Հայաստանի Մէջ Արձանագրուած է «Քորոնա» Ժահրի Առաջին Դէպքը


“Սիվիլնեթ”,- Հայաստանի մէջ արձանագրուած է նոր «Քորոնա» ժահրով հիւանդութեան առաջին դէպքը: Հիւանդը 29 տարեկան Հայաստանի քաղաքացի է, տղամարդ, որ կնոջ հետ օդանաւով ժամանած է Փետրուար 28-ին, Թեհրանէն: Այս մասին Ֆէյսպուքի մէջ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` նշելով, որ ինք  պիտի առաջարկէ չեղարկել Մարտ 1-ին նախատեսուած երթը: Փաշինեանի գրառումը` ստորեւ․

«Ան ինքը դիմած է բժիշկի, եւ անոր վիճակը լաւ է. հիւանդանոց դիմելու պահուն ջերմութիւն ունեցած է, հիմա նոյնիսկ ջերմութիւն չունի: Նախնական քննութիւնը դրական արդիւնք տուած է, կրկնակի քննութեան արդիւնքները յայտնի դարձած են Երեւանի ժամանակով գիշերը ժամը 3-ին:

Յատկանշական է, որ հիւանդին կնոջ քննութեան պատասխանը բացասական է: Այսինքն` անոր մօտ ժահր չէ յայտնաբերուած: Այժմ կառավարութիւնը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան սահմանած կանոններով անհրաժեշտ միջոցառումներ պիտի ձեռնարկէ:

Հիւանդին հետ շփում ունեցած մարդիկ պիտի մեկուսացուին: Նշեմ նաեւ, որ Թեհրանէն ժամանած օդանաւին մէջ, ինչպէս եւ նախատեսած էինք, եղած են ՀՀ քաղաքացիներ, եւ չուերթով ապահովուած է հայրենիք վերադառնալու անոնց անքակտելի իրաւունքը:

Թեհրանի եւ օդանաւի մէջ բոլորը ուղեւորները եղած են դիմակներով, օդանաւէն եւ օդակայանէն ուղեկցած են անոնց յատուկ կարգով, ոչ անհրաժեշտ շփումներ չունենալու համար:

Յայտնի է սահմանապահ ծառայութեան այն աշխատակիցը, որ ձեւակերպած է հիւնադին եւ անոր կնոջ մուտքը Հայաստան: Ի դէպ, սահմանապահները նոյնպէս եղած են դիմակներով եւ բժշկական ձեռնոցներով:

Այն ուղեւորատար մեքենաները, որոնցմով հիւանդը օդակայանէն տուն եւ տունէն հիւանդանոց եկած է` պիտի յայտնաբերուին, եւ անոնց վարորդները նոյնպէս պիտի մեկուսացուին: Մեկուսացուած քաղաքացիներուն համար պիտի ապահովենք բարձր մակարդակի հիւրանոցային, սակայն առանձնացուած պայմաններ: Ընդհանուր առմամբ այսօր պիտի մեկուսացուի մօտ 30 քաղաքացի:

Վարչապետը կը վստահեցնէ, որ բոլոր անհրաժեշտ նախաձեռնութիւնները կը ձեռնարկուին՝ ժահրի տարածը թոյլ չտալու համար։ Ժամը 12.00-ին առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ասուլիս պիտի տայ եւ յայտնէ այդ պահուն եղած տեղեկատութիւնը։

Ան կոչ կ՛ընէ պահպանել հանգստութիւն, վստահիլ միայն կառավարութեան եւ պաշտօնական մարմիններու կողմէ տարածուող լուրերուն, ինչպէս նաեւ կիրառել վարակի տարածումը կանխարգիլող` Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ խորհուրդ տրուող միջոցները: