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտադրեց Սփիւռքի կարեւոր դերը նոր Հայաստանի հզօրացման աշխատանքին մէջ, յատկապէս կարեւոր նկատեց Հայաստան-Սփիւռք փոխվստահութեան վերականգնումը եւ Հայաստանի մէջ տիրող մենաշնորհային դրութենէն ձերբազատումը: Ան յայտնեց նաեւ, որ նոր իշխանութիւնը բարձրօրէն կ‘արժեւորէ Սփիւռքի մասնակցութիւնը ժողովրդավար Հայրենիքի կերտման աշխատանքին մէջ եւ կ‘անկնկալէ Սփիւռքի մասնակցութիւնը ոչ միայն բարեգործական նուիրատութիւններով, այլեւ՝ գիտական եւ մարդկային ներուժով, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ ներդրումներ կատարել գիւղատնտեսութեան, գետարուեստի եւ ենթկառոյցներու հզօրացնան ոլորտներէն ներս:

Ապա հանրութեան հետ քննարկուեցան զանազան հարցեր, որոնցմէ են՝ երկքաղաքացիութեան զինապարտութեան օրէնքը, հակամենաշնորհային դրութիւն ստեղծելու աշխատանքները, Եւրոմիութեան հետ կապեր ամրապնդելու գործընթացը: Փոխվարչապետն ու փոխնախարարները թափանցիկ մօտեցումով պատասխանեցին ուղղուած հարցումներուն: Փոխվարչապետը յստակացուց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու համար, գանատահայերը կրնան դիմել Bussiness Armeniaին։

Գանատայի մէջ Bussiness Armeniaի պատուաւոր ներկայացուցիչ, գործարար Վան Լապոյեան պատրաստակամութիւն յայտնեց 5 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել Հայաստանի մէջ: Եւս 5.5 միլիոն տոլարի համատեղ ներդրումային ծրագիր ունին Cascade Gardens ընկերութեան ներկայացուցիչներ՝ Շանթ Ղազարեան (Թորոնթոյէն), Րաֆֆի Տուտագլեան (Հայաստանէն), Անտրէ Կումուշճեան (Պրիւքսէլէն) եւ Սահակ Արսլանեան (Նիւ Եորքէն), որով կը նախատեսուի Կասկատի տարածքին մէջ յաջորդ տարուան Մարտէն շինարարական նախագիծ սկսիլ:

Փոխվարչապետը հանդիպում ունեցաւ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորիի հետ, քննարկեց յառաջիկային քաղաքապետին Հայաստան այցելելու հնարաւորութիւնը: Քաղաքապետ Թորին յաջորդ տարի գործարարներու ուղեկցութեամբ Հայաստան այցելելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:

Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Գանատայի մէջ երկրորդ ամենամեծ ելեկտրական սարքաւորումներ արտադրող Rex Power Magnetics ընկերութիւն, որ փոքր մասնաճիւղ ունի Հայաստանի մէջ: Քննարկուեցաւ հայաստանեան մասնաճիւղը ընդարձակելու եւ յետագային անոր արտադրանքը ԵԱՏՄ անդամ երկիրներ արտահանելու հնարաւորութիւնը: